Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի երկրորդ համարը

Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի երկրորդ համարը։ Պաշտօնաթերթի նոր համարը հարուստ է քաղաքական, պատմական, հասարակական եւ մշակութային բովանդակութեամբ։

Փետրուար ամիսը, որպէս հայութեան համազգային պայքարներու խորհրդանշական ժամանակաշրջան, այս անգամ եւս յատուկ շեշտադրում ունի։ Անի Մելքոնեան կը վերադառնայ 1921 թուականի Փետրուար 18-ի եւ 1988-ի արցախեան ըմբոստացումներուն՝ անոնց հերոսական պատգամը հակադրելով Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան։

Արցախեան ազատագրական շարժման 36-ամեակին առիթով, պատմաբան Տարօն Յակոբեան կը ներկայացնէ շարժման սկզբնաւորութիւնը եւ պայքարի ընթացքին Արցախի ազգային-պետական կառոյցներու ձեւաւորման ներքին գործընթացը։ Նոյնպէս, ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան մանրամասն ժամանակագրութեամբ կը վերլուծէ 1988 թուականի փետրուարին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ գործադրուած Սումկայիթի հայութեան ջարդերը։

Համարին մէջ տեղ գտած է նաեւ լրագրող Արմէն Վարդանեանի ուսումնասիրութիւնը՝ Երեւանի բնապահպանական մտահոգիչ կացութեան մասին, ուր կը մատնանշուի մայրաքաղաքին մէջ բնակչութեան առողջութեան սպառնացող վտանգները՝ իշխանութիւններու անտարբեր քաղաքականութեան հետեւանքով։

Գրական բաժինը կը ներկայացնէ երջանկայիշատակ Ալպերթ Մուշեղեանի խորազննին վերլուծութիւնը՝ նուիրուած Աւետիք Իսահակեանի 150-ամեակին եւ բանաստեղծի ընկերային ու պայքարի թեմաներով ստեղծագործութիւններուն։

«Դրօշակ»-ի 2026 թուականի երկրորդ համարը, իր բազմաբովանդակ եւ մտագրգիռ անդրադարձներով, կը հրաւիրէ ընթերցողը համակողմանի դիտարկման եւ խորքային ընթերցման։

Ներբեռնել – Download