Խանասորի արշաւանքը

Մուշեղ Իշխան

Ասկէ ճիշդ 68 տարիներ առաջ, թրքական բռնատիրութեան ամէնէն խեղդող պայմաններուն տակ, նորածին Հայ Յեղափոխութիւնը մեր ժողովուրդի ընտրելագոյն զաւակներուն ձեռքով կը կազմակերպէր արդարութեան հոյակապ հարուած մը, որ ծանօթ է «Խանասորի արշաւանք» անունով: Այսօր, 68 տարիներու հեռաւորութենէն, երբ կը դիտենք այդ արշաւանքը եւ կը փորձենք դատումի ենթարկել զայն, չենք կրնար երկիւղած պաշտամունքով չխոնարհիլ խանասորեան սերունդին առջեւ, որուն ներկայացուցիչները կա՛մ անդարձ բաժնուած են մեզմէ, կա՛մ իրենց առասպելական անձին ալեհեր ստուերը կը պտտցնեն տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:

Զրահապատ մեքենաներուն եւ հիւլէական ռումբի մեր ժամանակաշրջանին մէջ, 300 անձնուէր հերոսներուն գրոհը` հեռաւոր աշխարհի մը մոռցուած մէկ դաշտին վրայ, յիշատակութեան արժանի ռազմական դրուագ մը նոյնիսկ չնկատուէր գուցէ: Բայց Խանասորը կը մնայ խորհրդանիշը մեր ռազմական ուժի վերածնունդին ու իբրեւ նոր Աւարայր մը` անմահ փառքով կը զարդարէ մեր արիւնոտ պատմութեան նորագոյն էջերը Սերունդները յուզումով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշեն «նուիրական այդ օրը», 1897 յուլիս 25, եւ երգը շրթունքէ շրթունք կը շարունակէ թրթռալ.

«Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը…»:

Խանասորի սերունդին խիզախ խոյանքը եւ փարկարար դերը ըմբռնելու համար պէտք է յիշել դարերու ստրկութեան մէջ բթացած հայ կամքը, մեր աշխարհի դժնդակ պայմանները, ուր գործեց ՀՅԴաշնակցութիւնը եւ խարխափող ու անդէմ բազմութիւններէն վերստեղծեց գիտակից, պատուախնդիր եւ ազատատենչ հայութիւն մը:

Հայկական յեղափոխութենէն առաջ հայը միայն գլուխ ծռել գիտէր թուրքին ու քիւրտին հարուածներուն առջեւ: Հայոց աշխարհը դարձած էր սուգի եւ արցունքի հովիտ, իսկ հայ մարդը` արհամարհելի ստրուկ, որ անընդունակ էր արութեան գործերու: Եկաւ հայ ֆետային եւ հրեղէն շունչով բոցավառեց թմրած հոգիները: Մեր սարերն ու ձորերը լեցուեցան վրիժառու գնդակներու որոտով: «Թունդ թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն»: Մահուան կայան նկատուող Խանասորի դաշտերը թշնամիի կարմիր արեամբ ներկուեցան ու այնուհետեւ դարձան սրբազան ուխտավայրը:

Հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն էր եօթնամեայ մեր մանուկ յեղափոխութեան համար Պանք Օթօմաններու եւ Խանասորներու վսեմ խոյանքը: 300 կտրիճներ ի մի հաւաքել, սպառազինել զանոնք անհուն զոհողութիւններով, գիւղացին ու մտաւորականը, բժիշկն ու ուսանողը, առեւտրականը եւ քահանան նոյն դրօշին ուխտով առաջնորդել դէպի մահ` կը նշանակէ ոչ միայն ճակատագրական հարուած տալ անպարտելի նկատուող դահիճներուն, այլ նաեւ` հիմնովին յեղաշրջել հայ մտայնութիւնը:

Այնուհետեւ ճամբան հարթուած էր դէպի ազատագրութեան աննահանջ դիւցազնամարտը: Մեր պատմութեան հսկաները գունդ առ գունդ հանդէս պիտի գային նոր կերպարանքներով ու պիտի ստեղծուէին Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Ճեպել Մուսայի հերոսամարտերը: Հայ ֆետայիին պիտի յաջորդէր հայ բանակը եւ Սարդարապատի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով պիտի կերտէր Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:

Ի՜նչ փոյթ, թէ այսօր կը գտնուին հայանուն այլասերածներ, որոնք Խանասորը կ՛անուանեն «աւանտիւրիա» եւ խանասորեան սերունդն ալ` հասարակ «մաուզերիստներ»: Պատմութիւնը տուած է իր անվերաքննելի վճիռը, ու սերունդներ պիտի գան հետզհետէ աւելի սրտագին յարգանքով փառաւորելու Խանասորը կերտողներու պայծառ յիշատակը:

Ազգ մը կենսունակ է եւ արժանի իր ինքնուրոյն դիմագիծով յարատեւելու, այնքան ատեն որ գիտէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելատիպ մեռելներու աւանդին եւ պատմութեան հարազատ ձայնին: Մանաւանդ` մերինին նման հալածական ժողովուրդ մը, որ Դատ ունի եւ անդուլ պայքար: Արդ, ներշնչումի ի՜նչ աւելի գեղեցիկ սկզբունքներ, քան այն, զոր Խանասորի հերոսները իրագործեցին 68 տարիներ առաջ, մեր կեանքի ամէնէն մռայլ շրջանին:

Փա՜ռք բոլոր անոնց, որոնք իրենց արիւնով փրկեցին հայուն պատիւը եւ դարձան ռահվիրաները ազատութեան:

Մ. ԻՇԽԱՆ
«Ազդակ», 25 Յուլիս 1965

Comments are closed.