Խոնարհեցնենք Մեր Գլուխները Արամ Մանուկեանի Յիշատակին Առջեւ

Յ. ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս տարի Արամ Մանուկեանի մահուան 105-ամեակն է:

29 յունուար 1919-ին կեանքէն առյաւէտ բաժնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը:

105 տարի ետք, ցաւ ի սիրտ, մեր հայրենի պետութիւնն ու ժողովուրդը արդար ու ամբողջականօրէն արժանի պատիւը չկրցան ընծայել, ինչպէս կ’ըսուի, «հայոց լեռներում յայտնուած ոգի» Արամ Մանուկեանին:

Չկրցան քաղաքամայր Երեւանի սիրտը հանդիսացող Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հպարտութեամբ կանգնեցնել յաղթանակած, բարձրաճակատ ու պայծառ ոգին մարմնաւորող պատկառելի արձանը Մանուկեան Արամին:

Չկրցան Արամի փողոցի անուանատիրոջ` Մանուկեան Արամի աւերակ ու փլատակ բնակարանը վերականգնել ու զայն վերածել տուն-թանգարանի, եւ աւելի՛ն՝ չկրցան Մանուկեանի քանիցս տրորուած աճիւնները պատուով ու արժանավայել շուքով ամփոփել Երեւանի պանթէոնին մէջ` մեծերու կողքին:

Կը մնանք սպասող ներկայ քաղաքապետութենէն, որ իրագործէ Երեւանի պանթէոնին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի աճիւնները ամփոփելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ընդառաջէ անոր տուն-թանգարանի մը վերանորոգման ու կառուցման գործնական աշխատանք տանելու մեր քանիցս կրկնուած առաջադրանքին եւ վերջ տայ Արամ Մանուկեանի աւերակ ու անմխիթար տան ներկայ փլատակ վիճակին:

Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը Սարդարապատի համալիրէն ներս. Հեղինակ՝ Յակոբ Ճանպազեան

Ի պատիւ դաշնակցական մտքի ու արուեստի փայլատակումներուն, այսօր խրոխտաբար կանգնեցուած է Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը Սարդարապատի երկնասլաց յուշակոթողի զանգաշտարակին կողքին` իբրեւ ապառաժեայ փառապանծ յաղթանակի հիմնաքար:

Իմ սիրելի՛ ընթերցողներ, եկէ՛ք այսօր պահ մը խոնարհեցնենք մեր գլուխները մեծանուն Արամ Մանուկեանի մահուան 105-ամեայ փառապանծ յիշատակին առջեւ եւ անոր հայրենասիրութեան բիւրեղեայ ոգին, պարտաճանաչ հայ մարդու եւ ճշմարիտ դաշնակցականի նկարագիրը շնչող ներկայութիւն դարձնենք քաղաքամայր Երեւանի մէջ՝ գալիք սերունդներու մշտարթուն աչքերուն առջեւ, այսօր եւ միշտ:

 

Comments are closed.