Կեղծ Անուններ՝ Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Փաշինեանի Թեկնածուի Նուիրատուներու Ցուցակին Մէջ
319
0
Յարութ Սասունեան
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հինգ տարի շարունակ հպարտացած է ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան արդար վարքագիծին համար՝ մեղադրելով նախկին ղեկավարները կեղծ ընտրութիւններ գործադրելու մէջ: Ինչպէս կ՛ըսէ առակը՝ «Ապակիէ տուներու մէջ ապրող մարդիկ պէտք չէ քարեր նետեն»:
Փաշինեան օգտագործած է իր կառավարութեան զգալի աղբիւրները՝ տեղական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին իր քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ անարդար առաւելութիւն ձեռք բերելու համար: Այսուամենայնիւ, որոշ ընդդիմադիր թեկնածուներ ընտրուելէ ետք կը հեռացուին՝ Փաշինեանի կողմնակից դատաւորներու կողմէ ձերբակալուելէ, դատուելէ եւ բանտարկուելէ ետք:
17 Սեպտեմբեր 2023ին, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները Փաշինեանի կուսակցութեան կողմէ իրականացուած կեղծիքներու վերջին օրինակն է։ Իշխող կուսակցութիւնը քննադատելու համարձակութեան համար՝ իրեն կուսակից Հայկ Մարութեանը քաղաքապետի պաշտօնէն հեռացնելէ ետք, Փաշինեան որոշած էր զայն փոխարինել նախկին փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանով։
Փաշինեանի աջակիցները դրամահաւաքի սովորական հնարքի դիմած էին, հասարակութեան կողմէ քիչ աջակցութիւն վայելող Աւինեանը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին հասցնելու համար: Հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ իրենց նպատակին հասնելու համար, անոնք խորհրդաւոր մարդոցմէ կեղծ անուններով հաւաքած են աւելի քան մէկ միլիոն տոլար, նախընտրական արշաւի ընթացքին։
Infocom.am-ի լրագրողները կապ հաստատած են նուիրատուներու ցուցակին մէջ յայտնուած անուններով մարդկանց հետ եւ պարզել, որ անոնցմէ ոմանք կեղծ են։
Գայթակղութիւնը կը սկսի անկէ, որ Փաշինեանի աջակիցը վերցուցած է ընկերուհիին ինքնութիւնը հաստատող քարտը՝ օգտագործելով անոր անունը՝ օրէնքով թոյլատրուած առաւելագոյն գումարը՝ 2.5 միլիոն դրամ (6200 տոլար), Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նուիրելու համար։ Այս կնոջ ինքնութեան քարտը օգտագործուած է իրական նուիրատուին անունը ծածուկ պահելու համար։ Նրան տեղեակ չէին պահած, որ ան ընդգրկուած է իբրեւ Փաշինեանի կուսակցութեան խոշոր նուիրատու։ Խարդախ գործարքը տեղի ունեցած է 31 Յուլիս 2023ին՝ քանի մը ժամ առաջ նոյն երեկոյեան տեղի ունեցած դրամահաւաքէն, որուն ընթացքին Փաշինեանի կուսակցութիւնը կը պնդէր, որ 987 նուիրատուներ հաւաքած են աւելի քան մէկ միլիոն տոլար (506 միլիոն դրամ), աւագանիի ընտրութիւններու համար։
Ի պատասխան լրատուական միջոցի հարցումին՝ Փաշինեանի կուսակցութիւնը մերժած է հրապարակել նուիրատուներու անունները։ Միայն «Տեղեկատուական ազատութեան կեդրոն» կազմակերպութեան կողմէ դատական հայց ներկայացնելէ ետք, կուսակցութիւնը 12 Յունուար 2024ին հրապարակեց կեղծ անուններով նուիրատուներու ցուցակը։ Ցուցակին մէջ ընդգրկուած էր 996 անուն, որոնք արշաւին նուիրած էին մօտաւորապէս 1.3 միլիոն տոլար (509 միլիոն դրամ)։
Իբր թէ 2.5 միլիոն դրամ նուիրող կինը տեսնելով իր անունը նուիրատուներու ցուցակին մէջ, խիստ վրդոված է։ Infocom.am կապ հաստատած է նուիրատուներու ցուցակի այլ անուններուն հետ: Անոնցմէ շատեր զարմացած էին, որ իրենց անունները օգտագործուած են իբրեւ քաղաքական արշաւի նուիրատուներ: Նուիրատուներու 87 տոկոսը նշուած է մէկ միլիոն դրամէն աւելի նուիրատու, որոնցմէ 70 տոկոսը (140 ֆիզիքական անձ)՝ առաւելագոյնը 2.5 միլիոն դրամ: Մեծ նուիրատուներու շարքին էին իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան աւագանիի 88 թեկնածուները:
Infocom.am բացայայտած է, որ ամենամեծ նուիրատուները եղած են մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրերը, անոնց ղեկավարներն ու աշխատակիցները։ մեծ նուիրատուներէն ութն աշխատած են յայտնի մէկ ընկերութեան մէջ: Հաստատուած է, որ ատոր աշխատակիցները իրենց անձնական միջոցներէն չեն նուիրած, այլ ձեռնարկատէրերը վճարած են անոնց անուններով։ Քանի մը այլ մեծ գործարարներ նշուած էին իբրեւ առաւելագոյն գումար նուիրողներ։ Ցուցակին մէջ յայտնուած նուիրատուներու շարքին են նաեւ Երեւանի աւագանիի աշխատակիցներուն անունները։
Infocom.am կապ հաստատելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան տրամադրած ցուցակի նուիրատուներուն հետ, եզրակացուցած է, որ նուիրատուներու ցուցակի որոշ անուններ «առնուազն կասկածելի են։ Հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ կազմակերպուած մեքանիզմներով անյայտ ծագման դրամական միջոցներ ուղղուած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան դրամահաւաքին, երբեմն ալ՝ գործընթացէն հիմնականօրէն անտեղեակ քաղաքացիներու անուններով»։ Աւելի՛ն, քանի որ օրէնքը թոյլ չի տար նուիրատուութիւններու կանխիկ փոխանցում, Infocom.am Աւինեանի նախընտրական խումբի պատասխանատուներէն հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՛ս նուիրատուութիւնները կատարուած են դրամահաւաքի ժամանակ։ Անոնք պատասխանած են, որ «Հայէքոնոպանք»ի պաշտօնեաները, որոնք ներկայ եղած են, գումարը փոխանցած են կուսակցութեան հաշուեհամարին։ «Հայէքոնոպանք»ի բաժնետէրերու շարքին է նաեւ իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր, հանրայայտ սակաւապետ (օլիկարխ) Խաչատուր Սուքիասեան՝ յայտնի Գռզօ մականունով։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան փոխ նախագահ Վահագն Ալեքսանեանին Infocom.am յայտնեց, որ նուիրատուները, որոնց հետ կապ հաստատած են, ըսած են, որ նման նուիրատուութիւններ չեն ըրած։ Ալեքսանեան ճշդելու համար հարցուց այդ մարդոց անունները։ Երբ անոր ըսին, որ Infocom.am չի կրնար յայտնել անոնց անունները, Ալեքսանեան պատասխանեց, որ թերեւս իրենք ճիշդ մարդիկը չէ որ բացայայտած են։
Ըստ օրէնքի՝ կառավարութիւնը կրնայ ստուգել քարոզարշաւի դրամահաւաքը ընտրութիւններէն միայն ութ ամիս անց։ Օրէնքին մէջ կ՛ըսուի, որ մինչեւ ընտրութիւններուն յաջորդող տարուան Մայիս 31-ը կուսակցութիւնները իրենց ֆինանսական հաշուետուութիւնները պէտք է ներկայացնեն Հակափտախտային յանձնաժողովին:
Երբ Infocom.am հարցուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի՝ նուիրատուներու ցուցակը հրապարակելէն հրաժարելուն մասին, Յովակիմեան պատասխանեց. «Դուք քաղաքական ուժերուն կը վերաբերիք հաւանական յանցագործներու պէս»։
Ասիկա Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ժամանակ Փաշինեանի կուսակցութեան կատարած կեղծիքի բացայայտ պատկերն է։ Այսուամենայնիւ, ընտրութիւնները իշխող կուսակցութեան ակնկալած յաջողութեամբ չանցան։ Աւինեան քաղաքապետ ընտրուեցաւ, երբ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնց աւագանիին անդամները աւելի շատ էին, քան իշխող կուսակցութիւնը, չկրցան միացնել իրենց ձայները՝ քաղաքապետի սեփական թեկնածուն ընտրելու համար։
Այս է, այսպէս կոչուած՝ ժողովրդավարութեան տխուր պատկերը Հայաստանի մէջ: Շատ կը կասկածիմ, որ Հակափտախտային յանձնաժողովը որեւէ իրաւական գործողութիւն կը ձեռնարկէ Փաշինեանի կուսակցութեան դէմ, ընտրական օրէնքները խախտելուն համար:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.