ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԱՆ. «ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄՏԱՀՈԳԻՉԸ ՈՉ ԹԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒՄՆ Է, ԱՅԼ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԻԱ ՆԵՐԽՈՒԺԵԼՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՈՂ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ»

24 Դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամԲիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած էր Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսային շրջան ներխուժելու հաւանականութեան, եւ այս առումով շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգին: Այս հարցին շուրջ «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Կիրօ Մանոյեանի հետ.

«Գանձասար»- 24 Դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էիք, որ «Ամերիկեան զօրքերու դուրս բերումով քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող հայաբնակ շրջաններ ներխուժելու կարելիութիւն կը ստեղծուի Թուրքիոյ համար», ուստի վտանգուած կը համարէիք այդ շրջանի հայութեան ապահովութիւնը։ Ձեր այս մեկնաբանութիւնը սուրիացի շատ մը ընթերցողներուն մօտ ընդվզումի ալիք բարձրացուց եւ այնպէս մը հասկցուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը ԱՄՆ-ի Սուրիա ներխուժումը շրջանի քրիստոնեաներու ապահովութեան նպաստող երեւոյթ կը համարէ։ Ի՞նչ կը պատասխանէք ձեր դիտարկումը այս ձեւով մեկնաբանողներուն։

Կիրօ Մանոյեան- Ըստ էութեան, հարցը ոչ թէ ամերիկեան զօրքերու դուրս բերումով ստեղծուող իրավիճակն է, այլ՝ որեւէ զօրքի դուրս գալով Թուրքիոյ համար ստեղծուող կարելիութիւնը։ Այսինքն, եթէ այդտեղ ամերիկեան ուժերուն փոխարէն ըլլային Սուրիոյ պետութեան զօրքերը եւ կամ այլ՝ երրորդ պետութեան ուժեր, որոնց այդտեղ ներկայութեան պատճառով է, որ Թուրքիա ցարդ չէ ներխուժած Սուրիոյ այդ տարածքէն ներս, այդ ուժերուն շրջանէն դուրս գալով ստեղծուող իրավիճակը մեզի համար մտահոգիչ պիտի ըլլար, եթէ այդ դուրս բերումով կարելիութիւն  ստեղծուէր Թուրքիոյ առջեւ՝ ներխուժելու Սուրիա։ Կարծեմ այսքանը կը տեսնեն եւ կ՚ընդունին բոլորը։ Այլ խօսքով, եթէ Սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ այդ շրջանները, պարզ է, որ այդ փաստը ինքնին Թուրքիոյ առջեւ կ՚ըլլայ պատուար՝ Սուրիա չներխուժելու համար։ Բնականաբար, մեզի համար մտահոգիչը ոչ թէ ամերիկեան ուժերու դուրս բերումն է, այլ՝ Թուրքիոյ համար Սուրիա ներխուժելու ստեղծուող կարելիութիւնը։ Ի վերջոյ, Սուրիայէն դուրս պէտք է գան բոլոր այլ պետութիւններու զինուած ուժերը, որոնք Սուրիա չեն հրաւիրուած Սուրիոյ օրինական իշխանութեան կողմէ։

«Գ.»- ԱՄՆ Սուրիա ներխուժումէն տարիներ ետք, վերջերս կ՚որոշէ իր ուժերը հիւսիսային Սուրիայէն դուրս բերել: Այս քայլը, ձեր կարծիքով, ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծման արագացման ուղղութեամբ:

Կ.Մ.- Սուրիական տագնապը, դժբախտաբար, Սուրիան վերածած է տարբեր պետութիւններու մրցակցութեան, հակամարտութեան բեմին։ Ուստի այն ուժերը, որոնք ազդեցութիւն ունին սուրիական կողմերուն վրայ, անոնց դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ այնքան մեծ՝ որքան իրենց ազդեցութիւնն է. կ՚ենթադրեմ, որ գետնի վրայ զինուած ուժ ունենալը ընդհանրապէս կը մեծցնէ այդ ազդեցութիւնը։ Սակայն, հակառակը անպայման ճիշդ չէ. այսինքն՝ գետնի վրայ զինուած ուժ չունենալը ինքնաբերաբար չի նշանակեր ազդեցութեան բացակայութիւն։ Հետեւաբար, ամերիկեան զինուած ուժերու Սուրիայէն դուրս բերելը կրնայ պակսեցնել Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծումի գործընթացին վրայ, բայց այդ կրնայ եւս այդպէս չըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգներ փորձէ իր ազդեցութիւնը բանեցնել երրորդ պետութիւններու միջոցով։ Ընդհանրապէս, Սուրիոյ ներքին հարցերու լուծումը պէտք է վերապահուի բացառաբար սուրիացիներուն, առանց այլ պետութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութեան։ Սակայն, դժբախտաբար, այսօր իրավիճակը այնպէս չէ, որ սուրիական քաղաքական տարբեր ուժեր ինքնուրոյն ձեւով փորձեն իրենց հարցերը։

«Գ.»- Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն վրայ թրքական ուժերու շարունակուող կուտակումը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

Կ.Մ.- Այդ կուտակումը մեզի համար մտահոգիչ է, թէ՛ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, եւ թէ այդ շրջաններուն մէջ ապրող սուրիահայերու անվտանգութեան  դիտանկիւնէն։ Թուրքիա կը յայտարարէ, որ առաջին առիթով պիտի ներխուժէ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններէն ներս, եւ փորձէ դէպի հիւսիս-արեւելեան շրջան յառաջանալ։ Ան արդէն քանի մը տարի առաջ ներխուժեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններ եւ առ այսօր գրաւման տակ կը պահէ այդ շրջանները։

«Գ.»- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք թրքական գործօնին ներկայացուցած վտանգը Սուրիոյ ժողովուրդին ապահովութեան  եւ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման դիտանկիւնէն:

Կ.Մ.- Թուրքիոյ նկրտումները, իր շարք մը հարեւաններու հողերուն նկատմամբ, նորութիւն չեն։ Այսօր, Սուրիան, սուրիական հողերը Թուրքիոյ գլխաւոր թիրախն են։ Նկատի ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններու նոր-օսմանական քաղաքականութիւնը, որուն համաձայն պէտք է վերականգնի Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ժամանակին Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած, իսկ այսօր հարեւան երկիրներուն մաս կազմող տարածքներուն վրայ, պէտք է մտահոգիչ համարել թրքական գործօնը, որովհետեւ Թուրքիոյ  Սուրիա ներխուժումը երկարաժամկէտ նպատակներ ունի։ Իսկ անմիջականօրէն, պէտք է ենթադրել, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու տագնապի սկզբնական շրջանին ունեցած վարքագիծը կրնայ կրկնուիլ։ Այսինքն, կրկնել այն ինչ, որ Թուրքիա կամ իր հովանաւորութեան տակ գտնուող Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ շրջակայքին մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումները ըրին՝ կողոպտեցին սուրիացիներուն պատկանող գործարանները, գողօնը փոխադրեցին Թուրքիա, ապա՝ այդ տարածքները դարձուցին ռմբակոծումներու եւ բախումներու թիրախ, ինչ որ պիտի ենթադրէ նոր տեղահանումներ տեղւոյն բնակչութեան, նոր զոհեր, նոր մարդկային ողբերգութիւն։

«Գ.»- Կը հաւատանք, որ նման երեւոյթներուն դէմ կրնայ դնել ու պիտի դնէ, բնականաբար, սուրիական բանակը՝ իր դաշնակիցներուն գործակցութեամբ, վերահսկողութեան տակ առնելով Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը, գործակցելով տեղւոյն բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ:

Հարցազրոյցը վարեց

Զարմիկ Պօղիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.