Լոնտոնի Հայաստանի Դեսպանատան դիմաց ազերի կռուազան ամբոխը կը յարձակի հայերու վրայ
Լոնտոնի Քենիկսթընի շրջանին մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց ատրպէյճանցի ցուցարար ամբոխը յարձակած է դեսպանատան մօտ հաւաքուած հայերուն վրայ։ Այս մասին Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Լոնտոնի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեանը։
Ան տեղեկացուցած է, որ ոստիկանութիւնը չէ կրցած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել եւ ատրպէյճանցիներուն ստիպուած եղած են դիմակայել հայ համայնքի ներկայացուցիչները։
Օրուան ընթացքին ատրպէյճանցի ցուցարարերը հաւաքուած են ՀՀ դեսպանատան առջեւ։ Սկիզբը ոստիկաններուն թիւը եղած է շատ փոքր, եւ ատրպէյճանցիները յարձակողական պահուածք դրսեւորած են հայերուն նկատմամբ, փորձած են ծեծկռտուք սադրել։ Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն պահանջով՝ ոստիկաններուն թիւը աւելցած է եւ կրցած են սանձել ատրպէյճանցի ամբոխը։
https://www.facebook.com/120633978044872/videos/286037102507968/?eid=ARDsdXCFvz2568pOvkn2VqA5VYJZQpa4saJzZSZR6QrCCEamaeJYg-G3Tkf-VJrRj80DNHR5-ab-lcg-