Լոյս տեսաւ Մինաս Թէօլէօլեանի յիշատակին նուիրուած «Հորիզոն»-ի յաւելուածը

«Հորիզոն»-ի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ ազգային գործիչ, հրապարակագիր ու խմբագիր, գրող եւ գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի յիշատակին նուիրուած «Հորիզոն»-ի առցանց յաւելուածը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յաւելուածի ներածականն ու առցանց յղումը։

Ներբեռնել / Download


ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ

Քսաներորդ դարու հայ կեանքի ականաւոր, բացառիկ անհատականութիւններէն հանդիսացած է Մինաս Թէօլօլեան՝ ուսուցիչ ու տնօրէն, հրապարակագիր ու խմբագիր, գրող ու գրականագէտ, նաեւ ազգային գործիչը, որուն յիշատակը թարմացնելու կը ծառայէ «Հորիզոն»-ի սոյն բացառիկը։

Ան կը բովանդակէ ՝ «Հորիզոն»ի հինգ յաջորդական թիւերու «Գրական հորիզոն» բաժնի այն ատեն մեծադիր էջերուն 1982 սեպտեմբեր 13-էն հոկտեմբեր 11 լոյս տեսած «Պատասխանողն է Մինաս Թէօլէօլեան» վերնագրուած այս հարցազրոյցը ու անոր ընկերացող կենսագրական գիծերը։ Անոնք Մինաս Թէօլէօլեանի մանր ձեռագրով՝ 45 փոքր էջերու վրայ, գրաւոր ուղարկուած են ինծի։

Ընթերցողը չի կրնար չնկատել, թէ շուրջ չորս տասնամեակ ետք, որքան այժմէական կը հնչեն տակաւին այս արժանաւոր մտաւորականին մտքերը, որոնք խորաթափանց ակնարկով կը դառնան դէպի անցեալը, հմտօրէն կը վերլուծեն ներկան ու մարգարէական կարողութեամբ կը տեսնեն ապագան՝ այդ ըլլայ մեր ազգային-քաղաքական, մշակութային թէ լեզուական ոլորտներու մէջ։

Այս վերախմբագրուած տարբերակն է այդ առաջին հրապարակումին։ Չէ փոխուած իր կողմէ որդեգրուած «ամէն» եւ «ճիշդ» բառերու տարածուած ուղղագրութիւնը, այլապէս բաւական խմբագրում կատարուած է աւելի դիւրընթեռնելի դարձնելու համար ներկայ տարբերակը, իսկ կենսագրութեան աւարտին աւելցուած է Մ. Թէօլէօլեանի մահուան թուականը։ Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տիկ. Էլիզա Չաքմաքչեանին եւ բժ. Արմենակ Եղիայեանին՝ իրենց անսակարկ օժանդակութեան համար այս մարզին մէջ։

Վերջաւորութեան աւելցուցած եմ Մինաս Թէօլէօլեանի մահուան առթիւ գրած յօդուածս՝ «Ուսուցիչը»։

Թէօլէօլեանի յիշատակին յարգանքի տուրք մը ըլլալէն անդին սակայն, այս հրատարակութիւնը կ՚ուզէի որ հրաւէր մը ըլլար բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն իր վաստակը, հրաւէր մը՝ գոյացնելու անհրաժեշտ նիւթական կռուանները, որպէսզի հրատարակուին անոր անտիպ երեք ուսումնասիրութիւնները, որոնց կ՚անդրադարձուի յաջորդ էջերուն մէջ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ