Կազայի վրայ յարձակումի եւ պաշարումի դէմ դատապարտանքի եւ խարանի յայտարարութիւն

Կազայի մէջ անմեղ քաղաքացիներուն դէմ շարունակուող բռնութիւններուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբը խիստ կերպով կը դատապարէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող վայրագութիւններն ու լուրջ խախտումները։

Քաղաքացիներու՝ մանուկներու, կիներու եւ տարեցներու թիրախաւորումը, տուներու, հիւանդանոցներու եւ հիմնական ենթակառուցուածքներու կործանումը՝ ոչ միայն միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտումներ են, այլ կազմակերպուած յանցագործութիւն՝ որ կը կատարուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբը միաժամանակ կը դատապարէ շուրջ երկու միլիոն մարդոց դէմ կիրարկուող պաշարման եւ սովամահութեան քաղաքականութիւնը, որ կը զրկէ զիրենք արժանապատիւ կեանքի իրաւունքէն։ Այս խմբային պատիժը՝ որ կ՚արգիլէ սնունդ, դեղորայք, ջուր եւ հոսանք, եւ կը փակէ փրկութեան ճամբաները հիւանդներուն եւ մանուկներուն, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն մըն է, որուն համար օրէնքը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն։ Այս ընթացքը ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ։

Միջազգային համայնքի անհասկանալի լռութիւնը այս աղէտին նկատմամբ կը յարուցէ կասկածներ եւ կը յիշեցնէ անուղղակի մեղսակցութիւն։

Երբ ջարդեր եւ դանդաղ մահուան քաղաքականութիւն կիրարկուի, լռութիւնը արդէն ինքնին կը դառնայ անարդարութեան մեղսակից։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ միջազգային համայնքին՝ իր բոլոր կառոյցներով եւ կազմակերպութիւններով, անյապաղ ու վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ յարձակումները կասեցնելու, պաշարումը վերցնելու, քաղաքացիական բնակչութեան համար անմիջական պաշտպանութիւն ապահովելու, եւ պատասխանատուները յանձնելու միջազգային արդարադատութեան։

Պէտք է որ լսուի Կազայի մէջ ապրող մարդուն ձայնը։ Պէտք է կասեցուի սպանութեան մեքենան։ Պէտք է որ պաղեստինցին վերագտնէ իր արժանապատիւ եւ ապահով կեանքի իրաւունքը։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պէյրութ, 29 Յուլիս, 2025