ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՀՅԴ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԴՐՕՇԱԿ»ի 2022_Ի 8-ՐԴ ԹԻՒԸ
1382
0
«Դրօշակ»ի ընթերցողը համացանցի վրայ կրնայ գտնել պարբերականի 8-րդ թիւը։ ՀՅԴ պաշտօնաթերթի օգոստոսեան թիւի յօդուածները անդրադարձ են Հայաստանի ներքաղաքական հիմնահարցերուն, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական վերջին շրջանի կարեւոր գործընթացներուն։ Անկախութենէն վերջ Հայաստանի մէջ աւանդական քաղաքական կողմնորոշումներու փոփոխութեան, ազգային շահերէն նահանջի եւ թրքամէտ քաղաքական գիծի ներդրումի գործընթացներուն եւ այս երեւոյթին առնչուող հարցերուն կ’անդրադառնայ թիւի Առաջնորդողը։
Վարդան Յակոբեանի «Ֆրանսայի Հրապարակը Կլոպալիզմի Յորձանուտի Մէջ» յօդուածը կը քննէ ողջ աշխարհով յաղթարշաւը շարունակող համաշխարհայնացման յեղափոխութիւններու երեւոյթը, որոնք ոչ միայն արժէքներ ու բարոյական սկզբունքներ կը խորտակեն, այլեւ գերուժերու համար գործիք կը ծառայեն պետութիւններ ու հասարակութիւններ կործանելու, հակամարտութիւններ հրահրելու, ազդեցութեան դաշտերը վերահաստատելու եւ ընդլայնելու համար։ Այս ընդհանուր խորապատկերին վրայ հեղինակը կը դիտարկէ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ներկայիս տեղի ունեցող մտահոգիչ գործընթացները ինչպէս եւ կը ներկայացնէ վարկածներ հաւանական զարգացումներու մասին։
«Դրօշակ»ի հեղինակները կ’անդրադառնան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Իրանի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու «Աստանայի» ձեւաչափով հանդիպումին, ինչպէս եւ անոր հետեւած Սոչիի Փութին-Էրտողան բանակցութիւններուն։
Տարածաշրջանային հարցերու մասնագէտները կը լուսաբանեն այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած թնճուկները եւ կը փորձեն պարզաբանել բանակցութիւններու խորքային հարցերը։ Ուշագրաւ վերլուծութիւն կը ներկայացնէ իրանագէտ Նարէ Գէորգեան, որուն յօդուածի նիւթը արտացոլուած է նիւթի խորագիրին մէջ «Քրտական Գործոնը Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ»։
Արաբագէտ Սոնա Տոնիկեան Արաբական մամուլի հրապարակումներուն հիման վրայ կ’անդրադառնայ ԱՄՆ Նախագահ Ճօ Պայտընի Մերձաւոր Արեւելք կատարած այցելութեան եւ այցելութեան հետեւանքներուն։
«Ամերիկեան Հետազօտութիւններու Հայկական Կեդրոն»ը «Դրօշակ»ի ընթերցողին համար կը վերլուծէ սոյն թուականի աշնան ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունենալիք քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու նիւթը, կը ներկայացնէ քաղաքական ուժերու կարելիութիւնները, անոնց վրայ ներգործելու ունակ ներքին եւ արտաքին ազդակները։
Ընթերցողը «Դրօշակ»ի ամառնային վերջին թիւին մէջ կը գտնէ հետաքրքրող այլ նիւթեր եւս։
Դրօշակ»ի 2022_ի 8-րդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէի վրայ:
Ներբեռնել թիւը «Դրօշակ» թիւ 8, 2022