Լոյս տեսաւ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նոր հատորը Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան մասին
- (0)

Փարիզաբնակ գրականագիտուհի Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նոր աշխատութիւնը՝ «Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան պատմութեան ուրուագծեր» խորագրով, վերջերս լոյս տեսած է՝ ներկայացնելով պոլսահայ գրականութեան կարեւոր փուլ մը։ Մոտ 350 էջերէ բաղկացեալ այս հատորը լոյս տեսած է ՄԱՐՄԱՐԱի տպարանէն եւ կը հանդիսանայ խորքային ուսումնասիրութիւն մը, որ կը քննէ նորարար բանաստեղծութեան ծնունդն ու զարգացումը՝ յատկապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ստեղծուած պայմաններուն մէջ։
Գիրքը կը բացայայտէ, թէ ինչպէս գրականութիւնը վերակազմաւորուած է խզումէ մը ետք՝ դառնալով նաեւ մշակութային դիմադրութեան արտայայտութիւն։ Հեղինակը կը ներկայացնէ նորարար շարժումի հիմնական յատկանիշները՝ պարզութիւն, պատկերային մտածողութիւն եւ ազատ ձեւի, զանոնք դիտելով որպէս ժամանակի պահանջէն ծնած գիտակցուած գեղագիտական ընտրութիւններ։
Աշխատութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Զահրատն ու Զարեհ Խրախունին՝ որպէս շարժումի առանցքային դէմքեր, իսկ միաժամանակ կը քննարկուին նաեւ այլ գրողներու ներդրումները, որոնց շարքին են Ռ. Հատտէճեան, Վարդ Շիկահեր, Օննիկ Իչըճեան, Կարպիս Ճանճիկեան եւ այլք, որոնց գործերով կը բացայայտուի շարժումին զարգացումն ու հասունացումը։ Գիրքը կը շեշտէ նաեւ լեզուական ճգնաժամի դերը, որ, ըստ հեղինակին, դարձած է ստեղծագործական խթան։
Ֆրանսերէն բաժնի ներառումը հատորին կու տայ նաեւ միջազգային ուղղուածութիւն՝ նպատակ ունենալով պոլսահայ գրականութիւնը հասանելի դարձնել աւելի լայն շրջանակներու։
Այս աշխատութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս կարեւոր ներդրում՝ ոչ միայն գրականագիտութեան, այլ նաեւ մշակութային յիշողութեան վերականգնման մէջ, եւ արժէքաւոր աղբիւր բոլոր անոնց համար, որոնք կը հետաքրքրուին պոլսահայ համայնքի պատմութեամբ ու գրական ժառանգութեամբ։