«Խորհրդարան Հասած Եմ Մեր Քուէներով, Ոչ Ոքի Պարտական Ենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հիւրընկալուեցաւ «Նաշրա» կայքին ծրագրած «Ֆէյս տը փիփըլ» ընտրական յատուկ հաղորդումի անձնակազմին կողմէ:
Հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Մեթնի թեկնածուն դրական պատասխան տուաւ այն հարցումին, թէ ինք կը յուսա՞յ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողութիւն արձանագրել:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ խորհրդարանին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը անհրաժեշտ է եւ դրական, որովհետեւ խորհրդարանը կարիքը ունի չափաւորական ներկայացուցիչներու, որոնք համոզուած են երկրին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու միջոցին, ինչպէս նաեւ իրենց առօրեային մէջ կը գործադրեն համերաշխութիւնը եւ կը հաւատան անոր:
«Եթէ նկատի պիտի ունենաք Պուրճ Համուտը, ապա ան իւրայատուկ է, որովհետեւ կը ներառէ բոլոր համայնքները, բոլոր կուսակցութիւնները` հայկական եւ ոչ հայկական: Քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացուած են Պուրճ Համուտի մէջ` իրենց կեդրոններով եւ համայնքի կեդրոններով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Մեթնը պէտք է քուէարկէ ի նպաստ ՀՅԴ-ի թեկնածուին, որովհետեւ Մեթնը կրնայ ընդգրկել բոլորը: Ան շեշտեց, որ ինք կը մերժէ քաղաքական որեւէ հեղինակութեան կեդրոն փակել` ըլլայ ան քաղաքական ուժ թէ քաղաքական կողմ մը, որ այդ շրջանին մէջ դերակատարութիւն ունեցած է եւ այդ շրջանին բարգաւաճման համար ճիգ թափած:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ 2007-ին ՀՅԴ-ի որդեգրած կեցուածքը քաղաքական կողմ մը դուրս պահելու ճիգ էր, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ օրին կը տիրէր յատուկ կացութիւն, եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն ճիշդ դուրս եկաւ իր տուած որոշումին մէջ:
Ան ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական իր սկզբունքները չի փոխեր, սակայն միջոցները կը փոխուին: «Մենք տակաւին մաս կը կազմենք Հզօր Լիբանան համախմբումին եւ կը շարունակենք հաւատալ գալիք փոփոխութեան ու բարեկարգումին, հակառակ անոր որ արձանագրուեցան բացթողումներ, եւ կարելի չեղաւ ամբողջացնել բարեկարգումի համար ճշդուած բոլոր նպատակները», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը կ՛ենթադրէ հաշուարկներ կատարել եւ ուսումնասիրել, թէ ընտրական շահերը ի՛նչ դաշինքով կարելի է ապահովել, եւ ըստ այնմ` կազմել ընտրական դաշինքը:
«Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան պարտութիւնը կը նշանակէ ձախողութիւնը այն կուսակցութեան, որ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ, եւ ապագային կրնայ ազդել նաեւ խորհրդարանին մէջ լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութեան վրայ», նշեց Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն պիտի կարենա՞յ երեք երեսփոխան ունենալ նոր կազմուելիք խորհրդարանին մէջ, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հաւանաբար նաեւ չորս երեսփոխան ունենանք, եթէ նաեւ Զահլէի մէջ յաղթանակ արձանագրենք»:
Իսկ թէ «այս պատճառո՞վ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ընտրական որոշումները փոփոխութեան ենթարկեց» հարցումին Յ. Բագրատունի պատասխանեց. «Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մենք հաշուարկները կատարեցինք Ազգային ազատ հոսանքին հետ, եւ քաղաքական երկու կողմերուն համար ալ անյարմար է որեւէ մէկուն ձախողութիւնը: Ընդհակառակն` տարբեր ընտրացանկերու վրայ գտնուելով կրնանք յաջողութիւն ապահովել եւ քաղաքական առումով համաձայնիլ»:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրած ոչ մէկ թեկնածուի յաջողութիւնը երաշխաւորուած է, բացի շիի երկեակին թեկնածուներէն:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ երկու թեկնածուներու յաջողութիւնը ապահովելու դժուարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հաշուարկները կատարուած են, եւ շատ փոքր կոտորակներու պատկեր մը մնացած է, որ ընտրութեան օրը կարելի է զանոնք շրջանցել:
«Արդեօք ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր սուղ կը վճարէ՞ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշնակցելու գինը» հարցումին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ տարբեր դիտանկիւնէ փորձենք տեսնել հարցը, պէտք է նկատի ունենալ ընտրական օրէնքը, որուն ի միջի այլոց մենք դէմ քուէարկած ենք, «նաեւ դէմ քուէարկած ենք արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցչութեան օրինագիծին: Օրին այս ամէնը ներկայացուցած ենք քաղաքական ուժերուն, սակայն կային համաձայնութիւններ եւ դաշինքներ, որոնք շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ գոյացած էին: Անձամբ` 8 տարի շարունակ մաս կազմած եմ ընտրական օրէնքը մշակող խորհրդարանական յանձնախումբին, որ դժբախտաբար ընտրական այս օրէնքին յանգեցաւ` փոքրամասնութիւնները ներկայացնելու պատճառաբանութեամբ: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ ընտրուեցան 70 կամ 200 քուէ ստացած թեկնածուներ: Հետեւաբար հաշուարկներէ կախեալ է ամէն բան, եւ քաղաքական կեանքին մէջ գործող անձնաւորութիւնները պէտք է համոզուին, որ ընտրութիւններուն ընթացքին կայ յաջողութիւն եւ կայ ձախողութիւն», նշեց ան:
Լիբանանահայութեան ցասումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները զայրոյթ կ՛ապրին, «սակայն անհաւանական է, որ այդ զայրոյթը ըլլայ քաղաքական ընտրանքն ու Դիմադրութեան առանցքին զօրակցող ուժերուն կողքին ըլլալը, որովհետեւ ժողովուրդին ցասումը ուղղուած է նաեւ այն երեսփոխաններուն դէմ, որոնք շատ հեռու են Դիմադրութեան առանցքէն: Ցասում կայ ամբողջ քաղաքական դասակարգին դէմ` տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապին պատճառով», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ այդ տագնապին պատճառները տնտեսական առումով գործուած սխալներուն կուտակումներն են:
ՀՅԴ-ի` հանրապետութեան հզօր նախագահին դաշնակիցը ըլլալուն մասին Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ճիշդ է, որ յոյսերը մեծ էին, որ հզօր նախագահը կրնայ հրաշքներ կատարել, «բայց եւ այնպէս գիտէինք, որ քարը պէտք չէ մեծցնել այնքան մը, որ ոչինչ կարելի ըլլայ հարուածել: Արձանագրուեցան բացթողումներ, ինչպէս նաեւ պայմաններ, որոնց գինը վճարեցինք բոլորս: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւասութիւնները, որոնք սահմանափակ են: Մենք չենք կրնար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը տեսնել Միացեալ Նահանգներու նախագահին բացարձակ իրաւասութիւններուն պատկերով: Նախագահ զօր. Միշել Աուն հզօր է ներկայացուցչութեան առումով, եւ անոր թեկնածութեան համաձայն գտնուած են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը հասկնայ ընտրական դաշինքներ գոյացնելու մեր նպատակները:
«Հիւսիսային Մեթնի մէջ ՀՅԴ-ի եւ Միշել Մըրի դաշինքը այդքան ալ տարօրինակ չէ, որովհետեւ Մըր ընտանիքը Մեթնի մթնոլորտէն հեռու չէ, իսկ Զահլէի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ յառաջիկայ օրերուն կը յստականան մեր որոշումները: Ի վերջոյ այս բոլորը ընտրական դաշինքներ են: 2018-ին վկայեցինք, որ ընտրական օրէնքը առիթ կու տայ, որ ծայրայեղ աջը ծայրայեղ ձախին հետ դաշնակցի, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ սիւննին` ծայրայեղ քրիստոնեային հետ: Կարեւորը ընտրուիլն է», աւելցուց ան:
Խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու կարեւորութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ վերջաւորութեան Լիբանանն ու անոր գերագոյն շահերն են կարեւորը: «Քառասուն տարի քաղաքական կեանքին մէջ ծառայութիւններս չմատուցեցի, որպէսզի լքեմ այս երկիրը ու երթամ: Իսկ խորհրդարան հասած եմ մեր քուէներով, ոչ ոքի պարտական ենք: Ընտրութիւնները առնելու եւ տալու վրայ հիմնուած են, եթէ օրին նախընտրէինք այլ ընտրացանկի վրայ գտնուիլ, դարձեալ կը յաջողէինք եւ այլ անձնաւորութիւններու յաջողութիւնն ալ կ՛ապահովէինք», շեշտեց ան:
Նիւթական կարողութիւններ ունեցող թեկնածուներուն մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ անոնք այն թեկնածուներն են, որոնք քուէ կը գնեն, եւ որոնք լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ նորութիւններ չեն, եւ 2018-ին չէ, որ երեւան ելած են, այլ եղած են յիսուն տարի առաջ եւ օրին 100 լ. ոսկիով քուէ գնած են:
«Մենք ընտրական կաշառք բաժնելու սովորութիւն չունինք եւ ո՛չ ալ կարողութիւն, իսկ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը մերժէ իր քուէն վաճառել եւ իր խիղճով կը քուէարկէ», յայտնեց ան:
Ժողովրդային շարժումի ընտրացանկերուն մէջ գտնուող հայ թեկնածուներուն եւ անոնց յաջողութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք նեղացած է, որովհետեւ 17 հոկտեմբերի շարժումը եւ ժողովրդային պոռթկումը չեն յաջողած` տարակարծութիւններու պատճառով:
Իսկ կատարուած այն ակնարկութեան, թէ այդ ցոյցերը նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած էին, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք նոյն գիշերն իսկ կոչ ուղղած է լիբանանահայ երիտասարդութեան մասնակցելու այդ ցոյցերուն, որովհետեւ ցուցարարներուն օգտագործած բառամթերքը` փտածութեան, դրամի կէտերուն եւ կուտակումներուն դէմ, ՀՅ Դաշնակցութեան բառամթերքն էր: «Անոնք նոյն եզրերն են, որոնք ՀՅԴ-ն օգտագործած է մնայուն կերպով, իսկ վերջինը` 2 սեպտեմբեր 2019-ին` նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական երկխօսութեան նիստին ընթացքին, երբ անձամբ արտասանեցի խօսք մը, որուն մէջ շեշտեցի, թէ պիտի հասնինք փողոցը պայթելու փուլի մը», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Բոլորը այսինքն բոլորը` բացի իմ ղեկավարէս» կարգախօսը ՀՅԴ-ին չի վերաբերիր, որովհետեւ ես ղեկավար չեմ, այլ` քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ, որ իր համեստ չափին մէջ մաս կը կազմէ երկրին իշխանութեան»:
Լիբանանահայութեան ուղղած իր խօսքին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք չի փափաքիր հայ քաղաքացին համոզել, որ ՀՅԴ-ին ի նպաստ քուէարկէ, այլ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ խիտ շարքերով քուէարկելու:
«Ի վերջոյ մեր ժողովուրդը գիտէ, որ մենք իր կողքին ենք եւ մեր նեցուկը կը տրամադրենք իրեն` հեռու շուկայադրումէ, որովհետեւ ամօթ է օժանդակութեան մասին խօսիլ: Պատկերասփիւռի կայաններուն ընդմէջէն ծանուցումներ կատարելու փոխարէն, մենք կը նախընտրենք մեր ժողովուրդին տրամադրել մեր նեցուկը: Լիբանանահայութեան մեծ մասը մեզի հետ փորձառութիւն ունի եւ ի վերջոյ իր խիղճով ՀՅԴ-ին ի նպաստ կը քուէարկէ, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ հաշուետուութիւնը կը սկսի թեկնածուները առաջադրող կուսակցութեան շարքերէն: Ես` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատասխանատու եմ իւրաքանչիւր կեցուածքի եւ յայտարարութեան, իսկ որեւէ սխալի պարագային զիս հաշուետուութեան կ՛ենթարկեն կուսակցական ընկերներս` ամէնէն կրտսեր անդամէն մինչեւ ամէնէն մեծ պատասխանատուն: Այսինքն` հաշուետուութեան կ՛ենթարկուիմ կուսակցութեան կողմէ նախքան ժողովուրդին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: