ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԼՐՈՒՄՆ ԺԱՄԱՆԱԿԻ. Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Ս. Ծննդեան Պատգամը
«Եթէ Ես աշխարհ եկած չըլլայի…» (Յհ 15.22)
Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք վերոյիշեալ բառերը, որոնք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շրթներէն արտասանուած բառերն են եւ մեզ կը հրաւիրեն մտածելու, թէ՝ ի՞նչ կը պատահէր, եթէ Ան չգար աշխարհ։ Ի՞նչ կը պատահէր եթէ Ան չծնէր Բեթղեհէմի մէջ։ Ի՞նչ կը պատահէր եթէ Ան չպատգամէր ու չփոխանցէր աստուածային ճշմարիտ խօսքերը, եթէ Ան չարտասանէր Աստուծոյ կամքը բացատրող «Երանիները», եթէ Ան չքալէր ջուրի վրայ։ Ի՞նչ կը պատահէր եթէ Ան չբժշկէր հիւանդը, կոյրին տեսողութիւն չտար, խուլին՝ լսողութիւն, համրին՝ խօսելու եւ անդամալոյծին՝ քալելու կարողութիւն։ Ի՞նչ կը պատահէր եթէ Ան մեռելին յարութիւն չտար, եթէ Ան չխաչուէր, չթաղուէր եւ յարութիւն չառնէր, եթէ Ան Իր աշակերտներուն չուղարկէր աշխարհ՝ Իր ճշմարիտ վարդապետութիւնը քարոզելու։ Ի՞նչ կը պատահէր, ո՞ւր կ՚ըլլայինք մենք եւ ի՞նչպիսի աշխարհ կ՚ունենայինք։ Արդեօք տարբե՞ր կ՚ըլլար մարդկութիւնը, եթէ Ան աշխարհ չգար։
Հին Կտակարանի մարգարէները կը խօսին սպասուած Մեսիայի մը կամ Փրկիչի մը ծնունդի մասին, որուն ամէնէն վառ օրինակներէն մէկն է Միքիա մարգարէի բացատրութիւնը. «Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Բեթղեհէ՛մ, Եփրաթա, թէպէտ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ փոքր ես, քեզմէ՛ պիտի ելլէ Ինծի համար ա՛ն՝ որ Իսրայէլի վրայ կառավարիչ պիտի ըլլայ. Անոր ծագումը վաղեմի, յաւիտենական օրերէն է» (Մք 5.2)։ Այո՛, եթէ Քրիստոսը չգար՝ Աստուծոյ խոստումը չէր իրականանար, եթէ Քրիստոսը չգար՝ աշխարհը կը շարունակէր մնալ խաւարի մէջ։ Եթէ Քրիստոսը չգար չէինք գիտնար, որ «Աստուած սէր է»։ Եթէ Քրիստոսը չգար՝ ոչ մէկ տարածութիւն չէր ըլլար մեղքի եւ մարդու միջեւ։ Եթէ Քրիստոսը չգար՝ չէինք ունենար «Աւետարան»՝ հաւատալու համար։ Եթէ Քրիստոսը չգար, ո՛չ ծնունդ եւ ո՛չ յարութիւն կ՚ըլլար։ Եթէ Քրիստոսը չգար՝ յոյս չէինք ունենար գերեզմանէն այն կողմ։ Եւ վերջապէս, եթէ Քրիստոսը չգար՝ կորստեան մատնուած կը մնայինք եւ չէինք ունենար Փրկիչ մը՝ մեզ մեղքերէն ազատագրող։
Կ՚արժէ այստեղ լսել հրեշտակի բարի լուրը՝ «Այսօր‚ Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ‚ որ Օծեալ Տէրն է: Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած» (Ղկ 2.11-12)։ Այո՛, Յիսուսն Ինքը ըսաւ «եթէ աշխարհ եկած չըլլայի…», բայց փառք Աստուծոյ, որ Ան եկաւ…։ Պօղոս առաքեալը գեղեցօրէն բնութագրած է ըսելով. «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով` Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին‚ որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ» (Գղ 4.4)։
Այսօր կը տօնենք Ծնունդը Մեծ Բարերարին. Ան, որ ծնաւ աղքատիկ մսուրի մը մէջ, յարդէ անկողինին մէջ, խոտէ վերմակի տակ։ Աստուած ժամանակը հասած համարելով՝ ղրկեց Իր Միածին Որդին եւ Իր խոստումը կատարեց։ Երբ աշխարհը խաւարի եւ չարութեան մէջ ընկղմած էր, մարդը հեռացած էր Աստուծմէ, աստուածային ճշմարիտ պատկերը խաթարուած էր իր մէջ, չէր ճանաչնար սիրոյ Աստուածը, որ իր կեանքի Աղբիւրն էր եւ իր սրտի Կրակը։ Մէկ խօսքով՝ ո՛չ կանուխ էր եւ ո՛չ՝ ուշ. Աստուած կը պատրաստէր աշխարհը, Ան երբէք չմոռցաւ մարդուն, չլքեց անոր. ընդհակառակը՝ ճիշտ ժամանակի լրումին ուղարկեց Իր Միածին Որդին, որպէսզի աշխարհը վերածուի սիրոյ Աստուծոյ բնակարանի։ Այո՛, Յիսուս մանուկն էր Փրկիչը աշխարհի։ Դժբախտաբար, Անոր ծնունդի ժամանակ աշխարհը տեղ չունէր Իրեն համար. Ան ծնաւ անշուք «գոմի» մէջ։ Ան դարձաւ կատարեալ մարդ՝ ամբողջապէս, որպէսզի մարդը աստուածանայ։ Ան Իր աստուածային բարձրունքէն խոնարհեցաւ, որպէսզի մարդը բարձրանայ եւ մօտենայ Աստուծոյ։ Ահաւասիկ՝ ծնունդը Հրաշքի. Հրաշք մը, որ երեսուներեք տարիներ քալեց, պատգամեց, բժշկեց եւ հրաշագործեց։ Ան եղաւ մանուկներու ճշմարիտ բարեկամը։ Ան եղաւ աշխարհի թշուառներու, վշտակիրներու, խեղճերու եւ հիւանդներու օգնականն ու մխիթարիչը։ Ան, ի վերջոյ, եղաւ մեղաւորներու եւ արհամարհուածներու ճշմարիտ կարեկիցը։
Հարց տանք մեք մեզ, թէ այսօր որքանո՞վ ուրախ է մարդը, որ Աստուծոյ Որդին՝ մեր բոլորին Փրկիչը, աշխարհ եկաւ։ Այսօրուան աշխարհի մէջ, Ծննդեան այս օրերուն նուէրներ կը փոխանակենք իրարու եւ ուրախութեամբ կը բանանք այդ նուէրները։ Որքանո՞վ մարդը կ՚անդրադառնայ, որ Աստուած ամենաթանկ նուէրը տուաւ մեզի, ո՛չ թէ մի փայլուն թուղթի մը մէջ եւ գոյնզգոյն ժապաւէններով զարդարուած, այլ՝ պարզ խանձարուրի մէջ փաթթուած եւ անշուք գոմի մէջ ծնած Փրկիչ մը. այդ նուէրը քուկդ է, իմս է, մեր բոլորինն է։ Այդ նուէրը այնտեղ է՝ մեր սեփականութիւնն է. անձնապէս պէտք է երթանք եւ վերցնենք։ Պատրա՞ստ ենք երթալու, այդ ճամբորդութիւնը կատարելու, Ծնածին տեսնելու, Փրկիչին գրկելու եւ փոխադրելու մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, դարձնելու հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացումը։
Ժամանակը իր լրումին հասած է. այսօրուան աշխարհը որքա՜ն կարիքը ունի խաղաղութեան եւ արդարութեան Իշխանին եւ սիրող Փրկիչին։ Աստուած ժամանակը հասած համարելով՝ Իր Միածին Որդիին միջոցով եկաւ այս անարդար աշխարհը արդար ու խաղաղ աշխարհի վերածելու, Իր ամէնէն թանկ կեանքը տուաւ, որպէսզի մարդը խաւարէն դէպի Լոյս, մահէն դէպի Կեանք առաջնորդուի։ Երեսուներեք տարիներ յետոյ Իր տնօրինական կեանքը իր լրումին հասցուց եւ Իր առաքելութիւնն աւարտեց ու դարձեալ երկինք բարձրացաւ եւ նստեցաւ Իր Հօր աջ կողմը։ Ի՞նչ փոխուեցաւ այս աշխարհին մէջ։ – Ոչի՛նչ. մարդը մնաց մեղքի նոյն տիղմին մէջ, աշխարհը մնաց անարդար, չարը շարունակեց տիրապետել, կեղծիքն ու սուտը խորացան։ Դժբախտաբար, մարդը մնաց նոյն անհնազանդ արարածը, անտեսեց աստուածային պատուիրանները, շարունակեց սպաննել, գողնալ եւ ուրիշին ունեցուածքը յափշտակել. վկայ պատմութիւնը մեր ժողովուրդի։ Հայոց ցեղասպանութիւնէն 100 տարի յետոյ ոչինչ փոխուած է. մեր թշնամին տակաւին կ՚ուրանայ իր կատարած մեծագոյն սխալը։ Աշխարը կը մնայ լուռ եւ անարդար։ Ականատես եւ ականջալուր ենք այսօր, թէ ինչպէս մարդիկ կը շարունակեն չարին հնազանդիլ, չարութեամբ, ատելութեամբ ու վրէժխնդրութեամբ վերաբերուիլ իրենց նմանին հետ, սպաննել ու կոտորել։
Այսօր, մարդկութիւնը մէկ ընելիք ունի՝ իր հայեացքը դարձնել դէպի Բեթղեհէմ՝ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը վերահաստատելու, իր հայեացքը դարձնել դէպի Գողգոթա՝ լսելու Փրկիչին ձայնը՝ «Ես յաղթեցի աշխարհին»։ Իր հայեացքը դարձնել դէպի Ս. Յարութեան տաճար, յարուցեալ Քրիստոսի հետ մաքրուելու եւ վերածնելու։
Ահա՛ պատգամը հրաշափառ Ս. Ծննդեան։
Ահա՛ երաշխիքը մեր փրկութեան։
Ահա՛ ճանապարհը յաւերժութեան։
Եկէ՛ք այս գիտակցութեամբ ողջունենք մեր դիմաց բացուող Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։ Ահաւասիկ Խոկումի եւ ինքնաքննութեան առիթ մը իւրաքանչիւրիս համար ու միաժամանակ առիթ՝ վճռակամ կեցուածք որդեգրելու գալիքին նկատմամբ։
Հետեւաբար, եկէ՛ք բարութեամբ աշխատինք չարիքի ու անարդարութեան դէմ, պայքարի՛նք եւ ամբողջ սրտով մենք մեզ նուիրենք շինարար ու արդիւնաւէտ աշխատանքի:
Այս հանգրուանին յիշենք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած բոլոր ննջեցեալները, յատկապէս աղօթենք մեր նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Յիշենք նաեւ վիրաւոր հերոսները, հիւանդները, մաղթելով անոնց շուտափոյթ ապաքինում։
«Շնորհք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սէրն Աստուծոյ եւ հաղորդութիւն Հոգւոյն Սրբոյ ընդ ձեզ» Ամէն։
Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Աւետիս՝
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ։
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի