Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեանը, Ըստ Էութեան, Կը Փորձէ, Ամէն Ինչ Խեղաթիւրելով, Յառաջ Ընթանալ»
Փաշինեանը որոշած է` պէտք է Թուրքիոյ հետ կարգաւորէ յարաբերութիւնները, իսկ Թուրքիան անընդհատ կը յիշեցնէ նախապայմաններու գոյութեան մասին. «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փաշինեանական մօտեցումներուն:
«Այս իշխանութիւնները Թուրքիայէն կը լսեն նոյն յայտարարութիւնները, բայց` կը հասկնան այլ բան: Փաշինեանը Թուրքիոյ հետ սկսած է գործընթացի մը, բայց նպատակը ի՞նչն է, յստակ չէ. չհասկնալու պարագային` անմեղութեան կարելի է վերագրել, բայց կան հիմքեր կարծելու, որ ասիկա դաւաճանական քայլ է, դաւադրութիւն: Փաշինեանը կը փորձէ ամբողջական պարտութեան եւ յանձնուողականութեան ենթարկել մեր երկիրը: Այս իշխանութիւնը, որ նոյն Թուրքիոյ դէմ պատերազմը պարտուած է, ցանկութեան պարագային ալ ի վիճակի պիտի չըլլայ պաշտպանելու Հայաստանի եւ հայութեան շահերը», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հիմքեր կան կարծելու, որ որոշակի հարցերու շուրջ այս իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են, իսկ հիմա թատերական ներկայացում է` ցոյց տալու համար, որ որոշակի գործընթացներ, այնուամենայնիւ, ընթացքի մէջ են:
Կ. Մանոյեան կ՛ըսէ, որ եթէ տեղի ունեցածներուն թիւ մէկ պատասխանատուն Փաշինեանն է, ապա թիւ մէկ մեղաւորը ո՞վ է: Փաշինեանը, ըստ էութեան, կը փորձէ, ամէն ինչ խեղաթիւրելով, յառաջ ընթանալ:
Անդրադառնալով այն լուրերուն, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ հանդիպումները չ՛ուզեր ունենալ որեւէ երրորդ երկրի մէջ, Մանոյեան ըսաւ. «Ռուսիոյ մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանակցութիւնները կէտի մը կրնան հասնիլ, որ արդէն պիտի վնասէ Ռուսիոյ շահերուն: Պարզ է` Ռուսիան պիտի նախընտրէր իր հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ այդ բանակցութիւնները ընթանան, որպէսզի կարենայ վերահսկել: Ռուսիան չ՛ուզեր իրադարձութիւնները զարգանան այնպէս, ինչպէս զարգացան 2008-2009 թուականներուն: Վստահաբար, եթէ երկու կողմերը առանձին խօսին, արդիւնաւէտ պիտի ըլլար, բայց ներկայ իրավիճակին մէջ խօսիլ արդիւնաւէտութեան մասին, սխալ է: Երբ Թուրքիան իր ուզածը պիտի ստանայ, երբ պիտի կատարուին Թուրքիոյ նախապայմանները, պարզ է` այս բոլորը մեր շահերէն չեն բխիր», ըսաւ Մանոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ իրադարձութիւնները այնպէս զարգացան, որ ներկայիս իշխանութիւնները, յանուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, պատրաստ ըլլան ընդունելու Թուրքիոյ յառաջ մղած նախապայմանները, ապա այդ նախապայմաններու ընդունումը ինչպէ՞ս պիտի ընկալուի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց, որ Թուրքիոյ նախապայմաններէն մէկը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը միջազգային օրակարգէն հանելն է, եւ Էրտողանի բանբերը յայտարարեց, որ այս բանակցութիւնները ամերիկահայ համայնքի քաղաքական օրակարգը կ՛ոչնչացնեն:
«Պարզ է, որ հարուած պիտի հասցուի հայութեան շահերու պաշտպանութեան, Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ պիտի տապալուի: Դժուար պիտի ըլլայ, քանի որ հայրենի պետութեան իշխանութիւնները ամբողջութեամբ այլ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, բայց այդ ալ կարելի է դիմագրաւել», եզրափակեց Կիրօ Մանոյեան: