Լոյս տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» հատորը հայերէն թարգմանութեամբ
- (0)

Իտալերէնէ թարգմանուած Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, Սիս հրատարակչութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, Ազգային առաջնորդարանի, Նիւ Եորք, 2025, 104 էջ։ Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ տիկ. Անահիտ Գասարճեանի (Նիւ Ճըրզի)։
Իտալաբնակ, Փատովայի համալսարանի իտալական գրականութեան պատուակալ դասախօս Արսլան վիպակի ձեւով ներկայացուցած է ոդիսականը Առաքելոց վանքին մէջ պահուած Մշոյ ճառընտիրի (գրուած ու նկարազարդուած 1200-1202 թուականին, Բաբերդի Սեպուհ լեռան Աւագ վանքին մէջ), կամ սխրագործութիւնը երկու անանուն հայուհիներու՝ 28 քիլօ կշռող գիրքին կէսը 1915-ին Մուշէն Երեւան հասցնելու պատմութիւնը (միւս կէսը, թաղուած Կարնոյ հայկական վանքին մէջ, 1916-ին ռուս սպայ մը գտած ու տարած է Թիֆլիս)։ 1929-ին է, որ երկու կէսերը միացած են Ս. Էջմիածնայ մէջ, ապա փոխադրուած Մատենադարան, ուր կը հանդիսանայ մեր ամենէն մեծ ձեռագիրը։
Գիրքը նախապէս թարգմանուած է արեւելահայերէնի ու անգլերէնի, բայց, դիտել կու տայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, թէ պատմաբան, բանասէր ու առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Մատթէոսեան սիրով ստանձնած է թարգմանել այս գործը՝ «ի ճաշակումն մեր ընթերցասէր հասարակութեան՝ յատկապէս զայն տրամադրութեան տակ դնելով մեր հայ վարժարաններու աշակերտութեան, որպէսզի անոնց մէջ վերընձիւղուի հայուհիի դարաւոր մաքրամաքուր ջինջ ոգին։ Սա վիպակ չէ, այլ դիւցազնավիպակ»։
Հեղինակը «“Մշոյ գիրքը”-ի բազմաթիւ լեզուները» իր յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ. «Պատմութիւն մըն է, որ խորապէս սեփական կը զգամ, թէեւ հոն չի խօսուիր հայ ընտանիքիս ու անոր ճակատագրին, այլ թանկագին գիրքի մը փրկութեան մասին, որ դիմակայութեան հզօրագոյն խորհրդանիշ մըն է վտանգուած ու հալածուած ժողովուրդիս ոչնչացման դէմ»։
Յիշենք, որ բազմաթիւ այլ գիրքերու եւ հայերէնէ իտալերէնի թարգմանութիւններու շարքին, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իր ընտանիքի Մեծ եղեռնէն փրկութեան պատմութիւնը, որ դարձած է «Արտոյտներու ագարակը» վէպը՝ թարգմանուած 20 լեզուներու, ունեցած 46 հրատարակութիւններ ու շարժանկարի վերածուած (The Skylark Farm) յայտնի բեմադրիչներ Փաոլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանիի կողմէ։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ