Խմբագրական. Պարտութեան «խաղաղութիւնը»
- (0)

Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները սովորական ընտրապայքարի սահմաններէն դուրս էին։ Հարցը այլեւս իշխանութիւն փոխելու կամ պահելու հոլովոյթը չէր միայն. խնդրոյ առարկան այն էր, թէ Հայաստան ինչպիսի՛ ուղիով պիտի ընթանայ, եւ ի՛նչ պիտի մնայ պետականութենէն, եթէ պարտութիւնը՝ «խաղաղութեան», իսկ զիջողականութիւնը՝ «պետական իմաստութեան» անուան տակ շարունակուի պարտադրուիլ ժողովուրդին։
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրով «խաղաղութիւն» բառը դատարկուած է իր բովանդակութենէն։ Այն այլեւս անվտանգութեան երաշխիք չէ, այլ՝ քաղաքական շանտաժի գործիք։ Ժողովուրդին կը պարտադրուի լռել, չհարցապնդել ու չդիմադրել, որովհետեւ ամէն առարկութիւն կը ներկայացուի իբրեւ պատերազմի դրդապատճառ։ Արցախի մասին խօսիլը վտանգաբեր կը նկատուի, ազգային արժանապատուութիւնը կը պիտակաւորուի իբրեւ արկածախնդրութիւն, իսկ զիջումներուն դէմ կանգնիլը՝ իբրեւ «ռեւանշիզմ»։
Աւելի մտահոգիչն այն է, որ Երեւանի իշխանութեան բառամթերքը օր ըստ օրէ կը նոյնանայ Պաքուի հռետորաբանութեան հետ։ Երբ Ատրպէյճան ընդդիմութիւնը «ռեւանշիստ» կը կոչէ, նոյն որակումը քիչ անց կը հնչէ ՔՊ-ականներու բերնով։ Երբ Պաքու կը փորձէ փակուած յայտարարել Արցախի հարցը, Երեւանէն նոյն տրամաբանութիւնը սպասարկող արտայայտութիւններ կը լսուին։ Ալիեւ կը սպառնայ, իսկ Փաշինեան այդ սպառնալիքը ներքաղաքական գործիքի վերածելով՝ զայն կը մատուցէ իբրեւ անխուսափելի իրողութիւն։
Այս ամբողջ ընթացքը պատահական չէ։ 2020-էն ետք Ատրպէյճան Հայաստանի մէջ տեսած է այնպիսի իշխանութիւն մը, որ պատրաստ է պարտութիւնը հիմնաւորելու, զիջումը արդարացնելու եւ ազգային դիմադրողականութիւնը ջախջախելու։ Նոյն այս «նոր իրողութիւններու» մթնոլորտին մէջ է, որ Պաքուն սկսած է բացայայտօրէն առաջ մղել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի թեզը։ Համաժողովներ, փառատօներ, պետական ֆինանսաւորում, «վերադարձի» պահանջներ. այս բոլորը այլեւս քարոզչական պատահականութիւններ չեն, այլ՝ պետական օրակարգի անբաժան բաղադրիչներ։
Մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնը կը շարունակէ ժողովուրդը համոզել, թէ վտանգը չափազանցուած է, կամ թէ այդ թեմաները ընդդիմութեան կողմէ սերմանուած վախեր են։ Բայց երբ Ատրպէյճան պետական մակարդակով կը խօսի Հայաստանի տարածք «վերադառնալու» մասին, իսկ Երեւանի իշխանութիւնը համահունչ խստութեամբ չի հակազդեր, հարցը այլեւս պարզապէս քարոզչութեան չի վերաբերիր. խնդիրը պետական կամքի բացակայութիւնն է։
Վերջին տարիներուն Հայաստանի կորուստները միայն տարածքային չեն եղած։ Սեղմուած է ոչ միայն քարտէսը, այլեւ՝ պետական մտածողութեան հորիզոնը։
Նախ բռնագրաւուեցաւ Արցախի մէկ մասը, յետոյ՝ ամբողջ Արցախը, ապա հարուածի տակ դրուեցան Հայաստանի սահմանները։ Այսօր վտանգը աւելի մեծ է, որովհետեւ փորձ կը կատարուի խաթարելու նաեւ Հայաստանի ներքին էութիւնը՝ յիշողութիւնը, ինքնութիւնը, դիմադրութեան ոգին եւ ապագայի տեսլականը։
Ահա թէ ինչո՛ւ Փաշինեանի «խաղաղութեան դարաշրջանը» խաղաղութեան ծրագիր չէ, այլ՝ նորանոր զիջումներու քաղաքական նախապատրաստութիւն։ Պատերազմի վտանգը ժողովուրդի դիմադրութեան մէջ չէ. նոր կորուստներու իրական աղբիւրը այն իշխանութիւնն է, որ թշնամիին սպառնալիքը կը վերածէ ներքին հնազանդութեան գործիքի եւ պարտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղութիւն։
«Հորիզոն»