Ծառուկեան․ «Ընտրութիւնը խաղաղութեան եւ պատերազմի միջեւ չէ»
- (0)

«Առաջարկ Հայաստանին» նախաձեռնութեան համակարգող խումբին հետ քննարկումներէ ետք, «Երաշխաւորուած խաղաղութիւն» գաղափարը ձեւաւորուած է որպէս ծրագիրին առանցքային դրոյթներէն մէկը։ Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Բարգավաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան։
Ծառուկեան ընդգծած է, թէ անազնիւ է, երբ հասարակութեան կը ներկայացուի, թէ Հայաստանի մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք պատերազմ կը փափաքին։ «Հայաստանի մէջ նման քաղաքական ուժեր չկան, որ պատերազմ կը փափաքին»,– գրած է ան՝ աւելցնելով, որ ընտրութիւնը խաղաղութեան եւ պատերազմի միջեւ չէ։
Անոր համոզումով՝ անհրաժեշտ է դուրս գալ ներկայ «նոր պահանջներու, ուժի սպառնալիքի, մեզմէ նոր զիջումներու եւ խաղաղութեան պատրանքի» վիճակէն եւ անցնիլ միջազգային իրաւական եւ իրատեսական մեխանիզմներով ամրագրուած համաձայնութիւններու համակարգի։ Ըստ Ծառուկեանի, որեւէ համաձայնութիւն, որ երաշխիքներով ամրապնդուած չէ, խոցելի է։
ԲՀԿ առաջնորդը շեշտած է, թէ Հայաստանը պէտք է հաւատարիմ մնայ իր պարտաւորութիւններուն, միաժամանակ անդադար զարգացնէ իր ներուժը՝ տարածաշրջանին մէջ իր կշիռը բարձրացնելու համար։ Ան կարեւոր նկատած է դաշնակիցներու հետ նոր, իրատեսական հողի վրայ հիմնուած անվտանգութեան երաշխիքներու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ այլընտրանքային ճանապարհներու եւ հաղորդակցութիւններու գործարկումը՝ մասնաւորաբար Հայաստան–Վրաստան–Ռուսաստան եւ Հայաստան–Իրան ուղղութիւններով։
Ծառուկեան նաեւ կարեւորած է խոշոր տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային նոր ծրագիրներու իրականացումը՝ նկատելով, որ տնտեսական աշխուժացումը էականօրէն կը բարձրացնէ անվտանգութեան մակարդակը։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի անվտանգութիւնը պէտք չէ հիմնուած ըլլայ հակադրութիւններու վրայ՝ երկիրը դնելով աշխարհաքաղաքական բախումներու կեդրոնը, այլ պէտք է խարսխուի փոխլրացման եւ շահերու համընկման սկզբունքներու վրայ։
Խօսելով տնտեսական անվտանգութեան մասին՝ Ծառուկեան յայտնած է, թէ առանց ուժեղ տնտեսութեան չկայ կայուն դիւանագիտութիւն, վստահելի պաշտպանութիւն եւ լիարժէք ինքնիշխանութիւն։ Ան նշած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ ԵԱՏՄ շուկան Հայաստանի համար իրատեսական այլընտրանք չունի։ Միեւնոյն ժամանակ ան կարեւոր նկատած է Արեւմուտքի հետ գործակցութիւնը՝ մասնաւորաբար ԵՄ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ՝ նոր արհեստագիտութիւններու եւ ներդրումներու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ արաբական աշխարհին հետ տնտեսական կապերու ընդլայնումը։
Ծառուկեան եզրափակած է, թէ «Երաշխաւորուած խաղաղութիւն»-ը Հայաստանի վերականգնման եւ ազգային վերածնունդի առանցքային գաղափարն է, որ կը պահանջէ համախմբուած եւ նպատակային աշխատանք բոլոր կարող ուժերուն կողմէ։