Լոյս տեսաւ Քազըմ Կիւնտողանի «Ալեւիաց(ու)ած հայեր» գիրքը
Վաւերագրական ֆիլմերու արտադրիչ եւ պրպտող Քազըմ Կիւնտողանի գրիչէն լոյս տեսաւ դաւանափոխ հայերու մասին նոր հատոր մը, թրքական «Այրընթը» հրատակչատան կողմէ։ Քազըմ Կիւնտողան անցեալին հրատարակած էր «Տէրսիմի կորսուած աղջիկները», «Քահանայի թոռները» խորագրով գիրքերը, որոնք կը պատմէին Տէրսիմի շրջանի 1938-ի ցեղասպանութեան ընթացին որբացած եւ թուրք ընտանիքներու յանձնուած երախաներու տարիներ ետք իրար հանդիպելու ոդիսականը։ Իսկ «Քահանայի թոռները» (Քեշիշին թորունլարը) Տէրսիմահայ ընտանիքի մը ցեղասպանութենէ ետք ցիրուցան եղած բեկորներու աքսորավայրէն վերադառնալով իրենց հայ ինքնութիւնը վերագտնելու պատմութիւնն էր։ Այս մասիէն կը հաղորդէ «Ակօս»ը։
«Ալեւիաց(ու)ած հայեր» գիրքի համար Քազըմ Կիւնտողան տեսակցած է աւելի քան 90 անձերու հետ, որոնցմէ 84-ի պատումները տեղ գտած են այս ուշագրաւ գրքին մէջ։ Անոնցմէ 72-ը ալեւիացուած հայեր են, իսկ 12-ը ուղղակի ալեւիներ, որոնք կը պատմեն իրենց ականատես եղած կրօնափոխութեան դրուագներն ու երեւոյթները։ Անցեալին Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի երբեմնի նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ Արամ արք. Աթէշեան իրենց ելոյթներով նշած էին թէ Տէրսիմի ալեւիները հայկական ծագում ունին, որոնք աւելի ուշ իւրացուցած են ալեւի կրօնքը։ Այս ելոյթները այդ ժամանակ որոշ հակազդեցութեան ալ տեղի տուած էին։
Գիրքի եզրափակիչ բաժնին մէջ, հեղինակը մանրամասն ուսումնասիրութեան կ՚ենթարկէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Տէրսիմի հայութեան բնակավայրերու եւ թուաքանակի հետ առնչուող հարցերը։