Կրկնակի սրբադասո՞ւմ մը. Կոմիտաս վարդապետի երկակի սրբադասման աստուածաբանական տրամաբանութեան մասին

Գուցէ խորագիրը տարօրինակ հնչէ՝ Կոմի տաս վարդապետ կրկնակի սո՞ւրբ։ Բայց ինչո՞ւ չէ. մեր ժողովուրդը իր մեծանուն եր գահան, երգիչ, երաժշտական էթնոլոգ, ե րաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բա նահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայ կական ազգային երաժշտութեան տոհմիկ դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս վարդապե տը՝ «հայոց երգի վեհափառը», միաժա մանակ Հայոց ցեղասպանութեան տարա բախտ նահատակը այնքան կը սիրէ ու ա նոր գրական-մշակութային ժառանգութիւ նը այնչափ բարձր կը գնահատէ, որ զինք գերազանց գոհունակութեամբ ոչ միայն որպէս կրկնակի, այլեւ եռամեծ սուրբ մը ըլ լալու իրողութեամբ պիտի ընդունի։ Ար ժա՛ն եւ իրա՛ւ։

Այնուամենայնիւ գոյութիւն ունի աստուա ծաբանական տրամաբանութիւն մը, եւ ա ւելին՝ եկեղեցական օրինակարգ մը, որուն պիտի ուզէի անդրադառնալ ստորեւ։

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնէն ստացուած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 4–7 նոյեմբերին գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, ի թիւս այլ նիւթերու, քննարկած եւ որոշած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի վախճան ման 1700-ամեակին նուիրուած հոգեւոր, մշակութային միջոցառումների կազմակերպ ման եւ Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցի քննութեան նպատակով ձեւա ւորել յանձնախմբեր»։

Վերոգրեալ տեղեկութեան մէջ ուշադրութեան արժանի են ոչ միայն Ս. Գրիգոր Լու սաւորիչի վախճանման 1700-ամեակը նշելու ուղղութեամբ նախատեսուող միջոցա ռումները, այլեւ Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման համար ձեւաւորուող յանձնա խումբը։

Այս առթիւ պիտի ուզէի առ ի տեղեկութիւն ընթերցասէր հասարակութեան յայտնել, որ տակաւին 1994 թուականին, հովանաւորութեամբ Գանատահայոց առաջնորդարանի Քրիստոնէական ուսման եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին, Մոնթ րէալի մէջ հրատարակած էի ստուար ուսումնասիրութիւն մը «Գրական նշխարք Կոմի տաս վարդապետի բեղուն գրչէն» խորագրով։ Սոյնը ունէր նաեւ հետեւեալ ենթախո րագիրը՝ «Նպաստ մը Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին»։

Ակնյայտ է, որ հատորը մասնաւորաբար ուղերձ մըն էր Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին, որուն առիթ կ’ընծայէր անոր ծննդեան 125-ամեակը։ Հատորիս հեղինակը յառաջաբանին մէջ կը նշէ.

«Այսօր, երբ մեր հայրենիքը հոգեւոր-մշա կութային աննախընթաց զարթօնք մը կ’ապրի ու մեր Եկեղեցին լրջօրէն կը մտա ծէ Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու մասին, թող սոյն ձեռնարկը ըլլայ համեստ նպաստ մը այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն, անոր լուսապսակ կեր պարը աւելի լաւ ըմբռնելու եւ իր մենագրու թիւններուն ընդմէջէն տեսնելու վշտակոծ Վարդապետիս երկնաշնորհ մեծութիւնը»։

Առաջարկը սեթեւեթ ցանկութիւն մը չէր, այլ ունէր հոգեւոր-մշակութային, ինչո՞ւ չէ նաեւ համազգա յին համոզումի մը խորապատկերը՝ նկատի ունենալով այն փաստը, որ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետ արդէն իսկ սուրբ մըն էր, այլապէս կը մնար Հայ եկեղեցիին կողմէ անոր պաշտօնական սրբադասման իրա կանացումը։

Արդարեւ, ընդամէնը տարի մը ետք, երբ 3–5 ապրիլ 1995 թուականին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովը, հոն բերուած քանի մը տասնեակ առաջարկներուն մէջ տիար Արթօ Պասմաճեան Գանատահայոց պատգա մաւորներուն եւ թեմին անունով հանգամանօրէն ներկայացուց Կոմիտաս վարդապե տի սրբադասման հարցը։

Առ այս անհրաժեշտ համարեցի 2013 թուականին հրատարակելու ուրիշ հատոր մը «Հայ եկեղեցին եւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցը» խորագրով, որ միաժա մանկ ունէր՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» ենթախորա գիրը։

Սոյն հատորի վերջաւորութեան առաջարկած էի յիշատակութեան բանձեւ մը՝ ըսելով.

«…Որքան հանգիստ եւ լուսաւոր պիտի ըլլային Ապրիլեան մեր նահատակնե րուն հոգիները, եթէ օր մը, թերեւս մօտ ապագային, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Հայ եկեղեցւոյ խորաններէն եւ ազգիս սրբազան բեմերէն տարուէ տարի 24 Ապրիլին հնչէր նուիրական՝ Սրբոցն Կոմիտասայ վարդապե տին եւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակացն ազգիս հայոց… յիշատա կութիւնը»։

Սակայն, դժբախտաբար, մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ զանազան իրադար ձութիւններու բերումով Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու այս կարեւորագոյն հայ ցագիրը բարձի-թողի եղաւ։ Ուրեմն ամբողջ երեք տասնամեակ էր պէտք, որպէսզի հար ցը,– ափսոս, վերահասու չեմ անոր իսկական դրդապատճառին կամ ԳՀԽ-ի ժողովին մէջ նիւթը բարձրաձայնողին մասին,– կրկին վերատեսութեան ենթարկուէր եւ որոշում տրուէր «ձեւաւորելու յանձնախմբեր» Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու նպատա կով։

Նախաձեռնութիւնը, անտարակոյս, ողջունելի է։ Սակայն հարց պէտք է տալ. չէ՞ որ 23 ապրիլ 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռ նարկներու շարքին, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպա նութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասման հռչակագրին մէջ ըսուած է.

«Ամենասուրբ երրորդութեան շնորհաբաշխ զօրութեամբ, Տէր Յիսուս Քրիստո սից տրուած եւ Հայաստանի լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաք եալներից փոխանցուած իշխանութեամբ, Սուրբ Աստուածամօր, Հայոց երկ րորդ լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորի եւ ամենայն սրբերի բարեխօսութեամբ, եպիս կոպո սաց ժողովի որոշմամբ եւ մեր ժողովրդի քրիստոնէական կեանքի վկայու թեամբ սրբադասում ենք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներին»:

Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու սրբադասումը արդարացի եւ գերազանց ձեռնարկում մըն էր, որ ունէր ոչ միայն եկեղեցական, այլեւ համազգային կարեւորագոյն նշանակութիւն։ Ան կը ներառէ հայազգի բոլոր զոհերը՝ իրենց ազգային եւ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով մեզի յայտնի եւ անյայտ բովանդակ նահատակները՝ գիտութեան, մշակոյթի, հանրային կեանքի եւ եկեղեցական ասպարէզի անխտիր բոլոր գործիչները, որոնց շարքին կը դասուի նաեւ Կոմիտաս վարդապետ։

Նշուած համաթեքսթը միանշանակ կը յառաջացնէ հետեւեալ յարակարծութիւնը, որ ԳՀԽ-ը ձեւաւորելով յանձնախումբ մը՝ կը միտի կրկին սրբադասել արդէն 2015 թուա կանին Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ սրբադասուած Կոմի տաս վարդապետը։

Այլապէս, ԳՀԽ-ը նկատի ունենալով այն փաստը, որ Կոմիտաս վարդապետ իր մահկա նացուն կնքեց 1935 թուականին Փարիզի մէջ, զայն չի ներառեր Հայոց ցեղասպա նութեան նահատակներու մեծագումար հոյլին մէջ։ Այսինքն՝ ան ցարդ սրբադասուած չէ։ Ինծի կը թուի, թէ սոյնը ոչ-պակաս անսովոր յարակարծութիւն մըն է, քանի որ Կոմի տաս վարդապետ մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ 1915 թուականին Չանղըրը աքսորուած եւ հոգեպէս եղեռնագործուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան նա հատակ մըն է։ Ինչ փոյթ, թէ ան ֆիզիքապէս իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի Վիլ-Ժուիֆ արուարձանի հոգեբուժարանին մէջ 20 հոկտեմբեր 1935 թուականին, երբ անոր ստեղծագործական եռանդը խորտակուած, իսկ քնարը ընդմիշտ լռած էր մահախու ճապ աքսորէ վերադարձին։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրած հոգեւորական ներուն, գիր ու բանի երախտաշատ մշակ Թէոթիկ իր «Գողգոթա հայ հոգեւորականու թեան եւ իր հօտին։ Աղէտալի 1915 տարին» կոթողային աշխատութեան մէջ Կոմիտաս վարդապետի մասին կը վկայէ.

«Ամերիկեան դեսպան Մորկնթաուի բարեխօսութեամբ հազիւ կարելի եղաւ զինքը վերադարձնել Չանղըրիի իր աքսորավայրէն։ Բարեկամաց եւ աշակերտ ներու տեսութենէն գրեթէ զուրկ, Կոմիտաս վրդ. պատերազմի ընթացքին ապրե ցաւ Բերայի իր մենարանը, պարապելով իր մասնագիտութեամբ, առանց կարե նալու սակայն միտքէն վանել կրկին աքսորուելու մղձաւանջը, որ հուսկ ուրեմն ընկճեց զինք։ Խելագար եւ թշուառ վիճակի մէջ մնաց Շիշլիի Լա-Փէ հիւանդա նոցը, մինչեւ որ համակիրներ Զինադադարէն յետոյ փոխադրեցին զինք Փարիզ։ Խնամածու բժիշկներ ափսո՜ս որ թերահաւատ են դեռ իր ապաքինման մասին։ Այսպէ՛ս ահա տապալեցաւ հայ երաժշտութեան վերակենդանացուցիչ՝ այս հոյա կապ վարպետը թուրք բռնակալութեան սեւ թաթերուն տակ»3։

Բոլոր պարագաներուն բացատրութեան կը կարօտի, թէ ինչո՞ւ համար հաւաքական սրբադասումէ մը ետք անհրաժեշտ կը նկատուի իրականացնել յաւելեալ անհատական սրբադասում մը։ Եթէ այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուինք, ապա նոյնքան կարե ւոր պիտի դառնայ անհատաբար սրբադասել այն միւս բոլոր հաւատքի ու արեան նա հատակ եկեղեցականները, որոնք յականէ-յանուանէ վաւերագրուած են Թէոթիկի «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան» վերոնշեալ աշխատութեան մէջ։

Ոչ-պակաս արժանահաւատ հիմնաւորում է պէտք, թէ ԳՀԽ-ը ի՞նչ դրդապատճառնե րով կամ ինչո՞ւ համար վերջերս կայացած իր ժողովին մէջ որոշած է ձեւաւորելու յանձ նախումբ մը՝ Կոմիտաս վարդապետը անհատապէս սրբադասելու նպատակով։ Բա ցառուած չէ այսօրուան պետութիւն եւ եկեղեցի յայաբերութեանց լարուած իրավիճա կը, որու խորապատկերին վրայ նաեւ պէտք է մեկնաբանուի Մայր աթոռին կողմէ նա խաձեռնուած այս մարտավարութիւնը։

Բաց աստի, Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցը քննելու համար նշուած յանձնաժողովի ձեւաւորումը ցոյց չի՞ տար ԳՀԽ-ի կողմէ արհեստածին եռանդի մը դրսեւորումը։ Այնուամենայնիւ, հոս հարց կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք այս խթանը կապուած է Վատիկանի կողմէ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման հետ, եւ արդեօ՞ք ան չի կրեր եկեղեցական ներքին հակազդեցութեան կամ մրցակցութեան մը բնոյթը:

Ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, արդէն 23 ապրիլ 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանու թեան 100-ամեակին առթիւ Հայց. առաք. եկեղեցին հաւաքաբար սրբադասեց Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը։ Այս հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ անոր հետ առնչուած սրբադասման հռչակագիրը լայնօրէն կ’ընկալուէին, որ այսպիսով սրբադաս ուած են ոչ միայն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նահատակ անդամները, այլեւ այլ յարան ուանակից հայեր, մասնաւորապէս՝ հայ կաթողիկէ, աւետարանական, եւ ինչո՞ւ չէ՝ այլ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ առանց դաւանական խտրականու թեան։ Ի վերջոյ, մահու աքսորներուն եւ արիւնահեղձ կոտորածներուն ոչ ոքի խնայ ուեցաւ իր ունեցած դաւանական տարբերութեան համար՝ ո՛չ հայ առաքելականը, ո՛չ կաթողիկէն եւ ո՛չ ալ բողոքականը։

Այս խորապատկերին վրայ հարց կը յառաջանայ յատուկ նահատակներու լրացուցիչ, անհատական սրբադասման աստուածաբանական անհրաժեշտութեան եւ հովուական իմաստին շուրջ: Ուրեմն ինչո՞ւ համար է նոր, առանձնայատուկ սրբադասումներու այս ակնյայտ «կրկնապատկումը»։

Իգնատիոս արք. Մալոյեանի պարագային հարկ է նկատի ունենալ, որ անոր սրբադաս ման վերաբերեալ պաշտօնական դիմումն ու համապատասխան գործընթացը Վատի կանի մէջ ձեռնարկուած էր Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէ՝ աւելի վաղ շրջանին։ Իգ նատիոս արք. Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ 7 հոկտեմբեր 2001 թուականին, իսկ անոր սրբադասումը տեղի ունեցաւ վերջերս՝ 19 հոկ տեմբեր 2025 թուականին, Լեւոն ԺԴ. պապին կողմէ, որպէս տրամաբանական շարու նակութիւնը Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ աւանդաբար օրինակարգուած գոր ծընթացին։

Միեւնոյն է, որոշակի հարցեր բաց կը մնան ու արդարեւ կը կարօտին լուրջ վերլուծում ներու. արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կաթողիկէ եւ բողոքական մեր քոյրերն ու եղբայրները ներառուած են Հայց. առաք. եկեղեցիին կողմէ իրակա նացուած 2015 թուականի սրբադասման մէջ, թէ՞ անոնք դիտաւորեալ բացառուած են իրենց դաւանական տարբերութեան պատճառով։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ թէկուզ նահատա կութեան եւ կեանքի զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած հաւատքի վկայութեան պա րագաներուն յարանուանութիւնը առաջնահերթ նկատուի միեւնոյն քրիստոնէական կրօնէն եւ ազգային պատկանելիութենէն։ Այսպիսի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցեր արժանի են աւելի լուրջ եւ խորացուած աստուածաբանական մեկնաբանու թեան, եւ ամենեւին ճիշդ պիտի չըլլայ, որ անոնք ներազգային եւ միջեկեղեցական զգայ նութիւններէ մեկնելով թաքցուին մութ գզրոցներու մէջ։

Անդրադառնալով Կոմիտաս վարդապետը սրբադասելու հարցով ԳՀԽ-ի յանձնախումբ մը ձեւաւորելու վերաբերեալ որոշումին, պէտք է համոզուած ըսել, որ ան արդէն իսկ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան եւ անոր ջերմեռանդ ապրումներուն մէջ գերազանցօրէն սո՛ւրբ է իր օրինակելի վարքով, իր անմահ գործով եւ քրիստոնէական հաւատքի երանաշնորհ վկայութեամբ։

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ժընեւ, 8 նոյեմբեր 2025

Տօն յիշատակի սրբոց հրեշտակապետացն՝ Գաբրիէլի, Միքայէլի

եւ ամենայն երկնային զօրացն

*

1_ Օղլուգեան, Աբէլ, իմա՝ Մանուկեան, Աբէլ, «Գրական նշխարք Կոմիտաս վարդապետի բեղուն գրչէն։ Նպաստ մը Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցին», Մոնթրէալ, տպ. Ա. Տ. Մանավ եան, 1994, 236 էջ։

2_ Մանուկեան, Աբէլ, «Հայ եկեղեցին եւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցը։ Հայոց ցեղասպանու թեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ», տպ. Արազ, Պէյրութ – Ժընեւ, 2013, 88 էջ։ Նոյնը հրատարակ ուեցաւ նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ։ Տե՛ս Manoukian, Abel, New Saints, Canonizing the victims of the Armenian Genocide in the Armenian Church, Araz Printig Press, Beirut – Geneva, 2015, 80 pages.

3_ Հմմտ. Թէոթիկ, «Գողգոթա հայ հոգեւորականու թեան եւ իր հօտին։ Աղէտալի 1915 տարին», St. Vartan Press, Նիւ Եորք, 1985, էջ 12։