Խուզարկուած են Իշխան Սաղաթէլեանի տունն ու ինքնաշարժները

ԵՐԵՒԱՆ — Յունիս 23-ի առաւօտեան, իրաւապահները մուտք գործած են ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի բնակարան եւ խուզարկած անոր տունն ու ինքնաշարժները։ Այս մասին տեղեկացուցած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։ Լուրը հաստատած է նաեւ Քննչական կոմիտէն՝ նշելով, որ «քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ կը կատարուին քննչական գործողութիւններ»։

Աւելի ուշ փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան յայտնեց, որ խուզարկութիւնը աւարտած է, եւ որեւէ բան չէ յայտնաբերուած։ Անոր փոխանցմամբ՝ Սաղաթէլեանի նկատմամբ նախաձեռնուած վարոյթը կը վերաբերի յայտարարագրուած կանխիկ գումարի եւ զարդերու։ Փաստաբանը նշեց, որ Սաղաթէլեան պատրաստ եղած է ներկայացնելու պահանջուած գումարը՝ բացատրելով, որ այն ի պահ յանձնուած է այլ անձի, սակայն իրեն ժամանակ չէ տրուած։

Յարութիւնեան խուզարկութիւնը որակեց «շոու»՝ ընդգծելով, որ շէնքը շրջապատուած էր մեծ թիւով ոստիկաններով, մինչդեռ գործողութիւնը իրականացնելու համար քանի մը ոստիկան բաւարար պիտի ըլլար։

Փաստաբանը նաեւ յայտնեց, որ Սաղաթէլեան այս պահուն դատական կարգավիճակ չունի, քանի որ նախ պէտք է իրականացուին անոր պատգամաւորական եւ պատգամաւորի թեկնածուի անձեռնմխելիութեան վերացման ընթացակարգերը։ Միայն անկէ ետք, Սաղաթէլեան կրնայ դատական կարգավիճակ ստանալ կամ խափանման միջոցի ենթարկուիլ։

Յարութիւնեան ըսաւ, որ տեղի ունեցածին մէջ քաղաքական յստակ տարրեր կան՝ նշելով, որ իրաւապահ համակարգը այսօր կրնայ դիմել նոյնիսկ «անհաւանական գործողութիւններու»։