«Հալէպը սփիւռքի ծաղիկն է, զոր պէտք է պահել, ջրել, աճեցնել տեւաբար, վաղը կամ միւս օր անոր ընծայելիք բարիքները վայելելու համար». Լեւոն Շառոյեան (Բ. մաս)

Ստորեւ կը ներկայցնենք «Հորիզոն»-ի 2025-ի ամանորեայ բացառիկ թիւին մէջ լոյս տեսած Լեւոն Շառոյեանի հետ հարցազրոյցի Բ. մասը։


«Հորիզոն».- Դուք կը դասաւանդէք Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս, մէկը այն սակաւաթիւ հայագիտական հաստատութիւններէն, որոնք կը գործեն սփիւռքի մէջ. ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք զայն ներկայիս, եւ նման հիմնարկներ իսկապէս եւ գործնականօրէն կրնա՞ն սատարել հայ գիր-գրականութեան զարգացման եւ պահպանման:

Լ.Շ.- Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը կը պատկանի Համազգայինին։ Կը գործէ 1996-էն իվեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ան շուտով պիտի բոլորէ իր 30-ամեակը։ Ունի ծաւալուն ու համապարփակ ծրագիր մը, որ կը տարածուի չորս տարուան վրայ։ Դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենան ամէնօրեայ դրութեամբ։ Ի գործ կը դրուին կիսամեակի ու ամավերջի գրաւոր քննութիւններ, ուր յաջողութեան նուազագոյն չափանիշը 60 առ հարիւր է։ Վկայուելու համար կը պահանջուի պատշաճ աւարտաճառ՝ հրապարակային քննարկումով։

Իդէպ, Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին դերակատարութիւնը շա՛տ բարեբեր եղած է տեղւոյն վրայ։ Անիկա տուած է տասնեակներով շրջանաւարտներ, յաճախ` փայլուն ու ի՛սկապէս որակեալ։ Այսօրուան դրութեամբ, Հալէպի հայկական վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անցեր է այս հիմնարկէն։ Այլ խօսքով, ապահովուեր է բնական սերնդափոխութիւն մը՝ հակառակ 2011-ին ծայր տուած գաղթի մեծ ալիքին եւ գաղութին աստիճանական նօսրացումին։ Մեծ է թիւը Հայագիտականի այն շրջանաւարտներուն ալ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքեան հեռաւոր գաղութներու մէջ։

Քանի որ կը խօսինք հայագիտական հիմնարկի մը մասին, նպատակայարմար է որ բացատրենք «Հայագիտութիւն» բառը, որ բաւական լայնածիր հորիզոն մը կը բանայ մեր առջեւ։

Բառարաններու մէջ հայագիտութիւնը կը կոչուի նաեւ «հայկաբանութիւն», հայագէտը` «հայկաբան»։ Հայագիտութիւն ուսուցանող համալսարաններն ու հիմնարկները,- Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի,- կ’աւանդեն հայերէն լեզու, հայ գրականութիւն (հին, միջնադարեան ու արդի), հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն, եկեղեցագիտութիւն եւ յարակից ու առնչակից օժանդակ այլ դասանիւթեր։ Հետեւաբար, հայագիտութիւնը բովանդակ հայ մշակոյթին ու հայկական քաղաքակրթութեան դասաւանդումն է, զոր իւրացնելու համար՝ ուսանողէն կը պահանջուի լարուած հետաքրքրութիւն, մշտական պրպտումներ ու խորանալու պատրաստակամութիւն։

Հայագիտական ուսմանց մէջ մի՛շտ ալ պատուոյ տեղ գրաւած է լեզուն՝ իր քերականութեամբ եւ ուղղագրական կանոններով։

Հայագիտական հիմնարկէ որեւէ շրջանաւարտ ենթադրելի է որ ունենայ գիտելիքներու որոշ ու տրամաբանական պաշար մը, զոր ձեռք բերած կ’ըլլայ իր ուսանողութեան տարիներուն։ Շրջանաւարտը ո՛չ միայն ընտելացած ու մտերմացած կ’ըլլայ արդէն մեր գրականութեան ու լեզուին առնչուող ինչ-ինչ երեւոյթներու հետ, այլեւ՝ անտեսանելի շողեր փոխ առած կ’ըլլայ իր ուսուցիչներէն։ Հայագիտական նիւթերու ամէն մէկ դասախօս, անպայմա՛ն, իր մտաւորական յատկութենէն ցոլք մը, ըմբռնում մը, աշխարհայեացք մը, տեսիլք մը փոխանցած կ’ըլլայ իր ուսանողներուն։ Ճիշդ այս տեսակէտով ալ, դասախօսական կազմին որակը կրնայ էական դեր խաղալ ուսանողներու ընդհանուր որակին վրայ։

Ու չկարծենք որ ամէն ինչ իր լիակատար աւարտին հասած կ’ըլլայ շրջանաւարտութեամբ։ Ո՜չ։ Վկայականներու բաշխման օրը (նկատի ունիմ մի՛շտ հայագիտական հիմնարկի մը վկայականը), խորքին մէջ, ՍԿԻԶԲԸ պէտք է ըլլայ նոր ու աւելի երկարատեւ ճամբու մը, որուն անունն է ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹ։ Վկայականը հիմնաքար մըն է միայն, որուն վրայ դեռ պէտք է շարել բազմաթիւ աղիւսներ…։ Պատէն կախուած ո՛չ մէկ վկայական վերջնական ապացոյց է՝ թէ ենթական լաւ հայագէտ մըն է։ Հայագիտութիւնը, կամ աւելի համեստ բնորոշումով մը՝ հայերէնագիտութիւնը, պէտք է ապացուցուի գործո՛վ։ Դպրոցի մը մէջ շահուած ուսուցչական լաւ անուն մը, սրահներու բեմերէն արտասանուած որակեալ բանախօսութիւններ, թերթերու մէջ գեղեցիկ հայերէնով ստորագրուած բովանդակալից յօդուածներ ապացոյց են, թէ ենթական տոկուն ու վստահելի հայագէտ մըն է։

Հայագիտական հիմնարկէ շրջանաւարտի մը առջեւ բաց է գործունէութեան եւ աշխատանքի անհո՜ւն դաշտ մը։ Չմոռնանք, որ սփիւռքի տարածքին մեր բոլոր գաղութներն ալ կը տառապին հայերէնագէտի պակասէ։

Ամէն բանէ առաջ՝ ուսուցչական ասպարէ՛զն է որ թեւ պիտի բանայ Հայագիտականի շրջանաւարտներուն։ Սփիւռքի բոլոր դպրոցներն ալ կարիքը ունին արեւմտահայերէն (նաեւ կրօն ու հայոց պատմութիւն) դասաւանդող որակաւոր ուժերու։ Յետոյ՝ հայ մամուլը։ Մամուլը, մեր օրաթերթերն ու շաբաթաթերթերը, ամսագրերն ու պարբերաթերթերը կարիքը ունին որակեալ խմբագիրներու, սիւնակագիրներու, լրագրողներու, թղթակիցներու, սրբագրիչներու։ Մեր թերթերը եթէ այսօր կը տառապին բազմաթիւ խոցելի երեսներէ, միա՛կ պատճառն այն է՝ որ իրենց գլխուն վերեւ չունին հայագէտ խմբագիրներ։ Ու այս երեւոյթը անընդունելի է (երեւակայե՜լ ֆրանսատառ թերթ մը, որուն խմբագիրը լաւ ֆրանսերէն չի գիտեր…)։ Իսկ մասնագէտները ուրկէ՞ պիտի գան, եթէ ոչ՝ հայագիտական հիմնարկներէ։

Հայագիտական հիմնարկներէ շրջանաւարտները, քիչ-քիչ, կրնան դարմանել այս երեւոյթները։ Բայց պայման է որ Հայագիտականի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք մշակէ, ինքզինք զարգացնէ՝ տեւական եւ անդուլ ընթերցումով։ Ընթերցումներ՝ մեր հարուստ գրականութենէն, առօրեայ ընթերցումներ՝ մեր մամուլէն, ընթերցումներ՝ պատմական, բանասիրական, յուշագրական մատենաշարերէ։ Ո՛չ մէկ շրջանաւարտ կրնայ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ու ՏԻՐԱԿԱՆ անուն շինել, եթէ բաւարարուի ուսման տարիներուն իր ստացածով, որուն մէկ մասը ցնդած կ’ըլլայ ինքնաբերաբար…։

Գիրքն ու թերթը մնայո՛ւն ներկայութիւն պէտք է ըլլան հայագէտին սեղանին վրայ։

Տեսէ՛ք։ Սփիւռքի տարածքին մենք ունինք մօտաւորապէս 130 հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ, սակայն ասոնց դիմաց հազիւ 2-3 հայագիտական հիմնարկներ կը գործեն։ Կայ Հալէպինը, կայ Անթիլիասինը, կայ Մոնրէալի Համազգայինի նորահաստատ հայերէնագիտական դասընթացքը։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը առաւելաբար կը ծառայէ ի՛ր գաղութին։

Աչքի առջեւ ունենալով սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու տեղաբաշխումի մօտաւոր քարտէսը, գէթ հայագիտական երկամեայ լուրջ ծրագրով հիմնարկի (կամ ուսուցչանոցի) մը կարիքը ունին ամէնէն առաջ Փարիզը, Լոս Անճելըսն ու Պոլիսը։

Փարիզը կը պահէ հայկական ամէնօրեայ 4 վարժարան, իսկ Լոս Անճելըսը՝ 12։ Ֆրանսահայ ու ամերիկահայ մեր գաղութները,- փա՜ռք Աստուծոյ,- իրենց ծոցին մէջ ունի՛ն անհրաժեշտ տարրերն ու հարկաւոր նիւթականը՝ գլուխ հանելու համար նման կենսական ծրագիր մը։ Անոնք պէտք չէ տնտնան։ Իսկ Պոլիսը, որ առ այսօր իր ծոցին մէջ կը պահէ 15 հայկական վարժարաններ` մօտ 2660 աշակերտներով (կրթական նոր տարեշրջանի թիւն է այս), կ’ապրի հայերէնի ու կրօնի ուսուցիչներ ապահովելու սուր տագնապ մը։

Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ անկարելի է ակնկալել, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչ մը ինքնուս ըլլայ, ինքզինք մշակած ու կոփած ըլլայ սոսկ ինքնաշխատութեամբ, յարատեւ ինքնազարգացումով։ Երանի՜ այդպէս ըլլար…։ Անիրականանալի երազ մըն է ատիկա։ Երանի թէ մեր շուրջ տեսնէինք մանկամարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք 15 տարեկանէն սկսեալ արտակարգ ու հիասքանչ սէր մը կը սնուցեն հայերէնի նկատմամբ, շարունակ գրականութիւն կ’ընթերցեն, գրական ճաշակ մը կը զարգացնեն իրենց ներսիդին, հայ մամուլ կը կարդան ամէն օր, գրելու փորձեր կ’ընեն, երբեմն մեր մշակութային կեանքին մասնակցութիւն կը բերեն կարճ բանախօսութիւններով, ինքնաբուխ մերձեցումով կը սերտեն մեր լեզուին հիմնական քերականութիւնը, կ’աշխատին կատարելագործել իրենց բառամթերքը, ուշադիր են ուղղագրական ու կէտադրական օրէնքներու եւ այլն, եւ այլն։

Բայց ո՞ւր են այսպիսի համբուրելի տիպարներ…։ Չկա՛ն։ Ինքնուս Յակոբ Օշական մը պիտի չկրկնուի։ Անհետացա՜ծ սերունդի մը կը պատկանէր ան։

Հիմա ուրկէ՞ պիտի գան, ո՞ր ակութէն պիտի հասնին հայերէնաւանդ ուսուցիչները։

Ակնբախ իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի մեր հայկական երկրորդական վարժարանները (Պէյրութ, Հալէպ, Գահիրէ, Կիպրոս կամ Պոլիս), հայեցի կրթութեան ու հայագիտական ուսումնառութեան տեսակէտէ, այլեւս բոլորովին կորսնցուցած են իրենց երբեմնի փայլքը։ Հոնկէ շրջանաւարտ մը բացարձակապէս ի վիճակի չէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի ամպիոնին ետին կանգնելու…։ Չունի այդ պատրաստութիւնը։

Այնուհանդերձ, հայերէնաւանդ ապագայ ուսուցիչը պիտի գայ կամ կրնայ գալ մի՛միայն հոնկէ՝ հայ դպրոցէն։ Ուրիշ ո՛չ մէկ օճախ կրնայ կորիզը պատրաստել հայ ուսուցիչին։ Հայերէնաւանդ ուսուցիչին բեղմնաւորման միա՛կ արգանդը հայ դպրոցն է։

Բայց անհրաժեշտ է այդ կորիզը ուռճացնել, սնանել, շաղել, կոփել, յղկել՝ որպէսզի պատրաստ ըլլայ ան հայերէնաւանդ ուսուցիչի քղամիդը իր ուսին առնելու ու դասարան մտնելու…։

Այս դժուարին գործը,- առաքելութի՛ւնը,- վիճակուած է հայագիտական հիմնարկներուն։ Եւ հոսկէ մեկնած՝ շեշտեցի արդէն ու անգամ մը եւս կը շեշտեմ, թէ անհրաժեշտ ու անյետաձգելի պահանջք մըն է երկամեայ կամ եռամեայ հայագիտական ամպիոններու հաստատումը սփիւռքի մեր հայահոծ գլխաւոր գաղութներուն մէջ։

Այս պահանջքը պէտք է դառնայ վարակիչ՝ համասփիւռքեան շարժումի մը վերածելով զայն։ Հայ Դպրոցը պէտք է ստանայ նո՛ր արիւն ու փոխակերպուի իսկակա՛ն ամրոցի։ Սահմանակից ու մերձաւոր գաղութներն ալ հարկ է որ օժանդակեն մէկզմէկու՝ մարդուժ փոխանակելով իրարու հետ ու փորձառութիւններ կիսելով այս մարզին մէջ։

«Հորիզոն».- Վերջերս Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ ձեր «Հերկ եւ բերք» գրադատական եւ վերլուծական հատորը. կրնա՞ք հակիրճ կերպով անդրադառնալ անոր բովանդակութեան:

Լ.Շ.- Ձեր այս հարցումը խորթ է ինծի, որովհետեւ ճիշդ պիտի չըլլայ, որ հեղինակ մը խօսի կամ պատմէ իր սեփական գիրքին մասին, մա՛նաւանդ ջանայ զայն արժեւորել…։ Աշխարհի վրայ կա՞յ խանութպան մը, որ իր ծախած մածունին համար «թթու է» կ’ըսէ…։

Եթէ «Հերկ եւ բերք» հատորին մասին պիտի խօսուի, խօսողը ես պէտք չէ ըլլամ, այլ` դո՛ւք, իբրեւ գրասէր ընթերցող կամ խմբագիր։ Հեղինակը կը գրէ, կը հրատարակէ երկ մը, իսկ գրական շրջանակներուն ու մամուլին պարտականութիւնն է այդ նորատիպ երկը ծանօթացնել հանրութեան` շնորհանդէսներու ճամբով կամ գրախօսականներու միջոցաւ։

Ահա ճի՛շդ այս սկզբունքէն մեկնած, շատ կանուխ մէկ տարիքէս, լծուեցայ նորատիպ գիրքեր կարդալու եւ զանոնք մամուլի ճամբով հանրութեան ծանօթացնելու աշխատանքին։

Հաւատացած էի,- եւ այսօր ալ կը պնդեմ,- որ սեփական գրականութիւն մը մշակելու ազնիւ աշխատանքին չափ կարեւոր է նաեւ ուրիշներո՛ւն գրականութեան մասին արտայայտուելու, ժամանակակից գրողներու վաստակը վերլուծելու, անոնց գիրքերը ծանօթացնելու աշխատանքը։ Ասիկա այլասիրական վեհ կեցուածք մը կ’ենթադրէ, քանի որ գրագէտը կամ գրչի սպասաւորը շատ գնահատելի բարեացակամութեամբ մը պիտի հակի իր սա կամ նա գրչեղբօր գործերուն վրայ, իր ժամանակն ու մտային ճիգը պիտի տրամադրէ նպատակի մը, որ, վերջին հաշուով, «ուրիշ»-ին օգտին է, «ուրիշ»-ին շահին կը ծառայէ…։

Շրջանի մը մէջ (90-ական թուականներ), երբ մեր մամուլին մէջ արդէն բաւական նուազեր էին գրախօսական յօդուածները, նորատիպ գիրքերու վերաբերեալ իմ գրութիւնները, ըստ երեւոյթին, ուշադրութիւն գրաւեցին ամէուրեք։ Ես զանոնք կը հրատարակէի Փարիզի երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին ձեռք բերի անշուշտ գրախօսելու որոշ հմտութիւն մը, ճաշակ մը, ուր կար գրախօսուող հատորը իր «սեւով ու ճերմակով» դիտարկելու պարկեշտ սկզբունք մը, որ կը գնահատուէր ընթերցողներէն թէ հեղինակներէն հաւասարապէս։ Եւ ահա, սկսա՜ն տեղալ նոր գիրքերը իմ հասցէին…։ Ծանօթ թէ անծանօթ հեղինակներ իրենց երկերը կը յղէին ինծի` սիրուն ու փայփայիչ մակագրութիւններով…։ Թաքուն ակնկալութիւն մը ունէին անշուշտ։ Կը ջանայի գոհացում տալ մա՛նաւանդ անոնց, որոնք գրական կամ մերձ-գրական ակնբախ արժէք մը կը ներկայացնէին։ Երբեմն, չէի վարաներ խստօրէն դատափետելու նաեւ այն միւսները, որոնց գործը թափթփած էր, լեզուականօրէն վիրաւոր, սխալագրութիւններով լեցուն եւ այլն։ Այս «խաչեալ» գիրքերու գրախօսականներէն փունջ մը տեղ գտած է «Հերկ եւ բերք»-իս առանձին մէկ գլուխին տակ, զոր կոչած եմ «Յարդանոցէն ներս», ակնարկելով Խաչիկ Դաշտենցի «Յարդը գնում է, ցորենն է մնում» նշանաւոր քերթուածին…։

Վերադառնալով գրախօսականներու նիւթին, կ’ափսոսամ որ այսօր մեր մամուլէն գրեթէ անհետացած է այդ բնագաւառը։ Գրախօսականներ չկան (կան գիրքերու համառօտ ներկայացումներ միայն)։ Է՜ր երբեմն, գրական հանդէսներու ու պարբերականներու մէջ պատույ տեղ կը գրաւէին գրադատական էջերը։ Հին »Բագին»-ները, «Շիրակ»-ները, «Նայիրի»-ներն ու «Սփիւռք»-ները լեցուն են այդպիսի սիւնակներով։ Առանձնապէս տպաւորուած եմ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի «Անի« ամսագրին մէջ (Պէյրութ, 1946-1955) նոյնինքն խմբագիրին կողմէ գրի առնուած գրախօսականներէն, որոնք յետոյ մէկտեղուեցան անջատ երեք հատորներու մէջ` «Բերքահաւաք» խորագրով։ Դպրոց մը կրնան ըլլալ այդ հիանալի վերլուծումները` «գրախօսական» գրելու ցանկութիւն ունեցող երիտասարդ ու նորահաս գրիչներուն համար։

«Հորիզոն».- Անկէ առաջ, 2022-ին, նոյնպէս Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ ձեր «Գրականաշունչ պտոյտ՝ Այբուբենի տառերուն հետ» գիրքը, որ կը բովանդակէ ուղղագրական կանոններ, բառագիտութիւն եւ կէտադրութիւն. ինչո՞ւ այս գիրքը, ինչո՞վ կը տարբերի մեր աւանդական քերականութեան գիրքերէն:

Լ.Շ.- Իմ այս գիրքը ծնունդ առաւ սուր պահանջքի մը իբրեւ հետեւանք։

Շուրջ 30 տարիէ կ’ուսուցչագործեմ Հալէպ եւ շա՛տ լաւ կը ճանչնամ մեր պատանի դպրոցականները` իրենց գործածած մայրենի խոցելի լեզուով (ներառեալ` ոչ-սահուն ընթերցանութիւնը) ու մա՛նաւանդ ուղղագրական շշմեցնող սխալներով…։

Այսօր, դպրոցներու մէջ անթերի ուղղագրութեամբ 8-10 տող գրող մէ՛կ աշակերտ իսկ չէք գտներ…։ Կացութիւնը ողբալի է։

Ես կը գիտակցիմ անշուշտ, որ արեւմտահայ դասական ուղղագրութիւնը ունի իր դժուարութիւնները, որոնք արդիւնք են այբուբենի բաղաձայն շարք մը գիրերու նմանահնչիւն ըլլալէն։ Զորօրինակ, ունինք բեն եւ փիւր, դա եւ թօ, ռա եւ րէ, ձա եւ ցօ, գիմ եւ քէ…։ Դեռ կայ ո-ի եւ օ-ի յառաջացուցած շփոթը, որ գրեթէ ամէն բառի դիմաց թակարդ մը կը լարէ մեզի…։

Ի՞նչ ընել, ուրեմն։

Որոշեցի պատրաստել ուղղագրական ուղեցոյց մը` ի մի խմբելով այն բոլոր օրէնքներն ու կանոնները, որոնք կարելի չափով կրնան ուղեցոյցի դեր կատարել ու նուազագոյնի իջեցնել հայ դպրոցականին կամ հայ անհատին ուղղագրական ընթացիկ սխալները։

Բայց ես դասական տիպի քերականութեան կամ ուղղագրութեան գիրք մը չէ որ պատրաստեցի, այլ գերազանցապէս ընթերցանութեան գիրք մը։ Հատորին խորագիրը պերճախօս է արդէն. «Գրականաշունչ պտոյտ` այբուբենի տառերուն հետ»։ Այսինքն, ընթերցումի ու գրական նիւթերու շուրջ պտոյտի մը զուգահեռ` ուղղագրական կանոններու հանրամատչելի եւ դիւրին ուսուցում մը…։

Գիրքը, իսկապէս, մատչելի է բոլոր տարիքներուն համար։ Նաեւ` լի է գրական, բառագիտական ու պատմական անհամար տեղեկութիւններով, որոնք տեղ գտած են տողերու եւ հատուածներու արանքին։ Աւելի քան 15 էջ ալ, առանձին գլուխով մը, յատկացուած է հայերէն լեզուի կէտադրութեան եւ անոր օրէնքներուն։ Կէտադրութիւնը եւս, ինչպէս գիտէք, մեր դպրոցականներուն կողմէ ընդհանրապէս անտեսուած է, եւ տղաքը չեն գիտեր, թէ ո՞ւր, ե՞րբ պիտի գործածուին բութն ու շեշտը, ստորակէտն ու պարոյկը…։

Այս գիրքը, որ լոյսին բերուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ, իմ սրտի տուրքն է մեր հնամենի ու քաղցր լեզուին, որուն պիտի շարունակեմ ծառայել աննահանջ, ամէն օր ներշնչուելով անկէ ու ամէն օր նոր խորհուրդ մը յայտնաբերելով անոր խորունկ յատակէն…։

Հարցազրոյցը Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանի

(Բ. մաս)

Ա. մասը կարդալ այստեղ։