Լոյս տեսաւ «Դրօշակի» 2025 թուականի 10-րդ համարը

«Դրօշակի» 2025 թուականի 10-րդ համարը ներկայացուած է ընթերցողին։ Եթէ փորձենք բնորոշել նոր համարի նիւթերու թեմատիկ ընդհանրութիւնը, կարելի է ըսել, որ անիկա արձագանգ է այս օրերուն հասարակութիւնը յուզող ազգային-պետական բնոյթի շարք մը հարցերու։ Համարի «Առաջնորդող»-ը, օրինակ, անդրադարձ է գալիք համապետական ընտրութիւններու ոչ-պաշտօնական մեկնարկին, որ արդէն ընթացքի մէջ է։ Ըստ «Առաջնորդող»-ի քաղաքական նոր դասաւորութեան պայմաններուն մէջ ակնառու է ազգային ուժերու յաջողութեան հասնելու հաւանականութիւնը, եթէ անշուշտ անոնք չտարուին իրարու դէմ պայքարով եւ համախմբուին այս գործընթացի սահուն, օրինական ընթացքը ապահովելու կարեւոր հարցին շուրջ։

Քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեանի հեղինակած յօդուածի խորագիրն է «Երթեւակային պատերազմի նոր փուլը. «Թրամփի երթուղին» որպէս աշխարհաքաղաքական գործիք»։

Քաղաքագէտը մասնագիտական խորութեամբ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի մէջ առկայ եւ զարգացող հիմնական հաղորդակցական ուղիները, ըստ որոնց ակնառու կը դառնան ներգրաւուած ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերը։ Քննարկումի առանցքին մէջ է Հայաստանի հնարաւոր տեղն ու դերակատարութիւնը այս դաշտին մէջ՝ պայմանաւորուած ներքին եւ արտաքին գործօններով։

Պատմաբան Անի Մելքոնեան այս անգամ կ՛անդրադառնայ ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն հայ եկեղեցւոյ դէմ խորհրդային անաստուած համակարգի ձեռնարկած հալածանքներուն, որոնք ի վերջոյ ձախողութեան մատնուեցան եւ հայ եկեղեցին շարունակեց իր ազգանպաստ, աստուածաշնորհ առաքելութիւնը։ Բնականաբար զուգահեռ կը բերուի Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններու հակաեկեղեցական հակահոգեւոր արշաւին հետ։

«Դրօշակ»-ին առաջին անգամ թղթակցող երկու հեղինակներէն մէկն է Անժելա Յարութիւնեան։ Բանասէր եւ մանկավարժ հեղինակը կը գրէ․ «Այսօր հայ իրականութեան մէջ ամէն պահ կը բախիս նոյն հարցին, երբ կրթութիւնը կորսնցուցած է եւ կը կորսնցնէ իր հոգեւոր, բարոյական ու հասարակական արժէքը, խորութիւնը՝ ստեղծելով վտանգաւոր աշխարհայեացք եւ ընկալում նոր սերունդի համար»։ Ա․ Յարութիւնեան կը գրէ, որ այսօր Հայաստանի դպրոցին մէջ նոր կարգախօս յայտնուած է ․«Լա՛ւ սորվէ՛, որ լա՛ւ ապրիս»: Յօդուածագիրը կ’անդրադառնայ մեր կեանքի այս նոր «ճշմարտութեան» փաստելով, որ անիկա կ’արտացոլէ երկրի այսօրուան կառավարողներու մտածողութիւնը, զոր եւ անոնք կը փորձեն փաթթել ազգի վիզին, որպէս նոր վարդապետութիւն։

Պաշտօնաթերթի մշտական հեղինակ Վրէժ-Արմէն կը գրէ․ «Ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, թերեւս՝ ամէնէ՛ն հիմնականը, «ո՛չ» ըսելու, չհամաձայնելու, տարակարծիք ըլլալու իրաւունքը։ Այդ իրաւունքի բացակայութիւնը ակնառու եղած է պատմութեան սկիզբէն ի վեր՝ մենատիրական ու սակաւապետական երկիրներու մէջ, բռնատիրական կարգերու տակ։ Այսօր, սակայն, մենք ականատես կ՚ըլլանք այդ իրաւունքի ոտնակոխման այլուր, ցարդ «ժողովրդավար» ճանչցուած պետութիւններու մէջ, որոնց քաղաքացիներուն մենաշնորհն էր, կը կարծէինք, կարենալ «ոչ» ըսելը»։ «Դրօշակ»-ի հոկտեմբերեան համարին մէջ ընթերցողը կրնայ կարդալ նաեւ Արցախի հիմնահարցին նուիրուած Աբրահամ Գասպարեանի եւ Արմէն Սարգսեանի յօդուածը։

Պատմաբան Արմէն Մարուքեանի յօդուածը կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանական իշխանութիւնները քայլ-քայլ կը լուծարեն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը՝ միջազգային պայմանագիրի խախտումով զայն դարձնելով Ատրպէյճանի հանրապետութեան մաս։

Պաշտօնաթերթին մէջ տեղ գտած են հետաքրքրական այլ յօդուածներ եւս:

Կարելի է զայն կարդալ droshak.am հասցէին ներքեւ։