ԿԸՀ-ն «հաստատեց» ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները․ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը դուրս մնաց խորհրդարանէն

ԵՐԵՒԱՆ․ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին հրապարակած է յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, որոնց համաձայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 726,819 քուէ կամ 49.7456 առ հարիւր, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 340,006 քուէ կամ 23.2710 առ հարիւր, «Հայաստան» դաշինքը՝ 144,983 քուէ կամ 9.9231 առ հարիւր, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 58,287 քուէ կամ 3.9893 առ հարիւր՝ չյաղթահարելով խորհրդարան մուտք գործելու համար անհրաժեշտ 4 առ հարիւր շեմը։

ԿԸՅ-ի նիստին զուգահեռ ընդդիմադիր ուժերը բողոքի հաւաք կազմակերպած են յանձնաժողովի շէնքին դիմաց՝ պահանջելով չեղարկել ընտրութիւններու արդիւնքները եւ նշանակել նոր ընտրութիւններ։ Ցոյցին մասնակցած են «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի, «Հայաստան» դաշինքի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները։

Նիստի մեկնարկէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ քարտուղար եւ ԲՀԿ-ի պատգամաւորական թեկնածու Իվետա Տոնոյեան յայտնած է, թէ հարցը միայն կուսակցութեան 4 առ հարիւր շեմը յաղթահարելը չէ, այլ ամբողջ ընտրական գործընթացի օրինականութեան վերաբերող լուրջ խնդիր։ Ան նշած է, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի «մանդատագողութեամբ» կամ «ձայնագողութեամբ» անտեսելու քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքը։

Բողոքի հաւաքի ընթացքին ընդդիմադիր գործիչները յայտարարած են, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անոնց նախորդած ժամանակաշրջանին արձանագրուած են «համակարգուած եւ համատարած ընտրախախտումներ»։

Միեւնոյն ժամանակ Վարչական դատարանը ուշ գիշեր մերժած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի դէմ ներկայացուցած երկու հայցերը։ Սակայն, ըստ Իվետա Տոնոյեանի, դատաւոր Արթուր Աւագեան իր որոշման մէջ արձանագրած է խախտումներու առկայութիւնը եւ վերաքուէարկութիւն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։

Այս շաբաթ ընտրատարածքային յանձնաժողովներու մէջ կատարուած վերահաշուարկներու արդիւնքով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին արձանագրուած էր 147 լրացուցիչ քուէ։ Սակայն այդ աճը ամբողջութեամբ չէզոքացաւ, երբ 35/65, 10/51 եւ 12/13 ընտրատեղամասերու քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանաչուեցան եւ կուսակցութիւնը կորսնցուց եւս 222 քուէ։