Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Ա.) – Դէպի Անդրմարդկայնութիւն Ընթացող Աշխարհի Մը Մէջ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Շուտով ՀՅ Դաշնակցութիւնը` հայ ազգին ծոցէն ծնած գաղափարական եւ քաղաքական այս մեծ շարժումը, պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 134-ամեակը: Անցնող 133 տարիներուն ընթացքին այս կուսակցութեան պատմութիւնը որոշ չափով նոյնացած է հայոց պատմութեան հետ, որովհետեւ ժամանակակից պատմութեան բազմաթիւ դրուագներ ուղղակի թէ անուղղակի դրոշմը կը կրեն դաշնակցական գործին: Բայց խորհրդածութիւններու այս շարքը չի միտիր երբեք քննութեան առարկայ դարձնել կուսակցութեան անցեալը եւ անոր անցած գաղափարական թէ քաղաքական ուղին: Յարգարժան գրիչներ մամուլին մէջ թէ առանձին աշխատութիւններով անպայման կ՛անդրադառնան այդ բոլոր խնդիրներուն: Մեր նպատակը փորձել տեսնելն է, թէ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան եւ հիմնադիր սերունդին կողմէ Դաշնակցութեան ստեղծումէն 133 տարի ետք աշխարհը եւ հայ կեանքը ներկայիս ի՞նչ վիճակ կը պարզեն, դաշնակցական գաղափարաբանական խօսոյթի ի՞նչ հեռանկարներ կան 134-ամեակին ընդառաջ, եւ այդ խօսոյթը ինչպէ՞ս կրնայ առարկայանալ քաղաքական գետնի վրայ, ինչպիսի՞ օրակարգ պէտք է ունենայ 21-րդ դարու ազգային-յեղափոխական կուսակցութիւնը եւ ինչպէ՞ս, ի միջի այլոց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներդրումով, հայ իրականութիւնը կրնայ յաղթահարել իր անհեռանկար վիճակը` վերջին հինգ տարիներու ներքին եռեւեփումներէն եւ մանաւանդ Արցախի կորուստէն ետք:

Բայց նախքան այդ բոլորին անցնիլը, մէկ-երկու բառ` համաշխարհային եւ հայկական ընկերութիւններուն մէջ արձանագրուած նորութիւններուն մասին, որոնք մեզի կը պարտադրեն ամբողջութեամբ նոր ակնոցով դիտել մանաւանդ գաղափարաբանական եղելութիւնները` համամարդկային եւ ազգային մակարդակներուն վրայ: Անշուշտ այս ծիրին մէջ հիմնական տեղ ունին` «Քորոնա»-ի համավարակը, տնտեսական մեծ տագնապները, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան սրընթաց յառաջդիմութիւնը, եթէ չըսենք` յեղափոխութիւնը, եւ անցնող ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած ու տակաւին շարունակուող պատերազմները: Եւ մենք կը տեսնենք, որ հակառակ համաշխարհային եւ ազգային մակարդակներու վրայ մարտահրաւէրներու ահաւորութեան, մէկ բան ինքզինք կը շարունակէ պարտադրել` արդիականացման ձգտումը:

Մարդկութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ձգտած է արդիականացման` թէ՛ մտածողութեան եւ թէ՛ գործնական մակարդակներու վրայ: Սակայն ներկայիս միջազգայնօրէն արդիականացման հարցը աւելի ինքզինք զգալի դարձուցած է` արժէքներու ընդհանուր փնտռտուքի, համաշխարհային տնտեսական տագնապի, «Քորոնա» ժահրի համավարակի եւ քաղաքական ու ռազմական ճգնաժամերու լոյսին տակ: Վստահաբար համավարակէն, տնտեսական տագնապներէն եւ միջազգային ճգնաժամերէն առաջ եւ անոնցմէ ետք երկարող ժամանակաշրջանները նոյնը պիտի չըլլային, արդէն իսկ կը նշմարուին կտրուկ փոփոխութիւններու երեւոյթներ: Օրինակ` համավարակը իր բաւական ընդգրկուն բնոյթով մարդկութեան պարտադրեց, որ անհրաժեշտ վերանայումներուն դիմէ կենցաղավարութեան, հոգեւոր արժէքներու, հասարակութիւններու ընկերային հասկացողութիւններուն եւ ընդհանուր ընկերային-տնտեսական մակարդակին վրայ: Միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ ընկերութիւնները սկսան համոզուիլ, որ ներկայի տնտեսական, առողջապահական, քաղաքական թէ ռազմական ճգնաժամերը այդքան ալ անցողիկ չեն, անոնք տակաւին երկար ժամանակ իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ մարդկային հաւաքականութիւններուն վրայ, ուստի եւ պէտք է համակերպիլ այդ ճգնաժամերու գոյութեան հետ եւ փորձել միջոցներ գտնել անոնց դէմ դնելու:

Այս երեւոյթը նաեւ պարտադրեց` վերատեսութեան ենթարկել նախապէս տիրական եղող բազմաթիւ հասկացողութիւններ, սկզբունքներ, գաղափարական համոզումներ, դրութիւններ եւ այլն, իսկ գոյութիւն ունեցող գաղափարաբանական դպրոցներն ալ, իրենց կարգին, մանաւանդ` գաղափարաբանական հասկացողութեան ձախ կողմը գտնուող դպրոցները, աշխատանք տարին վերանորոգուելու եւ մարդկութիւնը տագնապեցնող ճգնաժամերուն լուծման յարմար դեղատոմսերը գտնելու, ինչ որ ինքնին արդիականացման արտայայտութիւններէն է: Աշխարհի տարբեր ծայրամասերու մէջ ձախակողմեան եւ ընկերվարական ուղղուածութիւն ունեցող կուսակցութիւններով ղեկավարուող պետութիւններուն իշխանութիւնները իրենց գտած դեղատոմսերով ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով կրցան պայքարիլ «Քորոնա» ժահրի համավարակին եւ անոր պատճառած ընկերային-տնտեսական հետեւանքներուն դէմ:

Միեւնոյն ժամանակ մենք չենք բացառեր նաեւ, որ քանի մը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող վիճակը միջազգային գետնի վրայ յանգեցնէ նոր գաղափարաբանական շարժումներու ստեղծման ու վերելքին, ինչպէս նաեւ` համաշխարհային նոր աշխարհակարգի ստեղծման: Այս բոլորին նշոյլները սկսած են երեւիլ արդէն, մարդկութիւնը սկսած է կարեւորութիւն տալ մարդկայնական հոգեւոր արժէքներուն եւ գլխաւորաբար` կանաչ քաղաքականութիւններուն ու տնտեսութեան վրայ հիմնուած մտածումի եղանակներուն, որոնք նաեւ մեծապէս խարսխուած են գիտականութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան վրայ: Մենք  փոխակերպումներու այս ժամանակաշրջանին կու տայինք «յետմարդկայնական» կամ «անդրմարդկայնական» (Transhumanism) ժամանակաշրջան անունը: Կրնանք ըսել, որ անդրմարդկայնութիւնը համաշխարհայնացումի ամէնէն ժամանակակից դրսեւորումներէն մէկն է: Անիկա փիլիսոփայական եւ իմացական դպրոց-շարժում մըն է, որ շեշտը կը դնէ ժամանակակից գիտական եւ արհեստագիտական ամէնէն բարդ դրութիւններուն օգտագործման վրայ` բարելաւելու համար մարդ անհատի եւ մարդկային հաւաքականութիւններուն կեանքը

Ինչ կը վերաբերի հայկական կեանքին` սփիւռք թէ Հայաստան, երկու պարագային ալ, մանաւանդ վերջին շրջանի ազգային կորուստէն ետք անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի ազգային վերանորոգչական նորովի շարժումի մը, որ հայ քաղաքական մտքին ու հայկական մշակոյթին զարգացման ճամբով հիմը կը դնէ հայկական արդիականացման եւ վերականգնման նոր ժամանակաշրջանին: Ընդհանրապէս հայկական իրականութեան եւ մասնաւորապէս հայրենիքին պարագային, արդիականացման նոյն պարունակին մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի իրապէս ժողովրդավարական կառավարումի անցնելու պետական աշխատանքին մէջ` մասնակցային ժողովրդավարութեան դերը բարձրացնելով, անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի նաեւ ամրապնդելու կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը քաղաքական եւ հասարակական կեանքերուն մէջ` միաժամանակ քաջալերելով եւ դրսեւորումի առիթներ տալով նաեւ ներկուսակցական բազմակարծութեան: Սփիւռքի պարագային, հարցերու հարցը կը մնայ գաղութներու վերակազմակերպումը կամ կազմակերպուած գաղութներ ունենալու պարագան, որովհետեւ, վստահաբար, դասական սփիւռքին պարագային այն վարչակառավարման դրութիւնները, որոնք ստեղծուած էին աւելի քան հարիւր տարի առաջ, ներկայիս վերանայման կարիք ունին, իսկ նոր սփիւռքի (գլխաւորաբար` Հայաստանէն արտագաղթողներով գոյացած) գաղութներուն պարագային անհրաժեշտ է զերոյէն կազմակերպ գաղութային կառոյցներ ստեղծել այդտեղ:

Իր 133-ամեայ ուղիով եւ փորձով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայկական ազգային եւ ընկերվարական այն կուսակցութիւնն է, որ նկատի առնելով համաշխարհային մակարդակի վրայ արձանագրուած նոր իրադրութիւնները` իր մէջ ուժ կրնայ գտնել վերանորոգելու համար հայ կեանքը: Կարեւորը կամքն է` ռոստոմեան ԳՈՐԾ-ի կամքը, կարեւորը նաեւ տարբեր ուղղութիւնները եւ գաղափարները մէկ երդիքի տակ համախմբելու լայնախոհութիւնն է, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ:

 

 

Comments are closed.