Լիբանան մօտէն կը հետեւի Վիգէն Էուլճէքճեանի ազատ արձակման հարցին․ Յակոբ Բագրատունի

Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած լիբանանահայ Վիգէն Էուլճէքճեանի շուտափոյթ ազատ արձակման հարցը կը շարունակէ մնալ լիբանանեան կողմի ուշադրութեան կեդրոնին։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունիի հետ հանդիպման ընթացքին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Յուսէֆ Ռաժժի յայտնած է, որ Էուլճէքճեանի հարցով անհրաժեշտ բոլոր քայլերը ձեռնարկուած են։

Նախարարը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, թէ կարեւոր է, որ հայկական կողմը եւս շարունակէ հետեւողականօրէն հետապնդել այս հարցը։