Խմբագրական. Հայ-գանատական յարաբերութիւններու մսխուող ներուժը

Վերջերս, ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի՝ Օթթաուա կատարած կարճատեւ այցելութիւնը, որուն նպատակը հայ-գանատական հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցիլն էր, անցաւ գրեթէ աննկատ: Արարողակարգային այս հանդիպումները շօշափելի ոչ մէկ արդիւնք տուին:

Գանատահայութիւնը առաջին իսկ օրէն եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գլխաւոր շարժիչ ուժը։ Պետական մակարդակի խնդիրներէն անդին՝ այս կապերու իրական ողնաշարը միշտ եղած են համայնքային յարաբերութիւնները։ Անցեալին՝ այսինքն նախքան Փաշինեանի իշխանութեան գալը, նմանօրինակ այցելութիւնները առիթ կը ստեղծէին, որ համայնքը հիւրընկալէր ժամանող դիւանագէտը՝ ստեղծելով շփման կարեւոր հարթակներ այն գաղութին հետ, որ այս կապերուն հիմնասիւնն է։ Այսօր այդ մէկը այլեւս տեղի չ’ունենար, ոչ ալ համայնքի լայն խաւերը յատուկ հետաքրքրութիւն ունին զարգացնելու կամ ամրապնդելու այդ կապը, քանի դեռ Երեւանի մէջ կը գործէ ներկայ իշխանութիւնը։ Հարցը հիւրընկալելու փափաքը չէ, այլ այն ցաւալի իրականութիւնը, որ պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով սփիւռքը մեկուսացուած է եւ այլեւս չի կրնար ամբողջութեամբ խաղալ իր կարեւոր դերը՝ դեր մը, որուն Հայաստանը այնքան խիստ կարիքն ունի, որքան ալ փորձէ նսեմացնել զայն։ Իրականութիւնը այն է, որ առանց հզօր համայնքի դերակատարութեան՝ Գանատան որեւէ լուրջ հետաքրքրութիւն պիտի չունենար Հայաստանի հանդէպ։

Վերջին 6-7 տարիներուն հայ-գանատական յարաբերութիւնները զգալիօրէն ընդլայնուեցան քաղաքական եւ դիւանագիտական ճակատներու վրայ, ինչ որ պսակուեցաւ դեսպանատան բացումով։ Գանատան ժամանակին այն եզակի երկիրներէն էր, եւ դեռ որոշ չափով է, որ Արցախի հարցով ունէր եւ դեռ ունի յարաբերաբար սկզբունքային կեցուածք։ Սակայն այսօր այդ կեցուածքը հետզհետէ կը մարի, քանի որ Գանատան եւս, արեւմտեան այլ երկիրներու նման եւ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութիւններու մղումով կ’անտեսէ հարցը՝ զայն զոհաբերելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան գործընթաց»-ի խորանին։ Մինչ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը հետեւողական կերպով կ’ամրապնդեն Գանատայի հետ իրենց կապերը, Հայաստանը, չունենալով տնտեսական հզօր լծակներ, կը մսխէ նաեւ քաղաքական եւ համայնաքային յարաբերութիւններու հարուստ ներուժը։

Ի վերջոյ, ի՞նչ ըրաւ Կոստանեան Օթթուայի մէջ։ Ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցաւ։ Ոչի՛նչ, բացի քանի մը լուսանկարէ։ Առանց համայնքի համալրող աշխատանքին եւ յարատեւ քաղաքական հետապնդումներուն՝ այս յարաբերութիւնները շուտով պիտի մատնուին մոռացութեան, մանաւանդ՝ Գանատայի այսօրուան յարափոփոխ քաղաքական դաշտին մէջ։

«Հորիզոն»