Խմբագրական. Հայաստանը նոր Մայիս 28-ներու կարիք ունի

Մայիս 28-ին, Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի Երեւանի մէջ կազմակերպել լայնածաւալ զինուորական շքերթ մը։ Բնականաբար սխալ պիտի ըլլայ այդ ձեռնարկը դիտել որպէս Մայիս 28-ի ոգիին ու պատգամին յարիր նախաձեռնութիւն։ Իրականութեան մէջ, իշխող վարչակարգը կը փորձէ ազգային խորհրդանիշները վերածել քաղաքական գործիքի՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու մթնոլորտին մէջ առաջ մղելու համար քօղարկուած օրակարգ մը, որ խորքին մէջ վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն քանդած է հայկական ազգային մտածողութիւնը, արժեզրկած պետական ինքնիշխանութեան գաղափարը եւ Հայաստանը աւելի խոր կախուածութեան մէջ մղած արտաքին ուժերէ։

Մայիս 28-ը քաղաքական գործիք չէ, ոչ ալ սոսկ յիշատակ։ Ան քաղաքական պատգամ է՝ ուղղուած այսօրուան Հայաստանին։ 1918-ի անկախութեան հռչակումը տեղի ունեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր քաղաքական իրապաշտութեան բոլոր «տրամաբանական» հաշիւները կը թելադրէին յանձնուիլ։ Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած, սովահար եւ շրջափակուած ժողովուրդ մը, մեծ տէրութիւններու շահերուն միջեւ ճզմուած, ըստ դասական ուժային քաղաքականութեան՝ պէտք է հրաժարէր ինքնուրոյն պետականութենէ։ Այդ պայմաններուն մէջ հայ քաղաքական միտքը՝ գլխաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, չընտրեց հպատակութեան ճանապարհը։ Ան ընտրեց պետականութիւնը՝ որպէս գոյութեան միակ երաշխիք։ Առաջին Հանրապետութիւնը դարձաւ ներկայ Հայաստանի տարածքային, իրաւական եւ քաղաքական հիմքը։ Առանց այդ սերունդի կամքին, այսօր հայկական պետականութիւն թերեւս գոյութիւն իսկ չունենար։

Սակայն Մայիս 28-ի պատգամը այսօր աւելի խոր իմաստ ունի, որովհետեւ ներկայ վտանգը միայն սահմաններուն վրայ չէ։ Հայաստանի դէմ այսօր կը տարուի աւելի համակարգուած եւ աւելի վտանգաւոր պայքար մը՝ ոչ միայն տարածքներ խլելու, այլ հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքը կազմաքանդելու համար։ Կեդրոնացուած ճիգ մը կայ՝ սպաննելու ազգային օրակարգը, Հայաստանը զրկելու ինքնուրոյն աշխարհաքաղաքական մտածողութենէ եւ հայ ժողովուրդը վերածելու կառավարուող, ենթակայ եւ կամազուրկ զանգուածի մը։ Այս ճիգը կը դրսեւորուի ամէն մակարդակի վրայ՝ ազգային պահանջատիրութեան նսեմացումով, ինքնութեան գաղափարի թուլացմամբ, պատմական յիշողութեան արժեզրկումով եւ պետական շահը ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներու ենթարկելով։

Այս իմաստով, Հայաստանը այսօր նոյնքան ճակատագրական հանգրուանի մը առջեւ կը գտնուի, որքան 1918-ին։ Այն ատեն մեծ տէրութիւնները նոյնպէս պատրաստ էին Հայաստանը զոհաբերելու իրենց շահերուն համար։ Բայց այդ սերունդը ունէր ազգային արժանապատուութիւն, պետական մտածողութիւն եւ կամք՝ մերժելու պարտադրուած ճակատագիրը։ Անոնք հասկցած էին, որ ազգերը չեն գոյատեւեր միայն բանակով կամ դաշնակիցներով, այլ նախ եւ առաջ քաղաքական սեփական կամքով։

Ահա թէ ինչո՞ւ Մայիս 28-ը այսօր պէտք է դիտել ոչ թէ որպէս արարողակարգային տօն, այլ որպէս ազգային դիմադրութեան քաղաքական փիլիսոփայութիւն։ Հայաստանը նոր Մայիս 28-ներու կարիք ունի՝ նոր ղեկավարութեան մը, որ պիտի վերականգնէ ազգային օրակարգը եւ վերահաստատէ, որ հայ ժողովուրդը տակաւին ունի իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու կամքն ու կարողութիւնը։

«Հորիզոն»