Հալէպի նահանգապետը այցելեց վերանորոգուող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի

 Այսօր առաւօտ, հրաւէրով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի և Ազգ. Իշխանութեան, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ այցելեց Հալէպի Ճըտէիտէ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ Սրբազան Հօրմէն տեղեկացաւ պատերազմի ընթացքին ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով եկեղեցւոյ կրած վնասներուն եւ թեմին կողմէ, հնագիտական եւ կրօնական կառոյցներու վերանորոգման օրէնքներուն համապատասխան իրականացուող բարեկարգումի մասնագիտական աշխատանքներուն։
 
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ աշխատանք կը տարուի եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներուն դիմաց կրկին բանալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս եկեղեցին պատմական ու մանաւանդ եզակի խորհրդանշական մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ աւելի քան 600 տարուան կեանք ունի։
 
Հալէպի նահանգապետը դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչները կրօնք չունին, եւ այնպէս ինչպէս Օմայատ մզկիթը քանդեցին, նոյնպէս ալ եկեղեցիները թիրախ դարձուցին՝ աւելցնելով որ բոլոր քանդուած կառոյցները պիտի վերակառուցուին եւ նիւթեղէն կառոյցներուն կողքին, հոգեպէս պիտի վերականգնի նաեւ մեր ժողովուրդը։ Այսպիսով է որ վերականգնումը ամբողջական պիտի ըլլայ։ Նահանգապետը շրջագայեցաւ նաեւ Պաուապաթ ալ Քասապի եւ Ճըտէիտէի շուկաները, զրուցեց տեղւոյն բնակչութեան եւ վաճառատուներու սեփականատէրերուն հետ, հետեւեցաւ վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կոչ ուղղեց առեւտրականներուն վերաբանալու իրենց վաճառատուները՝ խոստանալով որ նահանգապետարանը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օգնելու անոնց եւ բարելաւելու շրջանի պետական ծառայութեան ոլորտը։
Kantsasar

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.