Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԴ.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

ԺԱ․- Մշակոյթի Առնչաբար Ու Մասին

1.- Մտաւորականութիւնը հաւաքական ինքնապատկերացում կը յօրինէ, եւ յօրինելով՝ կը շաղախէ հաւաքականութիւն մը, եւ անոր դիմագիծ մը կու տայ: Թէօլէօլեան ունի սա հաստատումը․ «Սփիւռքը տեւող երեւոյթ մըն է, եւ խնդիրը զայն յաջող ձեւով տեւականացնել է, անոր մէջ հայ դիմագիծ մը գծել ու կերտել է»: Մէջբերեալը կը գտնուի սփիւռքագէտի «Մշակոյթ Եւ Գերմշակոյթ» յօդուածին մէջ, որ կ’ենթադրէ, թէ մտաւորականութեան դերը էապէս մշակութային է:

Ուրեմն, «տեւող երեւոյթ» Սփիւռքին համար՝ հայ դիմագիծ մը գծելն ու կերտելը մտաւորականութեան գործն է: Գծել եւ կերտել, եւ ո՛չ՝ պահել։ Ա՛յս՝ իր անսարսելի համոզումն է, զոր լիովին կը բաժնեմ, որովհետեւ կերտելը՝ լաւագոյն պահելն է։ Բայց հիմա՝ ի՞նչ է դիմագիծը:

Շեղումով մը բացատրեմ Թէօլէօլեանի հասկացողութիւնը։

Գրած է, թէ կարելի չէ հայ դիմագիծ մը պահել, քանի որ «(առաջին՝) մեր շուրջ ամէն ինչ կը փոխուի. եւ երկրորդ՝ այն պատճառով՝ որ պահելը փոխուիլ կ’ենթադրէ»: Ինչպէ՞ս: Պատասխան ունինք. «կորիզն ու կենսականը առոյգ պահել(ը)՝ մեզմէ կը պահանջէ որոշ փոփոխութիւններու համակերպիլ, ուրիշներու հանդէպ անտարբեր չըլլալ եւ դեռ ուրիշները քաջալերել: Արդ, պահանջներէն մէկն է հետաքրքրուիլ ոչ միայն մեզմով, մեր հոգերով ու ցաւերով, այլ նաեւ մեր օտար շրջապատով, որուն ճակատագիրը մեծ մասամբ մերն ալ է, որմէ կախում ունի մեր հաւաքական կեանքի մեծ մասը»: Այս մէջբերումէն կարելի է հասկնալ, թէ դիմագիծը կ’արտայայտէ «կորիզ»ը, միաժամանակ՝ յարաբերութիւններ ունենալով արտաքին փոփոխութիւններուն հետ, կ’արտայայտէ արտաքինը։

«Կորի՞զ»ը:

«Դիմագիծ» բառին առաջին արմատը՝ որ գրաբարի «դէմ»ն է (հասկնալ՝ «դէմք»), կը խորհրդանշէ ենթակային (անհատ թէ հաւաքականութիւն) ներքին, այսինքն՝ հոգեկան, բարոյական, կրօնական (եթէ ունի) յատկանիշերուն, գաղափարական մտակազմոյթի եզրերուն արտայայտութիւնը: «Դէմք»ի գիծերը՝ ներքինը կ’արտայայտեն, ներքինին կորիզային յատկանիշերը կամ եզրերը: Եւ քանի «դէմք» մը կը տեսնուի դուրսէն, ապա՝ թէ՛ սեփական անդրադարձումի կարելիութիւն ընծայող երես է, եւ թէ՝ ընկերային (անձին իսկ եւ հաւաքականութեան) նայուածքի կամ հայեացքի առարկայ երես: Ի մի խօսք, դիմագիծը յարաբերութեան կը վերաբերի, թէ՛ անհատական, եւ թէ՝ հաւաքական: Անդրադարձ, նայուածք կամ հայեացք՝ յարաբերութեան եղանակներ են: Դիմագիծ մը անդրադարձումի հրաւէր է, ճանաչումի, ուստի նաեւ ըստ ճամբուն՝ փոփոխումի, եւ ըստ պայմաններուն՝ այլ գիծերու երեւնալուն, ինքնակերտող ոգիի առկայութեան պարագային՝ սեփական դէմքի գծ-ա-կերտումը։

«Կորիզն ու կենսականը առոյգ պահել», գրած է: Այն «պահել»ը «կը պահանջէ որոշ փոփոխութիւններու համակերպիլ», աւելցուցած է: Համակերպիլը «կենսական» է պիտի բացատրէի, եթէ իր միտքը յստակ չըլլար։ «Համակերպիլ»ը միշտ չէ, որ ունի դրական նշանակութիւն, քանի որ առհասարակ կը նշանակէ ենթարկուիլ, կրաւորականօրէն ընդունիլ արտաքին ազդումները, նաեւ՝ անոնց յանձնուիլ: Սակայն Թէլէօլեանի քով՝ այդպէս չէ: «Համակերպիլ»ը իրեն համար այլ արարք չէ քան «ուրիշներու հանդէպ անտարբեր չըլլալ», «հետաքրքրուիլ ոչ միայն մեզմով, մեր հոգերով ու ցաւերով, այլ նաեւ մեր օտար շրջապատով, որուն ճակատագիրը մեծ մասամբ մերն ալ է, որմէ կախում ունի մեր հաւաքական կեանքի շատ մեծ մասը»: Յիրաւի, «հետաքրքրութիւնը դիւրին բան չէ»: Արդ, համ-ա-կերպաւորելն է «կենսական»ը։ Եւ անիկա ամէն մարդու գործը չէ, այլ մտաւորականութեան կոչումն է․ անոնք կը համ-ա-կերպաւորեն կամ համ-ա-կերպաւորութիւն կը կերտեն, որովհետեւ անիկա «աւելի մտածել» կը պահանջէ: Գրած է. «Պէտք է աւելի մտածել (…) Համաշխարհային “սփիւռքեան” դրոյթի մասին. պէտք է հասկնալ՝ թէ կը բազմապատկուին ամէն տեսակի երկուութիւններ»: Անկասկած, ո՛չ թէ միայն կը բազմապատկուին «ամէն տեսակի երկուութիւններ», այլեւ՝ աւելի քան երկուութիւններ: Մէջբերեցի քիչ առաջ. «հայը՝ միայն հայ չէ, հայ-օտար է, երկուութիւնը անոր կեանքի գոյապայմանն է»: Ընդհանուր սահմանումով՝ ա՛յո, հայը միաժամանակ օտար է, բայց օտարը՝ բազմադէմ է, ուստի՝ օտարին հետ հայուն (փոխ)յարաբերութիւնը՝ բազմադէմ օտարին հետ է: Եւ ատիկա նախ անգիտակցաբար կը յօրինէ հայ-բազմադէմ օտարը, ապա եթէ կրնայ բանել «աւելի մտածել»ը, կամ կը բանէ, գիտակցաբար կը կերտուի հայ-բազմադէմ օտարը:

Այսօր ոեւէ ինքնութիւն կը գտնուի սփիւռքեան «բազմերանգ» շրջագիծի մէջ, եւ այն շրջագիծին շաղախն է այն՝ ինչ ծանօթ է «գերմշակոյթ» եզրով: Ժամանակակից աշխարհին մէջ, անիկա կը տիրէ: Այն ժամանակ երբ Թէօլէօլեան գրի կ’առնէր իր յօդուածը, դեռ սկսած էր «զարգանալ, կազմուիլ ու ձեւ առնել», իսկ այժմ՝ կը տիրէ: Անիկա «միաբնոյթ ու միատարր» է, որ «կ’անտեսէ կրօնական, ազգային, էթնիկ ու ցեղային այսպէս կոչուած “անթափանցելի” սահմանները»: Անիկա կը թափանցէ «հաստ ու բարակ բոլոր գլուխներէն ներս ու կ’ընդգրկէ երկրագունդը»: Անոր ազդեցութիւնը բոլորին վրայ է, ամէնուն մէջն է: Հետեւաբար՝ ամէն հայու: Ո՛չ թէ միայն Պէյրութի հայուն, Փարիզի հայուն, Պոսթընի հայուն, կամ այլ վայրերու հայերուն, այլեւ՝ Երեւանի հայուն:

Ինչպէ՞ս հասկնալ այն սահմանումը՝ թէ գերմշակոյթը «միաբնոյթ ու միատարր» է:

Պատասխանն է. զարգացած ճարտարարուեստ, խառն-դրամատիրութիւն, տնտեսական դրոյթ, պուրժուա-քաղքենի մտածելակերպ: Այսինքն՝ այն քաղաքակրթութեան, որ «Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի հիւսիս-արեւմտեան երկիրներու մէջ զարգացաւ 1750-էն ետք, արմատ արձակեց Միացեալ Նահանգներու մէջ, ու հոն “հասուննալէ” ետք՝ 1945-էն ասդին սկսաւ տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները»: Սփիւռքագէտը նպատակ չէ ունեցած «մանրամասնօրէն» պարզել գերմշակոյթին բնոյթը, որով տարբեր հասարակութիւններու միատարրութիւնը կը կազմուի, որովհետեւ այդ աշխատանքը հատորներ կը պահանջէ: Պատասխանը քիչ մը աւելի բանալով, գրած է. «Եթէ մէկը ինծի հարցնէր, թէ ի՞նչպէս կրնանք ճանչնալ զայն, ո՞ւր կը տեսնենք անոր դրոշմն ու ազդեցութիւնը: Պիտի ըսէի. Պիթլզներու, Պոպ Տիլընի, Ռոլինկ Սթոնզի համաշխարհային համբաւին մէջ, Պլու Ճինի վայելած ժողովրդականութեան մէջ, թրանզիսթըր-ռատիոներու, հեռատեսիլի, քոմփիւթըր հաշուիչ մեքենաներու մէջ, եւ զբօսաշրջիկութեան խուժաններուն մէջ»: Ապա թէ՝ «Ստեղծուած է ապրելակերպի իտէալ մը, ճաշակ մը, ինքնասեւեռումի ոճ մը, որ մակերեսային է թէեւ, սակայն կ’ենթադրէ շատ աւելի խորունկ, տեւական եւ համաերկրագնդային փոփոխութիւններ»: Ըստ իրեն, այս փոփոխութիւններուն «գլխաւոր ազդակ»ն է «բոլոր երկիրներու տնտեսութեանց համարկումը մէկ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ»:

Արդ, ի շարս բազում եւ բազում այլոց՝ հայութեան ընդհանրապէս, եւ յատկապէս սփիւռքահայութեան գոյութիւնն ու մշակոյթը եւս կը գտնուին գերմշակոյթի ազդեցութեան տակ: Յիրաւի, «հասած է գերմշակոյթ մը, որ բոլոր “ազգային” մշակոյթներուն կու տայ “էթնիկային” կամ “գաւառական” դեր»:

Հայ մշակոյթը «էթնիկային» կամ «գաւառական» է: Այս հաստատումը ժխտական միտքով չէ կատարուած, եւ ոչ ալ՝ յուսահատական տրամադրութեամբ։ Գրած է. «բոլորովին յուսահատական չէ հայ մշակոյթի վիճակը, գոնէ տեսականօրէն», այսինքն՝ կարելի է արդարացնել վիճակին յուսահատական չըլլալը, քանի որ, օրինակ, հզօր Ֆրանսայի հպարտութիւն մշակոյթն ալ «էթնիկական» մշակոյթ մըն է, որ իր կարգին ենթակայ է գերմշակոյթին. եւ քանի որ՝ հայ մշակոյթը սփիւռքեան հիւծած հայուն եւ գաղթականութեան արտադրածն է: Անշուշտ, Ֆրանսան «ունի հսկայ առաւելութիւններ» յարաբերաբար «Սփիւռք եղող հայ էթնիկ խմբաւորումներու(ն)»:

Եւ վերջապէս, հայ մտաւորականին, ինչպէս «լայնախոհ» հայ պարբերականներուն դերն է «նայիլ դուրս, ինչպէս նաեւ՝ ներս: Արձագանգել ազգային մշակոյթներու, բայց նաեւ գերմշակոյթին, միաժամանակ սեւեռելով հայ մշակոյթին վրայ, վերանայելով ու վերաքննելով մեր դասական մշակոյթը՝ արդի ակնոցով»: («Դասական»ով նկատի ունեցած է հայ մշակոյթի ոչ միայն անցեալի արտայայտութիւնները, այլեւ ժամանակակիցները, որոնք արձանացած են որպէս կարեւոր իրագործումներ հայ ինքնապատկերացման):

Յօդուածի նախորդ մասերը կարդալ նշուած յղումներով։

Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԲ.)

ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (ԺԳ․)

Comments are closed.