Կը դատապարտենք հայրենի հողերը յանձնելու ՀՀ իշխանութիւններու դաւադիր ընթացքը. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի նամակը ուղղուած ՀՀ իշխանութիւններուն

24 ապրիլ 2024ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին եւ անոր յանձնեց գանատահայ համայնքի ընդվզումը արտայայտող նամակ մը՝ ուղղուած Հայաստանի Իշխանութիւններուն։ Ստորեւ նամկի բովանդակութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը կը դիմաւորենք համահայկական ճգնաժամի մէջ։ 2023 թուականի Արցախի Հանրապետութեան կորուստէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, նոյնինքն արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը կազմակերպած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններու սահմանազատման քայլին կը դիմէ։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններու անձնատուողական վարքագիծը։
Կը դատապարտէ գործող վարչապետին կողմէ մեր ազգային այսօրուան իրականութեան մէջ «Պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» վտանգաւոր եզրոյթն ու հասկացութիւնը սփռելը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ մասնիկն է պատմական Հայաստանի եւ այնպէս ինչպէս Արցախն էր մէկ մասնիկը այդ պատմական Հայաստանին։ Իսկ մենք, գանատահայերս եւ Սփիւռքի այլ համայնքներ, անմիջական ժառանգներն ենք այդ պատմական Հայրենիքին, եւ այսօր պատմական մեր բնօրրանէն դուրս կը գտնուինք Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով։

Պետութեան ղեկավարը երբ կը հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական եզրէն եւ զայն կը փոխարինէ «Մեծ Եղեռն»ով՝ անդառնալի հարուած կը հասցնէ պահանջատիրութեան տասնամեակներու պայքարին եւ ձեռքբերումներուն, կը նսեմացնէ հայոց արդար դատը, կամակատար կը դառնայ եղեռնագործերուն եւ մէկ խօսքով ուրացման համազօր նախափորձ կը կատարէ իր իսկ ազգի պատմութեան հանդէպ։

Գործող իշխանութեանց նման գործունէութիւնը պիտի արձանագրուի Հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ որպէս դաւաճանութեան, ուխտադրժութեան ու անձնատուութեան անագորոյն դրսերում։

Մենք Արցախի, Տաւուշի եւ համայն հայութեան կողքին ենք։ Կրկին անգամ կը դատապարտենք հայրենի հողերը յանձնելու եւ զիջելու ՀՀ իշխանութիւններու պարտուողական ու դաւադիր այս ընթացքը եւ կու գանք հաստատելու, որ որպէս ժառանգները Պատմական մեր հայրենիքին, այսօրուան եւ վաղուան յաջորդական սերունդներով վճռած ենք անվհատ շարունակել մեր պայքարը՝ մինչեւ մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացումը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

 

Comments are closed.