Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Լորի Ապրաքեան
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարչական Խորհուրդը եւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը հանրութեան կը տեղեկացնեն թէ 30 տարիներէ ի վեր Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի մէջ որպէս հայերէնի դասատու եւ Օգոստոս 2008-էն իվեր որպէս փոխ-տնօրէնուհի պաշտօնավարող Տիկ. Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեան հանգստեան կոչուեցաւ դպրոցական այս տարեշրջանի սկիզբը: Վարչական Խորհուրդը եւ Հոգաբարձութիւնը Տիկին Աֆարեանին կը մաղթեն առողջութիւն եւ յաջողութիւն ապագայի բոլոր իր ծրագիրներուն։
18 Սեպտեմբեր 2017-ին Օրդ. Լորի Ապրաքեանը նշանակուեցաւ դպրոցիս փոխ-տնօրէնուհի՝ պատասխանատու նախակրթարանի: Օրդ. Ապրաքեան Դպրոցիս մէջ պաշտօնավարած է 2010 Օգոստոսէն ի վեր որպէս դաստիարակ Նախակրթարանի 5-րդ կարգին եւ Օգոստոս 2016 էն ի վեր որպէս առժամեայ փոխ-տնօրէնուհի: Օրդ. Ապրաքեան աւարտած է ՄքԿիլլ համալսարանի sciences de l’éducation ծրագիրը։ Ներկայիս, Մոնթրէալի համալսարանին մէջ՝ հետեւելով administration de l’éducation ճիւղին, ան կը շարունակէ իր մաքիստրոսական վկայականի ուսումը, որ պիտի աւարտէ Ապրիլ 2018-ին։ Յաջողութիւն կը մաղթենք Օրդ. Ապրաքեանին՝ իր նոր պատասխանատուութեան մէջ: