Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն հաստատելու յայտարարութեան կապակցութեամբ

Յանուն Պետականաշինութեան ու Պետութեան Շահին

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն հաստատելու յայտարարութեան կապակցութեամբ

 29 Յունիս 2022-ին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Մելանի Ժոլի, ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարեց թէ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, Գանատան վերջապէս դեսպանատուն մը պիտի հաստատէ Երեւանի մէջ։

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը անմիջապէս ողջունեց սոյն յայտարարութիւնը, զայն որակելով որպէս երկար տարիներու տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք եւ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վարկանիշին ու շահին նպաստող դիւանագիտական կարեւոր զարգացում։

Երկար տարիներով սպասուող այս յայտարարութիւնը բնականաբար գոհունակութեան ու գնահատանքի մեծ ալիք բարձրացուց գանատահայութեան մօտ, որ աւելի քան երեսուն տարիներ ներկայացուցած էր սոյն պահանջքը Գանատայի պետութեան։ Բայց եւ այնպէս, հայրենի եւ սփիւռքեան կարգ մը շրջանակներ, տեղի եւ անտեղի հիմնաւորումներով սոյն յայտարարութիւնը ենթարկեցին տարատեսակ մեկնաբանութիւններու, նսեմացնելով սոյն որոշման էական կարեւորութիւնն ու արժէքը։

Հետեւաբար, որպէս գանատահայութեան հաւաքական կամքը ներկայացնող մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութիւն, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կու գայ հաստատելու թէ՝

  • Անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին ու նամանաւանդ Արցախեան աղէտալի պատերազմէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գանատական դեսպանտան մը հաստատումը եղաւ Հայ Դատի յանձնախումբի կարեւորագոյն ու մնայուն քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մին, բացարձակապէս հիմնուած ըլլալով գանատահայութեան երկար տարիներու պահանջքին ու բաղձանքին վրայ, առանց ոչ մէկ ուշադրութիւն կամ կարեւորութիւն դարձնելու տուեալ պահու իշխանութեանց, մանաւանդ՝ ՀՀ ներկայ ազգադաւ իշխանութիւններուն։

 

  • Գանատահայութեան պահանջքը գոհացնելէ անկախ, իր էութեամբ, սոյն գործընթացը միշտ ուղղուած էր ամրագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վարկանիշը ու պաշտնպանելու անոր պետական շահերը, առանց ուղղուած ըլլալու երրորդ կողմի մը։ Անկախ՝ Գանատայի իշխանութեանց կողմէ եղած յայտարարութեան քաղաքական ձեւակերպումներէն կամ այլ պետութեանց արձագանգներէն, Հայ Դատի յանձնախումբին համար բացարձակապէս անընդունելի է սոյն որոշումը օգտագործել որպէս բախման կէտ՝ Արեւելք-Արեւմուտք հետզհետէ վատթարացող պայքարին մէջ։ Ցանկացած նման մեկնաբանութիւն միայն կրնայ վնասել Հայասատանի պետական շահերուն։

 

  • Իբրեւ Գանատայի քաղաքացիներ, մեզի համար առաջնային է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային ու ժողովուրդէ ժողովուրդ յարաբերութիւններու էական զարգացումը, որ միայն կրնայ օգտակար դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերուն։ Այստեղ նաեւ հարկ է նշել մէկ այլ կարեւոր հանգամանք, թէ Գանատա այսօր Հարաւային Կովկաս մուտք կը գործէ Հայաստանի միջոցաւ եւ ոչ Ատրպէյճանի, ինչ որ ինքնին քաղաքական յստակ պատգամ է Պաքուին, մանաւանդ նկատի ունենալով որ Պաքուի հետ Գանատա ունի շատ աւելի շահաւէտ տնտեսական յարաբերութիւններ։

 

  • Վերջապէս, սոյն գործընթացի յաջողութիւնը անգամ մը եւս ապացոյց է՝ թէ Դաշնակցութիւնը եւ իր Հայ Դատի մարմինները, ըլլան անոնք հայրենիքի մէջ կամ այլուր, երբեք չեն գործած ինքնանպատակ, մշտապէս գերադասելով պետութեան շահը եւ հաստատօրէն հաւատալով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնն ու անոր շահը՝ մնայուն։

Հետեւաբար, վերահաստատելով վերոնշեալ կէտերը, կու գանք անգամ մը եւս վերանորոգելու մեր վճռակամութիւնն ու յանձնառութիւնը շարունակելու մեր առաքելութիւնը յանուն գանատահայութեան եւ ի սպաս մեր զոյգ պետականութեանց շահին ու վերելքին։

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

15 Յուլիս, 2022

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.