Հալէպի մէջ ապահովական կացութիւնը թէժացած է

Հալէպի մէջ բռնկած զինուած բախումներուն հետեւանքով հալէպահայ համայնքի առօրեայ կեանքը խանգարուած է։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը, բախումներ վերսկսած են Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու մերձակայ շրջաններուն մէջ։

Աւելի կանուխ, նոյն աղբիւրը տեղեկացուցած էր, որ նահանգապետի որոշումով յունուար 7-ին Հալէպի բոլոր կրթական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան, իսկ պետական կառոյցները, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի հաւաքներն ու հանրային ձեռնարկները ժամանակաւորապէս արգիլուած են։

Նոյն որոշումներու ծիրին մէջ Հալէպի օդակայանը եւս կասեցուցած է իր աշխատանքը՝ առնուազն 24 ժամով։

Տեղեկութիւններու համաձայն, Հալէպի մէջ զինուած բախումներ կը շարունակուին քրտական «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժեր» կազմաւորման եւ Դամասկոսի իշխանութիւններուն ենթակայ ստորաբաժանումներուն միջեւ։ «ՌԻԱ Նովոստի»-ի փոխանցմամբ՝ բախումներուն հետեւանքով զոհուած է չորս անձ, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է երկու տասնեակը։

«Ընդհարումներու սահմանագիծին բնակող մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը տրամադրելի է եւ կրնան այնտեղ ապաստանիլ մինչեւ վիճակի կայունացումը։»,– նշուած է Բերիոյ հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Յունուար 5-ին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած է քրտական զինուած կազմաւորումները Սուրիոյ զինուած ուժերուն կազմին մէջ ներգրաւելու հարցը։ Քրտական կողմը յայտարարած է որոշ դրական տեղաշարժի մասին, սակայն ընդգծած է, որ մանրամասնութիւններու շուրջ հետագայ համաձայնեցում դեռ անհրաժեշտ է։