Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 9-րդ Թիւը
1 սեպտեմբերէն համացանցի վրայ է ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 9-րդ թիւը: Պաշտօնաթերթի սեպտեմբերեան թիւը կ՛անդրադառնայ հիմնական երկու կարեւոր իրադարձութիւններու` Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան տարեդարձներուն: Հայկական երկու պետութիւններու անկախացման իրողութեան, անցած ճամբուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ է «Դրօշակ»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Անկախութեան ժամանակահատուածին դրսեւորուած եւ այսօր ալ մտահոգութեան տեղիք տուող ազգային կարեւորագոյն հիմնահարցերու կ՛անդրադառնայ նաեւ պաշտօնաթերթի առաջնորդողը:
Արցախեան նիւթը այսքանով չի սպառիր. պատմաբան Արմէն Ասրեանի «Ղարաբաղի խնդիրը 1918-1920 թուականներուն: Անգլիոյ դիրքորոշումը եւ մեր դասերը» ուսումնասիրութիւնը անդրադարձ է մեր պատմութեան ծանր, ողբերգական եւ իրադարձութիւններով յագեցած այն ժամանակահատուածին, երբ, հակառակ արցախահայութեան հերոսական ճիգերուն, գերտէրութիւններու հովանաւորութեամբ Արցախին պարտադրուեցաւ ազրպէյճանական գերութիւնը:
«Դրօշակ»-ի ուշադրութենէն չէ վրիպած անցեալ օգոստոսին Լիբանանը պատուհասած ծանր աղէտի նիւթը: Տեղի ունեցածը քաղաքական ակնոցով կը քննէ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
«Դրօշակ»-ը անդրադարձած է հայութեան մարմինի մէկ այլ հատուածի եւս` սուրիահայութեան կամ, աւելի ստոյգ, Քեսապին ու քեսապահայութեան առօրեային, որ իր վրայ դեռ կը կրէ երէկուան ապրած ծանր փորձութեան կնիքը:
Այսքանով չ՛աւարտիր նոր լոյս տեսած պաշտօնաթերթի հրապարակումներու ցանկը, ընթերցողը անոր մէջ կը գտնէ հետաքրքրութեան արժանի շարք մը այլ յօդուածներ:
Ներբեռնել համարը «Դրօշակ»-թիւ-9 2020