«Խաղաղութեան դարաշրջան»ը՝ Արցախի հարցով վերջնական զիջումներու մեկնակէտն է. Խմբագրական
Ապրիլ 13-ին, Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստի իր ելոյթով, Նիկոլ Փաշինեան յստակօրէն յայտարարեց, որ կը նախապատրաստուի Արցախը Ատրպէյճանի ենթակայութեան յանձնել՝ ստորագրելով համաձայնագիր։
Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի դիւանագիտական տհասութեան ու քաղաքական սնանկութեան պատճառով այսօր լրջագոյն սպառնալիքի տակ կը դրուի Արցախի անվտանգութիւնը եւ Հայաստանի իքնիշանութիւնն ու ապագայ լինելութիւնը։
2018-ի Ապրիլէն մինչեւ 2022 թուականի Ապրիլ, թաւշեայ յեղափոխականներու նպատակակէտն էր ճանապարհ հարթել Արցախի վերջնական յանձնումին։ Նոյն այս խմբաւորումը, ժողովրդավարութեան գերարժեւորումը մեկնակէտ ունենալով, չորս տարուան ընթացքին քաղաքական պատրանախաբութեան թմբիրով վարակեց ժողովուրդի ստուար հատուածը։
1991-ին, սեպտեմբեր 2-ին Ստեփանակերի մէջ կայացած Լեռնային Ղարաբաղի մարզային և Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նիստին՝ ընդունուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիր»ը եւ կեանքի կոչուեցաւ հայկական երկրորդ պետութիւնը: Նոյն տարուան դեկտեմբեր 10-ին, Արցախի բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց ինքնիշխան ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը։ 31 տարի առաջ Արցախի հայութիւնը վճռեց իր պատմական բնօրրանին վրայ անկախ պետութիւն հիմնել ու իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքով ապրիլ իր հողին վրայ։
Ոչ ոք իրաւունք ունի կամայականօրէն խախտելու Արցախի անկախութեան հռչակագրի պայմանները եւ յատկապէ՛ս Նիկոլ Փաշինեանն ու իր վարչախումբը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունին որոշելու Արցախի եւ արցախահայութեան ճակատագիրը։
2020 թուականի պատերազմէն ետք, հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու Պաքուի վարքագիծն ու ձգտումները, եւ այդ նպատակով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ յարձակողապաշտ ռազմական գործողութիւնները երբեք չեն երաշխաւորեր Արցախի կարգավիճակի «նշաձողը իջեցնելու» այլընտրանքային հնարաւորութիւն։ Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի ենթակայութեան ներքոյ՝ վերջնականապէս կը հայաթափուի Արցախն ու կորստեան կը մատնուի հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանի արեւելեան դարպասը։
Ատրպէյճանական զինուած ուժերու հետեւողական սպառազինման գործընթացը, թուրք-ատրպէյճանական ռազմական համագործակցութիւնն ու Հայաստանի սահմանանները խախտելու փորձերը՝ կը վկայեն այն մասին, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան որեւէ մէկ հատուած, առ այսօր ենթակայ է բնաջնջման եւ հայրենազրկման սպառնալիքին։
Ապրիլ 14-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց յայտարարութիւն մը, որուն բովանդակութեան մէջ անընդունելի կը նկատուի Արցախի համար որևէ այլ կարգավիճակ, բացի ինքնորոշումէն։
«Իմ քայլ»ական վարչախումբի «Խաղաղութեան դարաշրջան»ը՝ նոր զիջումներու մեկնակէտն է, մեր պետականութեան ինքնիշխանութիւնը նսեմացնող անհեռատեսութեան եւ ինքնախաբէութեան կործանարար փորձութիւն է։ Խաղաղութեան գինը՝ անձնատուութիւնը չի կրնար ըլլալ, խաղաղութեան գինը՝ պատմական հայրենիքի մասնատումը չի կրնար ըլլալ։
Բեկումէն ետք յառնելու, պարտութիւնները կանխելու եւ նուաճումներ վերակերտելու պահն է, հայ ժողովուրդի լինելութեան երթը վերստին անբեկանելի դարձնելու ու անվկանդ վճռակամութեամբ համակուելու պահն է։ Ազգովին դիմադարձենք ու դէմ կանգնինք այս ճակատագրական փորձութեան։
«Հորիզոն»ի խմբագրական