Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Երկրորդ Թիւը
- (0)

Արդէն ընթերցողին տրամադրութեան տակ է «Դրօշակ»-ի փետրուարեան թիւը: Բազմազան նիւթերու մէջ ընթերցողին ուշադրութիւնը կրնան գրաւել մասնաւորապէս «Դաշնակցական բեմ», «Գաղափարական» եւ «Պատմութեան լուսարձակ» խորագիրներուն տակ հրապարակուած յօդուածները:
Օրուան ներքաղաքական տագնապներուն, գործող իշխանութեան քաղաքական կործանարար գիծին անդրադարձը կարելի է կարդալ պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող» խորագիրին ներքոյ: Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը այս անգամ «Դրօշակ»-ին տրամադրած է մանրամասն վերլուծութիւն` վերջերս Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին վերաբերեալ:
Նոր թիւին մէջ տեղ գտած է պատմաբան Կարէն Խանլարեանի ծաւալուն վերլուծութիւնը` իբրեւ հիմնաւոր պատասխան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան նշանաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանին դէմ մամուլին մէջ տեղ գտած վարկաբեկիչ յօդուածին: Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն մէկուն դէմ ցայսօր չեն դադրիր պոլշեւիկաշունչ եւ ստայօդ ցեխարձակումները:
«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան շարունակած է յօդուածաշարը` նուիրուած արեւմտահայոց ազատագրական պայքարի շրջանին համշէնահայութեան հերոսական դիմադրութեան քիչ ուսումնասիրուած էջերուն:
Իր կարգին, պատմաբան Աւետիս Յարութիւնեան ներկայացուցած է ուսումնասիրութիւն` Վանի նահանգի հայութեան վիճակին մասին 1908 եւ 1909 թուականներուն: Բնականաբար տեղի ունեցած իրադարձութիւնները անմիջականօրէն շաղկապուած են երիտթրքական յեղափոխութեան ազդեցութեան հետ` Թուրքիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ, մասնաւորապէս` հայութեան կեանքին մէջ:
«Դրօշակ»-ի փետրուարեան թիւը կարելի է կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/02/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-2-2025-%D5%A9.pdf