Կը յիշե՛նք, կը պահանջե՛նք եւ Հայ Դատի պաշտպաններն ենք

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ապրիլ 24-ին Օթթաուայի մէջ թրքական դեսպանատան դիմաց կայացած բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի պատգամը։

Սիրելի հայրենակիցներ եւ Հայ Դատի հաւատաւորներ,

Այսօր, տասնամեակներու մեր աւանդութեան հաւատարիմ, մենք, գանատահայերս, դարձեալ հաւաքուած ենք հոս, ցոյց տալու որ մենք կա՛նք ու կը մնանք եւ պաշտպաններն ենք մեր դատին։

Այսօր սակայն, համայն հայութիւնը, ճակատագրորոշ ժամանակներու մէջ կ՚ապրի։ Հայոց Ցեղասպանութենէն 109 տարի ետք, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Արցախահայութիւնը։

2023 թուականի Սեպտեմբերի 19-ին, ատրպէյճանական բանակը ծանր հրետանիով եւ անօդաչու սարքերով լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի հանրապետութեան վրայ։ Յաջորդող օրերուն, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հերոսական մաքառումէն ետք, առանձին եւ անօգնական մնացած Արցախահայութեան պարտադրուեցաւ բռնի տեղահանումն ու հայրենազրկումը։

Այս իրադարձութիւններու նախօրեակին, բոլորս կը յիշենք, թէ ինչպէս Արցախահայութիւնը տասը ամիս դիմացաւ Պաքուի կողմէ պարտադրուած շրջափակման ու սովին։ Ատրպէյճանը Արցախի հայութեան սովասպանութեան ենթարկեց։ Այս նոյնպէս ցեղասպանութի՛ւն է։ Պարտադրուած Սովն էր ցեղասպանութեան աներեւոյթ զէնքը։

Ապա Արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ պատերազմով ու բռնագաղթով ու հազարամեակներով իր պապենական հողին վրայ կառչած Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները բռնի տեղահանուեցան եւ տարագրուեցան, այնպէս ինչպէս պատահած էր 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ։

Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ պատմութեան նենգափոխում եւ մշակութային ցեղասպանութիւն կը գործադրուի այսօր իսկ, այս պահուս, երբ կը ատրպէյճանցիներ կը սրբապղծեն Արցախի դարաւոր, վանքերը, եկեղեցիները, խաչքարերը, գերեզմանները, սրբավայրերը։ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ի սպառ ջնջելու մտադրութեամբ, կը կեղծեմ ու կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, յայտարարելով, որ Արցախը աղուանական է, իսկ հայկական քրիստոնեայ եկեղեցիները աղուանական։

Այսօր հաւաքուած ենք, հաստատելու, որ գանատահայութեան համար Արցախի հարցը փակուած չէ եւ մենք, գանատահայերս, մեր բոլոր համայնքային կառոյցներով, Հայ Դատի յանձնախումբերով, պիտի պայքարինք Արցախի բնիկ ժողովուրդի ազգային ինքնորշման իրաւունքին ի խնդիր։

Այսօր միասին ենք, միասին ուխտելու, որ իբրեւ ժառանգորդները ցեղասպանութենէն վերապրած մեր նախահայրերուոն, ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակենք եւ բոլորին պիտի յիշեցնենք որ մենք կը յիշե՛նք, կը պահանջե՛նք եւ պաշտպանն են Հայ՝ Դատին։

Մենք հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք եւ աւելի դժուարին պատմական ժամանակներու բովէն անցած ենք, սակայն միշտ յաղթահարած ենք ճգնաժամերը եւ վստա՛հ ենք, որ այս անգամ ալ, միասնաբար կը յաղթահարենք այս ճգնաժամը:

Անկախ այն իրողութենէն, թէ ինչպիսի համաշխարհային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններ կը պատահին՝ անկախ այն իրողութենէն թէ Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները ինչպիսի քաղաքական վարքագիծ կ՚ընտրեն, մենք անդրդուելի պիտի մնանք արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարին մէջ եւ հաստատագրելով այն փաստը, որ ողջ սփիւռքը համաձայն չէ այս վարչակարգի քաղաքականութեան հետ։

Օրեր առաջ, երբ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները պատմական մեր իրաւունքներն ու արդար դատը նսեմացնելու իրենց ելոյթը կը կատարէին հարցադրելով թէ կ՚ուզէք պատմակա՞ն Հայաստանը կամ իրական Հայաստանը, մենք գանատահայերս պատասխանը ունինք այդ հարցադրման։ Մենք ժառանագներն ենք Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, մենք ենք պաշտպանները մեր դատին, եւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները չեն ներկայացներ գանատահայութիւնն ու Սփիւռքահայութիւնը։ Ուստի մեր պատգամը Հայաստանի իշխանութիւններուն յստակ է. Մենք , գանատահայերս, մենք պաշտպաններն ենք մեր դատին եւ մենք յաւերժ զինուորներն են Հայոց դատին։

Մեզմէ իւրաքանչիւրին այսօրուան մարտահրաւէրն է աւելի շաղկապուիլ մեր համայնքի գործունէութեան ու կազմակերպութիւններուն եւ անշահախնդիր մասնակից դառնալ համայնքային միութենական աշխատանքներուն: Մեր գաղութներն ու հաստատութիւնները պէտք է ամուր մնան եւ հզօրանան այստեղ՝ Սփիւռքի մէջ, որպէսզի մենք հասնինք մեր ազգային նպատակներուն:

Եկէ՛ք այսօր վերստին ուխտենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ անվտանգութեան պատուարը հանդիսացող Արցախին եւ Արցախահայութեան համար յանձնառու պիտի ըլլանք եւ բոլորին մեր յստակ պատգամը փոխանցե՛նք, որ
Կը յիշե՛նք, կը պահանջե՛նք եւ Հայ Դատի պաշտպաններն ենք։

Comments are closed.