Լոյս Տեսաւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքը

Դամասկոսի մէջ լոյս տեսաւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ/ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբը» վերնագիրով գիրքը, որ բաղկացած է 135 էջերէ:

Արաբերէնով գիրքը հրատարակուած է «Աշ-Շարք» հրատարակչատան կողմէ, որուն տնօրէնը` դոկտ. Նեպիլ Թոհմէն գրած է գիրքի յառաջաբանը` վեր առնելով Արիսեանի գիտական, մտաւոր եւ քաղաքական գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Հեղինակը, հիմնուելով սուրիական պատմական ուսումնասիրական նիւթերու վրայ, գիրքը բաժնած է ինը գլուխներու` սկսելով «Տէր Զօրի մասին պատմական ակնարկ»-ով, ապա ընդհանուր պատմական տուեալներով հանդէս եկած է «Տէր Զօրի բնակիչները», «Տէր Զօրը օսմանեան կայսրութեան ժամանակ» եւ «Տէր Զօրի կարեւորութիւնը» գլուխներով, որոնց մէջ պատմական անդրադարձ կատարելով կը պարզուի շրջանին մէջ օսմանեան քաղաքականութիւնը եւ տիրող իրավիճակը` լուսարձակի տակ առնելով Տէր Զօր քաղաքի ռազմական եւ քաղաքական պայմանները:

Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, ապա գաղութի կազմութեան` ներառելով որոշ մանրամասնութիւններ եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին մասին, մանաւանդ եկեղեցի կառուցելու հանգամանքը եւ տեղական միջավայրին հետ առնչութիւնները:

«Տէր Զօրը հայկական աղբիւրներուն մէջ» գլուխին հիմք հանդիսացած են Բերիոյ թեմի արխիւային նիւթերն ու հայ պատմագիրներու ուսումնասիրութիւնները, որոնց օգտագործումով հեղինակը ուսումասիրած է Տէր Զօրի մէջ հայ գաղութի կեանքի հոլովոյթը:

Իսկ յաջորդ գլուխներով` «Հայերու ներկայութիւնը Տէր Զօրի մէջ ըստ սուրիական աղբիւրներուն», «Սուրիական մամուլը Տէր Զօրի հայերուն մասին» եւ «Տէր Զօրէն վկայութիւններ», ներկայացուած են հայերու տարագրութեան եւ ջարդերու պատմական իրադարձութիւնները ըստ սուրիացի պատմագիրներուն եւ օրին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ արձանագրուած վկայութիւններուն:

Արիսեան ուսումնասիրելով Տէր Զօրի մէջ հայերու պատմական ներկայութիւնը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին, որոշ հաստատումներ կ՛արձանագրէ գիրքի աւարտին եւ կը հաստատէ, որ Տէր Զօրը մաս կազմած է հայ յիշողութեան եւ մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, քանի որ եղած է հայերու տարագրութեան եւ կոտորածներու թատերաբեմ:

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ» գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայերու ներկայութիւնը Տէր Զօրի մէջ եւ գիտականօրէն կը լուսաբանէ ցեղասպանութեան ենթարկուելու փուլին Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան պատմութիւնը` Տէր Զօրի մէջ հայերու տարագրութիւնը վաւերագրելու ընդմէջէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.