Կարապետեան․ Խորհրդարան կամ փողոց՝ պիտի ընտրենք իշխանափոխութեան ամենաարագ ճանապարհը

ԵՐԵՒԱՆ․ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, թէ իր քաղաքական ուժը խորհրդարանական մանդատները պիտի ստանձնէ միայն այն պարագային, եթէ համոզուի, որ այդ ճանապարհով կարելի է աւելի արագ հասնիլ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռացման։

Հակակոռուպցիոն դատարանի մօտ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Կարապետեան նշած է, թէ եթէ խորհրդարանական պայքարը աւելի արդիւնաւէտ նկատուի, դաշինքը պիտի մտնէ Ազգային ժողով, իսկ եթէ փողոցային պայքարը աւելի արագ արդիւնք խոստանայ, պիտի ընտրուի այդ տարբերակը։

Ան վերահաստատած է նաեւ, որ իր համոզումով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ յաղթած ընտրութիւններուն եւ առաջարկած է կազմակերպել ընտրութիւններու երկրորդ փուլ՝ իշխանութեան օրինականութիւնը ամրապնդելու նպատակով։ Կարապետեանի խօսքով՝ միայն օրինական իշխանութիւնը կրնայ ապահովել Հայաստանի բնականոն զարգացումը։

Դաշինքի առաջնորդը տեղեկացուցած է, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով կամ անվաւեր ճանաչել ընտրութիւններու արդիւնքները եւ նշանակել նոր ընտրութիւններ, կամ կազմակերպել ընտրական երկրորդ փուլ։

Կարապետեան նաեւ խիստ քննադատած է ընտրական գործընթացը՝ նշելով, թէ այն ընթացած է ճնշումներու, ձերբակալութիւններու եւ ահաբեկման մթնոլորտի մէջ։ Ան յայտարարած է, որ դաշինքի բոլոր շրջանային համակարգողները կալանաւորուած են եւ շուրջ 780 անձ ձերբակալուած է ընտրական գործընթացին ընթացքին։

Վերջապէս, ան շեշտած է, որ վերջնական խօսքը ժողովուրդինն է եւ եթէ քաղաքացիները ընդունին ընտրութիւններու արդիւնքները, իր քաղաքական ուժը եւս պիտի յարգէ այդ որոշումը, թէեւ հասարակութեան մէջ դեռ կը շարունակուին քննարկումները հետագայ քայլերուն շուրջ։