Կուսակցական Դպրոցի Կարեւորութիւնը
Աւօ Գաթրճեան
Դաշնակցութիւնը հայութեան անշօշափելի ուժերուն զարգացման, առողջութեան նուիրուած կուսակցութիւն մըն է գերազանցօրէն: Այս պատճառով ալ ան ոչ միայն ռումբ նետեր է, այլեւ գիրք գրեր է, կարդացեր է: Կառուցեր է զինարաններ, բայց չէ մոռցեր դպրոցը. զէնք է փոխադրեր, բայց գիրքը միասին է տարեր, մարտիկներ է կազմեր, բայց նաեւ մտաւորականներ, հերոսներ է տուեր եւ անոնց շարքին հերարձակ, գաղափարապաշտ հսկաներ մտքի ու մշակոյթի դաշտերէն ներս:
Գուրգէն Մխիթարեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան լուսաւոր եւ պողպատեայ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆէն, Հ․Յ․Դ․ հիմնադրութեան 130-ամեակին առիթով ինքնասրբագրումի, ինքնաքննադատութեան եւ հաշուետուութեան շրջածիրէն մեկնելով, կը կատարենք կարգ մը խորհրդածութիւններ:
2020 թուականին համաշխարհային փոփոխութիւններու լոյսին տակ, մանաւանդ ապագաղափարայնութեան ա՛յս դարուն, անհրաժեշտ է կուսակցութեան մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան վերանայում: Հաւաքական կամքով պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ կը շեշտուի կուսակցական դպրոցի կարեւորութիւնը:
Կուսակցական դպրոցի կարիքը կամ պահանջը կը զգացուի հիմնական երկու պարագային`
ա) գաղափարական անկումի մը հետեւանքով,
բ) առողջ սերնդափոխութեան եւ մարդուժի պատրաստութեան նպատակով:
«Կուսակցական դպրոց» հասկացութիւնը բացարձակապէս օտար չէ Հ․Յ․Դ․-ին համար: Յաճախ այս միտքը առաջ մղուած եւ իրագործուած է: Այդ պատճառով էր, որ անկրկնելի ընկեր Սերժ Թովմասեանը «Պարսկաստանի խորքից» 1969 թուականին կը մեկնի Պէյրութ` Հ․Յ․Դ․ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն հետեւելու համար:
«Դպրոց» բառը հին յունարէնի մէջ (σχολή, σχολά) «ժամանց, ուսումնական պարապմունք, դպրոց» բացատրութիւնը ունի, որ կրթական հաստատութիւն մըն է ընդհանուր կրթութիւն ստանալու համար: Լայն իմաստով` բառը կրնայ օգտագործուիլ որեւէ կրթական հաստատութեան անուանումին հետ, ինչպէս՝ երաժշտական դպրոց, գեղարուեստական դպրոց, մարզական դպրոց, զինուորական դպրոց, մարտարուեստի դպրոց եւ այլն:
Կուսակցական դպրոցը կուսակցական անձնակազմ (քատր) պատրաստելու նպատակով ծնունդ կ’առնէ:
Կուսակցական դպրոցը կուսակցական ղեկավար մարմիններու եւ փորձառու կազմեր պատրաստելու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն պէտք է հասկնալ: Կուսակցական դպրոցը, ըստ կարիքի, պէտք է ունենայ քանի մը բաժին, օրինակ՝ 2 բաժանմունք՝ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողներու եւ միջնակարգ կրթութիւն ունեցողներու:
Շատեր անմիջապէս կրնան հարց տալ, թէ ինչ կը նշանակէ այս, ինչ նպատակի կը ծառայէ, ինչ խնդիր կը լուծէ, երբ մենք ունինք մեր պատանեկան միութիւնները` իբրեւ «նախակրթարաններ», երիտասարդականները՝ իբրեւ «երկրորդականներ», իսկ ուսանողական միութիւնները՝ բնականաբար իբրեւ «համալսարաններ»:
Կուսակցական դպրոցը կուսակցութեան կայացման եւ առողջ սերնդափոխութեան գրաւականն է:
Մեկնելով Հ․Յ․Դ․ կուսակցութեան նպատակներէն, տեսլականի ամբողջական ներուժէն ու միջազգային կարողականութենէն` դպրոցի գաղափարը եւ համակարգը կը ծառայեն պատրաստելու 21րդ դարու գիտելիքներով, արհեստագիտութեամբ ու նորարարութիւններով օժտուած վերաորակաւորուած կուսակցականը, կուսակցական վեհ գաղափարի կրթութեամբ, ազգային ու կուսակցական արժէքներու խոր իմացութեամբ եւ առողջ մտածելու ու գործելու հմուտ շարքայինը:
Ան կու գայ այնպիսի ժամանակաշրջանին, երբ օրըստօրէ աւելի սուր կերպով կը շեշտուի գաղափարայնութեան բացակայութիւնը հասարակութեան մէջ, ընկերութեան մէջ նիւթապաշտական հակումները մեծ չափերու կը սկսին հասնիլ, անձնազոհութեան, հերոսութեան եւ հայրենասիրութեան սկզբունքները երկրորդ, երրորդ գիծ կը նետուին մարդոց արժեհամակարգին մէջ:
Դպրոցի ծրագրին մէջ անհրաժեշտ է, որ ընդգրկուին ու դասաւանդուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան պատմութիւնը ամբողջութեամբ՝ կանոնագիրը, ծրագիրը իր էութեամբ ու խորքով, ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմունքները, կազմակերպական եւ ժողովական կանոնները, կուսակցական կառոյցը, ագգային-ազատագրական շարժումը, կուսակցութեան ռազմավարութիւնը եւ ընթացիկ քաղաքականութիւնը, քաղաքական նիւթեր, Հայ դատը եւ այլ նիւթեր:
Հաւատաւոր պատասխանատուներու շունչին տակ անհրաժեշտ է պատրաստել բարձրորակ ու գիտակից կուսակցական շարքայինը, որ ստացած ըլլայ գաղափարական-կուսակցական ընդհանուր դաստիարակութիւն:
Հոն կիրարկուին դաստիարակչական բծախնդիր ու սերտուած ծրագիրներ՝ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան պատմութեանն ու գաղափարական արժէքներուն ոչ թէ ծանօթանալու, այլ իւրացնելու համար:
Ամէն ջանք գործի լծել` անոնց միտքն ու հոգին դարբնելու այն ոգիով ու սկզբունքներով, որոնք կ’ամրապնդեն դաշնակցական գաղափարապաշտութիւնը, կը պատրաստեն այն գաղափարապաշտը, որ կը ձգտի հասնելու աւելի բարձրագոյն իտէալներու կամ շօշափելի տուեալներու, որ կը սիրէ մտքով եւ հոգիով յածիլ այնպիսի բնագաւառներու մէջ, որոնք հեռու են նիւթեղէն իրականութենէ:
Օգտագործել արդիական ամէն տեսակի մեթոտները, որոնց ազդեցութեան տակ կուսակցական շարքայինները դառնան գաղափարի նուիրեալներ եւ Հայ դատի զինուորեալներ` հեռու անհատապաշտութիւնէ:
Այս բոլորը մասնագիտական պատրաստուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, մանաւանդ կամքով եւ հաւատքով իրենց շինիչ արդիւնքը պիտի տան անկասկած: Այդտեղ լուրջ հետեւողականութեամբ, բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ ու լուրջ մօտեցումով կարելի պիտի ըլլայ խորանալ հոն տեղ գտած գաղափարներուն մէջ, եւ անոնցմով գեզինուած`դաշնակցականները պիտի դառնան մէկական երաշխիք ՀՅ Դաշնակցութեան ուժին ամրապնդման եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական նպատակներու իրականացման:
«Դրօշակ», թիւ 7 (1641), Յուլիս, 2020