Խմբագրական. Ինքնադաստիարակուելու եւ նոր ռազմահայեցակարգ վերասահմանելու ժամանակը

Հայ ժողովուրդի լիակատար ոչնչացումն ու հայաջնջումը Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակարգերու կողմէ կանխամտածուած ու ծրագրուած  ռազմաքաղաքական հայեցակարգ է, որ ժամականակի տարբեր հանգրուաններուն գործադրուած է հայ ցեղը զանգուածային սպանդի ենթարկելու յաջորդական արարներով. 1894-1896 Համիտեան կոտորածներով, 1909 թ. Ատանայի ջարդով, 1915-1923 թ. Հայոց ցեղասպանութեամբ, 1918 թ. Պաքուի հայերի կոտորածով, 1920 թ. Շուշիի ջարդերով, 1988 թ. Պաքուի, Սումկայիթի եւ Գանձակի հայութեան ջարդերով, 1992 Մարաղայի կոտորածով։

Հայ ազգը ֆիզիքապէս անէացնելու նպատակներուն զուգահեռ, հայութեան մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Արեւմտահայաստանի եւ ատրպէյճանի բռնակցուած հայկական պատմական հողատարածքներու վրայ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք շարունակական բնոյթ կրած է։

Հայ ազգի պատմութիւնը կազմաքանդումը նպատակ ունենալով, թուրք-ատրպէյճանական հակահայ ու հայատեաց քարոզչութիւնը նոր թափ ու ծաւալ ստացած է յատկապէս վերջին տարիներուն։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան յառաջիկայ մարտահրաւէրներէն կը հանդիսանայ հակաքարոզչական այս արշաւը։ Պայքարը երկու ճակատի վրայ մղելու պարտադրանքին տակ գտնուելով, գալիք հանգրուանը պիտի ըլլայ վճռական, ուր դիւանագիտական աւելի ազդեցիկ մարտավարութիւն դրսեւորող կողմը՝ յաղթական դուրս պիտի գայ ճակատումէն։

Այս ուղղութեամբ, անհաւասար ուժերով կայացող առճակատման ծանր բաժինը տասնամեակներէ ի վեր իրենց ուսերուն վրայ վերցուցած են աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք թրքական եւ ատրպէյճանական հակաքարոզչական յորձանքը ետ մղելով՝ վճռական հարուածներով քանդած են ուրացման եւ լռութեան պատը։

Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրները համազօդուած են հայկական հարցին հետ։ Օսմանեան վարչակարգերէն մինչեւ քեմալական հանրապետական Թուրքիոյ վարչակարգերը՝ ֆիզիքական սպանութեան, հարկադիր դաւանափոխութեան ու ձուլման ճամբով բռնաճնշման ու ցեղային զանգուածային սպանդներու ենթարկուած են Թուրքիոյ հայ, քիւրտ, ասորի, յոյն, ալեւի ազգային փոքրամասնութիիւնները։

Միջազգային հանրութիւնը այսօր պէտք է յստակօրէն ըմբռնէ, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտումը կը խրախուսէ ապագայ ցեղասպանութիւն իրագործողներուն եւ որ Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելիութիւնը երբեւիցէ կասկածի չի կրնար ենթարկուիլ:

Հայկական հարցը՝ Հայաստանի պատմական բննօրանի ազատագրման, Հայկական բարձրավանդակին տարածքին վրայ հայոց պետականութեան վերականգնման, հայրենազրկուած ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման հարց է, որուն զուգահեռ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական այսօրուան իրավիճակի մէջ,Հայաստանի անվտանգութեան համար ամրակուռ երաշխիք է:

Հայկական հարցի լուծման մէկ բաղադրիչը կազմող Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացը ծանր հարուած ստացաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական վարքագծի արդիւնք՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զիջումնային դիրքորոշմամբ։ Ոչ հեռու անցեալին, Հայաստանի վրայ պարտադրուող հայ-թրքական արձանագրութիւնները մերժած հայ ժողովուրդը դժբախտաբար կորսնցուց այն էական խարիսխը՝ Արցախը, որուն համար մղուած ազատագրական պայքարն ու երեք տասնամեակներու վրայ երկարող ինքնանկախութիւնը սկզբնակէտ եւ զսպանակող ներուժ դարձած էր հայկական հարցի լուծման մերօրեայ հանգրուանին։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջ-պետական յարաբերութiւններու կարգաւորման գործընթացը պայմանաւորուած է Անգարայի կողմէ առանց նախապայմաններու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ անոր յաջորդող նիւթական հատուցումներու իրաւական պարտաւորութիւնններու ստանձնումով։

Գերդխնդրի հանգուցալուծման պարտադրուող բոլոր մնացեալ փորձերը հայութեան ազգային գոյատեւելիութեան խափանման ուղղուած արկածախնդրութիւններ են, որոնց որոգայթներուն մէջ այսօրուան Երեւանի իշխանութիւնները սկսած են կլանուիլ արդէն։

Արցախեան պատերացմէն ետք Հայաստանի աշխարհառազմավարական վիճակը ծանր հարուած ստացած է եւ բարոյահոգեբանական բեկման ենթարկած համայն հայութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմաշխարհագրական գերակշռութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, հայկական կողմին առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ պաշտպանողական նոր հայեցակարգի մը վերընձիւղումը, որպէսզի կորսուած ճակատամարտէն ետք շարունակուող պատերազմի յաջորդ արարին պատրաստ ըլլան իր ինքնապաշտպանական պատուարները։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան Փոքր Ասիոյ կեդրոնական տարածքին մէջ ազգային հաւաքականութիւններու՝ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրագործուած ցեղային սպանդներն ու ցեղասպանական բռնարարքներու վախճանական նպատակը՝ միատարր ազգաբնակչութեամբ ու թրքացեղ հատուածներու միացումով փանթրքական ծրագրի գործադրութիւնն էր, որուն անմիջական շարունակութիւնն է այսօրուան ստեղծուած իրադրութիւնը։ Այսօր արդէն, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ կը հիմնուին փանթրքական գաղափարախօսութեան դրօշակիր ազգայնամոլ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան կրթական օճախներ։ 100 տարի առաջ փանթրքականութեան ծրագիրներու իրակացման համար օրակարգի վրայ էր հայութեան բնաջնջումը, նոյն օրակարգն է, որ կը շարունակուի 100 տարի ետք, Անդկովկասեան աշխարհատարածքի հայաջնջման ծրագրով։ Թրքական այս ռազմաարութեան յաջորդ թիրախը՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա Անգարայի յառաջխաղացքին սեպ հանդիսացող Սիւնիքն է։

Ցեղասպանութենէն 106 տարի ետք, ազգովին կը գտնուինք ճակատագրորոշ դժուարին հանգրուանի մը սեմին, երբ բազում որոգայթներու իբրեւ արդիւնք՝ կորսնցուցած ենք ճակատամարտ մը։ Սակայն պատերազմը կը շարունակուի, եւ այս պատերազմի յառաջիկայ ժամանակահատուածին, մեզ էականօրէն անհրաժեշտ է արցախեան վերջին առճակատումի պատճառահետեւանքներէն ինքնադաստիարակուիլ, վերակազմակերպուիլ, դիւանագիտական նոր ռազմագիծերը վերաճշդել եւ գոյապայքարի մարտավարական նոր աշխարհայեացք ու ռազմահայեցակարգ վերասահմանել։

Խմբագրական «Հորիզոն»ի

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.