ԿՈՉ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
2196
0
Սիրելի Գանատաբնակ Լիբանանահայ,
Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու: Գանատայի Տարածքի Հայ Կեդրոնները ձեռնարկած են 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը:
ինչպէս ﬕշտ, այս անգամ ալ կատարենք ﬔր ազգային պարտականութիւնը։
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ՛ՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐԵՆՔ
Ներկայացէք ձեր շրջանի Հայ Կեդրոնը, ձեզի հետ ունենալով Գանատական եւ Լիբանանեան Փաստաթուղթերը: Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Նոյեմբեր 20:
Արտերկրի լիբանանահայերը իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու համար կրնան արձանագ րուիլ՝ https://diasporavote.mfa.gov.lb
ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԵՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ։