Ծառուկեան․ Կը ձեռնարկենք բոլոր իրաւական եւ քաղաքական քայլերը՝ պաշտպանելու մեր ընտրողներուն քուէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարած է, թէ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ «օրէնքով ընդունուած բոլոր միջոցներով» պաշտպանել ընտրողներու քուէն եւ ձեռնարկած է իրաւական ու քաղաքական շարք մը քայլերու՝ վիճարկելու խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները։
Ծառուկեան նշած է, որ ԲՀԿ-ն ընտրապայքարին մասնակցած է տնտեսական եւ քաղաքական վտանգները կանխելու նպատակով եւ փորձած է վարել քաղաքակիրթ քարոզարշաւ, սակայն իշխանութիւնները ընտրած են ճնշումներու, քրեական հետապնդումներու եւ վարչական լծակներու կիրառման ճանապարհը։
Ան նշած է, թէ քուէներու վերահաշուարկէն ետք պարզ դարձած էր, որ ԲՀԿ-ն ապահոված է խորհրդարան անցնելու համար անհրաժեշտ ձայները, սակայն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ուշ երեկոյեան չեղարկած է երկու ընտրատեղամասերու արդիւնքները՝ առանց վերաքուէարկութիւն նշանակելու։ Ծառուկեանի դիտել տուած է, որ այդ որոշումը նպատակ ունէր զրկել ԲՀԿ-ն խորհրդարանական ներկայացուցչութենէ։
Ծառուկեան յայտնած է, որ կուսակցութեան իրաւաբանական խումբերը կը պատրաստեն բոլոր հնարաւոր բողոքարկումները եւ դատական գործընթացները, մինչ զուգահեռաբար կը սկսին քաղաքական խորհրդակցութիւններ ընդդիմադիր ուժերու հետ՝ միասնական օրակարգ եւ հետագայ քայլեր մշակելու համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԲՀԿ-ին աջակցութիւն յայտնած քաղաքական ուժերուն, հանրային գործիչներուն եւ լրատուամիջոցներուն՝ վստահեցնելով, որ ընտրողներուն տրուած խոստումները կը մնան ուժի մէջ։