Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Է.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

Զ․- Ազգ-Պետութիւններ

ԻԻ.- Խնդրայարոյց

Նախորդ մասով ազգի եւ պետութեան մասին՝ համառօտելով տուի Գ․ Խաժակի, Լ․ Շանթի եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի տեսութիւնները։ Եւ հիմա, ժամանակին վրայ մեծ ոստում մը կատարելով՝ կը մօտենամ Թէօլէօլեանի տեսութեան։

Կանխաւ ըսեմ, որ պիտի ընթերցեմ թէ՛ անցեալի իր գրածները, եւ թէ՝ իմ հարցումներուն իր նոր պատասխանները։

Արդ, ի՞նչ է ազգը, ըստ Թէօլէօլեանի։

«Անդրազգ» եւ «Սփիւռքազգ» խնդրայարոյց իմացքները առաջադրած ըլլալով հանդերձ, կը խորհի՝ թէ «ազգ» իմացքը դժուար սահմանելի է, կամ, ինչպէս ինք կ’ըսէ, «անկարելի հարցում» դնող մըն է՝ անոր սահմանումը ակնկալողը։

Այսունհանդերձ կը յառաջանամ իր քայլերով։

«Սկիզբը փոքրաթիւ հաւաքականութիւն մը, որուն անդամները կը հաւատան, թէ արենակից են, նոյն նախահօր (շատ քիչ անգամ՝ նախամօր) շառաւիղ սերունդէ։ Ազգականներ՝ բառին նախնական իմաստով»։

«Փոքրաթիւ հաւաքականութիւն»ը ցեղախումբն է։

Հայերէնի «ցեղ» բառը՝ կ’ենթադրուի, թէ «սեր» բառին տարբերակ մըն է․ ցեղախումբ մը ինքզինք կը ճանչնայ սերած նախահօրմէ մը կամ նախամօրմէ մը։ Պատմութեան հոլովոյթին հետ՝ կը տեսնենք, թէ «ազգական»ական սերունդ մը ըլլալու այս գիտակցութիւնը պիտի բարձրանար տոհմային գիտակցութեան, որ երկար դարեր պիտի տիրէր աւատապետական դրոյթով։ Նոյն տարածքին մէջ տոհմերու առընթերակայութիւնը եւ բազմազան պատճառներ ու ազդակներ՝ տարբեր երկիրներու մէջ պիտի ծնէին ընդհանրական գիտակցութիւններ, այսինքն՝ ազգ ըլլալու գիտակցութիւններ։ Հոն ուր գիր կար՝ այն գիտակցութիւնները պիտի արձանագրուէին։

Ծանօթ է, որ նախա-Միջնադարեան եւ Միջնադարեան պատմագրութիւնը (նաեւ քերթողութիւնը) սովորութիւն ունէր իւրայիններուն (ընդհանրական գիտակցութեան ժողովուրդին) պատմութիւնը իջեցնելու մինչեւ առասպելական, թէեւ պատմական համարուած նախատիպար մը։ (Գիտենք, որ ոմանք ալ իրենց ազգերու պատմութիւնը կապած են պատմական դէմքերու, ինչպէս Մեծն Աղեքսանդրի կամ Յուլիոս Կեսարի)։ Մինչ ցեղախմբային եւ տոհմային ինքնաճանաչումները իբրեւ սերում նախնիէ մը՝ հաւանական են, սակայն երբ ընդհանրական գիտակցութիւնը կ’իջնէ մինչեւ նախնի մը՝ կասկածելի, որովհետեւ տիրող ցեղախումբի մը կամ տոհմի մը ինքնաճանաչման հեղինակութիւնը կ’ենթադրէ։

Մե՞ր պարագային։ Հայոց պատմագրութիւնը երբ պիտի հրապարակ գար՝ հայոց ընդհանրական գիտակցութիւն մը վաղուց կար, ըստ իս։ Շնորհիւ հայ գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան՝ անիկա լեզու կ’առնէր, եւ որոնելով իր ծագումը՝ կ’արձանագրէր։ Մեր մէջ մինչեւ նախատիպար մը իջնողը կ’ըլլար Մովսէս Խորենացի։ Անկէ առաջ, Կորիւն իր «Վարք Մեսրոբայ» գրքին մէջ, հայոց սկիզբը միայն համարձակած էր հաւաքականութեան մը կապել («Ասքանազեան ազգ»)։

Հայոց պատմագրութենէն գիտենք, որ, Խորենացի որպէս «նախնի(ն) Հայաստանեայց» կը յիշէ Հայկ Նահապետը, եւ զայն կը ճանչնայ Նոյ Նահապետի Թորգոմեան սերունդէն։ (Առ ի տեղեկութիւն, 5-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու կէս՝ հայ պատմագիրներուն ընդունած ծագումնաբանութիւնն էր ասիկա։ 19-րդ դարու կէսէն ետք՝ կասկածի տակ դրուեցաւ ծագումնաբանական Խորենացիական տեսութիւնը, եւ զանազան տեսութիւններ երեւան եկան։ Նիւթէս բոլորովին շեղում պիտի ըլլայ անոնց անդրադարձը)։

Թէօլէօլեանի կարծիքով, հայ ազգի տեսութիւնը հնարուած է հայ կղերին կողմէ։ Բայց, պատմութեան տուեալները կ’ըսեն, թէ հայոց ընդհանրական գիտակցութիւն մը վաղուց կար, նոյնիսկ՝ հայ կղերի յառաջացումէն շատ առաջ։ Իրաւացի պիտի ըլլար ըսել, թէ հայ ազգի տեսութիւն մըն էր հայ կղերին կողմէ հնարուածը։ Այս կարծիքին միտք բանին այն է, որ ազգի տեսութիւնը հնարածոյ է։ «Հնարածոյ» բառը գուցէ ժխտական կը հնչէ ոմանց ականջներուն, բայց կը հրաւիրեմ միտքը հասկնալ իբրեւ ինքըմբռնման եւ ինքնապատկերացման գաղափարախօսութիւն։ Վերջ ի վերջոյ՝ հնարելը յերիւրել չէ, այլ ինքնահասկացողութիւն մը կառուցել է, գոյութեան նշանակութիւն մը տալ է։

Քանի Թէօլէօլեան հայ ազգի տեսութիւնը (ըստ իրեն՝ առաջին) հնարողը հայ կղերն է, եւ քանի այն մասին հաստատում ունի, ապա թող արտօնուի ինծի առարկողական շեղում մը կատարել։

Ան հայ ազգի հնարման ժամանակ մը կը ճշդէ․ 451-506։ Կը գրէ՝ երբ «հայկական քրիստոնէութիւնը կը դադրի Տիեզերական ըլլալէ», այսինքն՝ կը խզուի Տիեզերականութենէն, ինչ որ եկեղեցաբանական լեզուին մէջ «Ընդհանրականութիւն» բառով կը նշուի, եւ կը դառնայ անջատ միաւոր մը։ Այս վարկածը միայն իրը չէ, անշուշտ, այլ խառնուրդ մըն է Մխիթարեան եւ աշխարհական գաղափարախօսական-պատմագրական մեկնաբանութեան մը։

Իր Ճշդած ժամանակը կը վերաբերի Քաղկեդոնի ժողովին մերժման։

Բայց սոյն ժողովին մերժումը, անկասկած, նախ իրեն պատճառ ունէր նոյնինքն Բիւզանդական աշխարհին մէջ ասոր կապուած տարուբերումները, որոնք պիտի տեւէին 506-էն ալ անդին․ եւ ապա՝ Պարսկաստան եւ Բիւզանդիոն կատաղի հակամարտութիւնը։ Ըստ էութեան, Քաղկեդոնի ժողովին եզրակացութիւնները քրիստոսաբանական էին քան քաղաքական։ Անոնք կը վերաբերէին ո՛չ թէ ազգերու, այլ «բանաւոր հօտ»ի փրկութեան։ Թէ վիճաբանութիւնները պատճառ պիտի ըլլային Ընդհանրական եկեղեցւոյ անդամներուն պառակտումին՝ ստոյգ է․ թէ այն պառակտումները ինքնուրոյնութեան գիծ մը պիտի աւելցնէին՝ այդ ալ ստոյգ է։ Սակայն նոյնքան ստոյգ է, թէ այն պառակտումներով հանդերձ՝ պիտի յառաջանային ո՛չ թէ անջատ ազգային եկեղեցիներ, այլ պիտի յառաջանար եկեղեցիներու երկու հակընդդէմ խմբում․ Քաղկեդոնական եւ հակա-Քաղկեդոնական, կամ ինչպէս որ այսօր կ’ըսուի՝ «Նախա-Քաղկեդոնական», եւ իւրաքանչիւր խմբում՝ ինքզինք պիտի շարունակէր ընդունիլ իբրեւ «Տիեզերական»ին կամ «Ընդհանրական»ին մէկ անդամ, թէեւ պիտի նզովէր միւս խումբը՝ իբրեւ հերձուածողական, անցեալին՝ նոյնիսկ իբրեւ դիւական։ Բարեբախտաբար այդ ընկալումը ներկայ ժամանակներուն փոխուած է, բայց դեռ ամբողջապէս չէ ազատած անկէ։ Միջ-եկեղեցական երկխօսութիւններու յաղթական համաձայնութիւնները դեռ մարմին չեն առած․․․

Հայ ազգի տեսութեան մը հեղինակն էր հայ կղերը։ Կը խորհիմ, որ անիկա մանաւանդ շնորհիւ Աստուածաշունչի իւրացման, հայ գիրերու գիւտէն ալ առաջ տեսած էր, թէ տոհմային տարբերութիւններէն վեր կար հասարակաց գիտակցութիւն մը, զոր վերածեց «բանաւոր հօտ»ի գիտակցութեան, զԱստուած փառաբանողներու «ազգ»ի։

Թէօլէօլեան հայ ազգի յղացքին ծնունդը կը տեսնէ Վարդանանց դէպքին մէջ, երբ Մակաբէական յիշատակը բարձրացաւ։ Այն յիշատակը արձանագրուած է Եղիշէ պատմիչի «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» գրքին մէջ։ Պատմագիրը նկարագրած է, թէ Վարդան Մամիկոնեան Աւարայրի մէջ խօսած է ճառ մը։ Յետ ճառին, Վ․ Մամիկոնեան ձեռքն առնելով Մակաբէացիներուն մասին մատեանը, զայն կարդացած էր բոլորին, եւ բացատրած՝ թէ անոնք ինչպէ՛ս մարտնչած էին «աստուածատուր օրէքներուն համար»։ Մակաբէականներուն յիշատակը՝ պայքարի գաղափարախօսութիւն մը տուած էր Վարդանանց շարժումին։

Եղիշէէն առաջ, Մեսրոպ Մաշտոցի վարքագիրը՝ Կորիւն իր գրքոյկին մէջ հայութիւնը կը ճանչնայ «Հայաստան ազգ»․ կը տեղեկացնէ՝ թէ հայոց «կէս ազգ»ը «ընդ իշխանութեամբ թագաւորին հոռոմոց» է (387-ին, Հայաստան բաժնուած էր Սասանեան Կայսրութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ)։ «Կէս ազգ»ի այս ակնարկութիւնը կը թելադրէ, որ կար ամբողջական ազգի գիտակցութիւն մը 4-րդ դարուն։ Բայց ըստ Կորիւնի, որ կը կարծեմ նաեւ իր ուսուցչին՝ Մաշտոցի տեսութիւնն էր, հայութեան ազգ մը ըլլալու յիշողութիւնը շատ աւելի խոր անցեալէ մը կու գար։ Այդ պատճառով է նաեւ, որ ան իր գրքոյկին սկիզբը հայութիւնը կոչած է «Ասքանազեան ազգ»։ Ըստ Ծնունդներու գիրքին (10.3), Ասքանազ Նոյի սերունդէն էր։ Իսկ ՆՔ 7-րդ եւ 6-րդ դարուն ապրած Երեմիայի մարգարէութեան 51․27-ին մէջ կը կարդանք Ասքանազի թագաւորութեան մասին որպէս մարտնչող ընդդէմ Բաբելոնի։ Թէ «Ասքանազեան ազգ» անունը գաղափարախօսական էր՝ անկասկածելի է, բայց պատմաքննական տուեալները ցոյց կու տան, թէ Կորիւնի ժառանգած յիշողութիւնը գաղափարախօսական մեկնաբանութեամբ հանդերձ՝ յերիւրանք մը չէր․ 5-րդ դարուն, հայոց մօտ հին ազգ մը ըլլալու յիշողութիւնը կար։ Կորիւնէն տարբեր՝ բայց նոյն համոզումը ունէր նաեւ Խորենացին, որ Սահակ Պարթեւի աշակերտներէն էր, եւ կը թուի՝ որ բաւական անկախ եւ համարձակ մտաւորական մըն էր։

Այս առարկողական շեղումէս յետոյ՝ դառնամ առաջադրութեան։

Թէօլէօլեան կը խորհի, թէ ազգի մը ծագումն է արիւնակցական, սերումէն մինչեւ ազգութիւն ճամբան՝ այլ ազդակներ կը պահանջեն․ հող, լեզու, կրօն, սովորոյթներ եւ աւանդութիւններ, մշակոյթ, հաւաքական յիշողութիւն, պատկանելիութեան կամ իրերանմանութեան ընդհանրական գիտակցութիւն, իրերանմանեցման գործընթաց, այլ հաւաքական ինքնութիւններու օտարութեան, եւ այլ ինքնութիւններէ տարբերութեան զգայարանք, քաղաքական պատմութիւն եւ նպատակ կամ ծրագիր, կառավարման կառոյցներ եւ որոնց վերեւ՝ գեր-կառոյց պետութիւնը։

Ազգ երեւոյթը իր մէջ խառնումն է այլ հաւաքական ինքնութիւններու կամ անոնց արտաքսումը։ Ազդակներու թուարկումին մէջ իբրեւ անհրաժեշտ կառոյց նշուեցաւ գեր-կառոյց պետութիւնը։ Ասոր հետ եթէ նկատի ունենանք Թէօլէօլեանի «Անդրազգ» եւ «Սփիւռքազգ» եզրերը, որոնք ան-պետութիւն հաւաքականութիւններ են, ապա կարելի է տեսնել, թէ Թէօլէօլեան «ազգ» իմացքին երկու տարբերակ կը տեսնէ․ մէկը՝ պետականաւորը, միւսը՝ պետութիւն չունեցողը։

Ազգերը երբեք նոյնը չեն մնար․ «անոնք կը ծնին, կը սնանին, կ’ապրին ու կը մեռնին, կամ այնքան կը փոխակերպուին, որ գրեթէ անճանաչելի կը դառնան»։ «Անճանաչելի կը դառնան» բաղդատաբար իրենց անցեալի ինքնութեան, աւելի ճիշդ՝ ինքնութիւններուն։ Կը մէջբերեմ իր հետեւեալ հաստատումը, որ հայոց անցեալին նայելով կը մատուցէ․ «Արտաշէս արքայի “հայ” շինականները Աշոտ Երկաթի հայերը չէին․ եւ այս վերջիններն ալ՝ շատ հեռու են այսօրուայ հայէն՝ մեզմէ։ Շարունակականութիւն մը կայ լեզուի մէջ, պատմութեան մէջ, հաւանաբար կը յամենայ նաեւ հաւաքական վարքի եւ աշխարհիմացութեան ոճին մէջ, սակայն կան աւելի հսկայ փոփոխութիւններ, խզումներ։ (…) Մեր անցեալը այնքան տապալած է, ջարդ ու փշուր եղած է, որ չենք կրնար վստահօրէն հասկնալ ու չափել ո՛չ շարունակականութիւնը եւ ո՛չ ալ՝ խզումները»։ Ասիկա պարագան է շատ ու շատ ազգութիւններու։ Անդրազգացեալ եւ սփիւռքացեալ հաւաքականութիւնները յարաբերաբար իրենց ձգած (ակամայ թէ կամայ) երկիրներու ինքնութիւններէն տարբեր ինքնութիւններ են, նաեւ յարաբերաբար իրարու՝ տարբեր, ինչպէս օրինակ՝ պապենական երկրէն դուրս ապրող հայութիւնը ունի երկու տեսակ հաւաքականութիւն․ անդրազգային հաւաքականութիւն մը, ուստի նաեւ՝ ինքնութիւն (պիտի աւելցնէի «ներ» յոգնակերտ մասնիկը), սփիւռքազգային ինքնութիւն (դարձեալ պիտի աւելցնէի «ներ» յոգնակերտ մասնիկը)։ Ի՞նչ պիտի մնայ։ Անդրազգայինը պիտի չմնայ, որովհետեւ իմացքը ժամանակաւորութիւն մը կ’ենթադրէ։ Սփիւռքազգայինի պարագան ալ մարտադաշտին մէջ կ’որոշուի։

Յետագային այլ համագիրներու մէջ պիտի անդրադառնամ ազգի մը ինքնըմբռնման եւ ինքնապատկերացման մէջ մտաւորականութեան դերին, եւ ինքնութեան նիւթին։

 

Comments are closed.