Կը միանանք ՀՅԴ Գերագոյն Մարնի փրկութեան ճանապարհային քարտէսին. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը
Նոյեմբեր 9-ին հրապարակուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան վրայէն անցած է արդէն շաբաթ մը ու անոր առթած ցնցումն ու յաջորդող իրավիճակը՝ օրէ օր կը դառնան աւելի ու աւելի ծանր ու պայթիւնավտանգ: Այս ամօթալի համաձայնագիրը ամէնէն մութ ու նուաստացուցիչ էջերէն մին պիտի մնայ մեր պատմութեան մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, անցնող տասնամեակներու մեր յաղթական երթը՝ գրչի մէկ հարուածով՝ յանձնեց անձնատուութեան փոսին: Այս համաձայնագրին յաջորդող՝ արդարացի ընդվզումի եւ դատապարտումի ալիքը տարածուած է ողջ հայաշխարհին մէջ: Մանաւանդ հայրենիքի մէջ՝ այդ ալիքը թափ հաւաքելով՝ կը պահանջէ Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի հրաժարականը, համաձայնական ու անցումային կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ վերջապէս՝ այդ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ՝ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ, որպէսզի միասնական ճիգերով ճշտուին յետ-պատերազմեան ճգնաժամէն դուրս գալու ելքերը: Այսու, կու գանք յայտարարելու որ կը միանանք այս ալիքին ու մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Գերագոյն Մարնի ներկայացուցիչին բերնով յայտարարուած փրկութեան ճանապարհային քարտէսին: Առաւել եւս՝ կոչ կ’ուղղենք ներկայ վարչակարգին՝ միանգամընդմիշտ դադրեցնելու ինքնարդարացման զուր փորձերը, իր ձեռագիրը հանդիսացող՝ ատելութեան ու պառակտման խօսքի տարածումը, որպէսզի երկիրը զերծ պահուի քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդող նեղ-կուսակցական սադրանքներէ: Այս հանգրուանին՝ կուսակցական որեւէ նկատառումէ գերիվեր է Արցախի փրկութեան պայքարը: Հայրենիքի ճակատագի’րն է նժարի վրայ:
-
Ամբողջատիրական վարչակարգ հաստատելու նկրտումները մերժելի՛ են ու պիտի մատնուին ձախողութեան։ անցնցում հեռացումը այս վարչախումբին՝ միակ ճամբան է պատուով դուրս գալու այս ստորնազգած իրավիճակէն։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ նաեւ այս օրերուն բողոքի հանրահաւաքներու ընթացքին ընդդիմութեան ղեկավարութեանց դէմ շղթայազերծուած հալածանքները եւ կը պահանջէ, որ յարգուին ժողովրդավարութեան տարրական օրէնքներն ու սկզբունքները։ Կը դատապարտե’նք նաեւ ժողովուրդին ազատ կամքն ու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը ճնշելու բոլոր կեղծ փորձերը։ Ամբողջատիրական վարչակարգ հաստատելու նկրտումները մերժելի’ են ու պիտի մատնուին ձախողութեան։ անցնցում հեռացումը այս վարչախումբին՝ միակ ճամբան է պատուով դուրս գալու այս ստորնազգած իրավիճակէն։
Պատերազմի սկիզբի օրերէն իսկ, չափակշռելնով կացութեան օրհասական վիճակը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն առաջնորդուեցաւ գանատահայութեան բոլոր ուժերը ի մի բերելու սկզբունքայնութեամբ ու համագործակցութեան ձեռք երկարեց բոլորին: Առաւել եւս՝ ընդհանուր զօրաշարժի ենթարկեց իր Հայ Դատի յանձնախումբերը, կոմիտէները, երիտասարդական, ուսանողական եւ ուղեկից միութիւնները։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերը 44 օր անդադար Գանատայի պետական տարբեր օղակներու մօտ բարձրացուցին հատու’ բողոքի ձայն ու իրազեկ պահեցին զանոնք գետնի վրայ հանգուծազերծուող իրադարձութիւններուն մասին: Այս արշաւն էր օրինակ, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղեց, որպէսզի առկախուին գանատական զինուորական սարքերու օգտագործումը Արցախի պատերազմին։
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի երիտասարդ սերունդը, ձեռք ձեռքի տուած գանատահայ համայն երիտասարդութեան հետ, ամբողջ 44 օր բողոքի հանրահաւաքներով ու ցոյցերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին ու հայ զինուորին։ Առաւել՝ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւնները տիւ եւ գիշեր աշխատանքի լծուած աջակցեցան Արցախին։ Գանատայի տարածքին համաժողովրդային զօրաշարժով միահամուռ լծուեցան Արցախի ի նպաստ համագանատական նուիրահաւաքի։
Հակառակ այս բոլորին՝ այս պահուս դէմ յանդիման ենք դառն անձնատուութեան փաստաթուղթի մը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը կրեն ամբողջական պատասխանատուութիւնը այս սահմռկեցուցիչ պարտուողական քաղաքական վարքագծին եւ պատմութեան դիմաց պիտի մնան՝ այդ խառանը կրելով իրենց ճակտին։ Հայրենի հողատարածքներու յանձնման գործընթացը գոյութենական սպառնալիք ու աղէ’տ է Հայաստանի ու Արցախի ազգային անվտանգութեան։
Այսօր, կու գանք մեր կարգին մեր խորին վշտակցութիւնները յայտնելու մեր նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի ամբողջ ընտանիքը, հաւաքաբար կը խոնարհի մեր հերոսներու սխրանքներուն ու գերագոյն զոհաբերութեան դիմաց ու կը յայտնէ որ այս հանգրուանին եւս՝ վճռականօրէ’ն կանգնած է Հայոց բանակին եւ զինուորներուն կողքին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին ի խնդիր: Մենք պատրաստ ենք այս հեռաւոր ափերէն, հայ ժողովուրդին սպառնացող թշնամական բռնարարքներուն ու ոտնձգութիւններուն դիմաց՝ ամէն գնով սատար ու նեցուկ հանդիսանալու հայրենիքին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, Գանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով՝ պիտի շարունակէ գործօն մէկ օղակը ըլլալ Արցախի համար մղուող ազատագրական յարատեւ պայքարին:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ