«լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղը» մրցոյթին քուէարկենք ի նպաստ Այնճարի

(Լուսանկարը Մայք Թաշճեանի)

Թարգմանաբար կը ներկայացնենք «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի պատրաստած Այնճարի մասին յօդուածը:

Լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղը. #1 Այնճար, երազելու համար խաղաղութեան եւ Օմայեատներու մասին….

Երկրորդ տարին ըլլալով` «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի ընթերցողները Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ պիտի քուէարկեն ի նպաստ «լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղի»-ն : Այս տարի 10 նոր գիւղեր առաջադրուած են: Իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի զեկոյցով եւ տեսերիզով մը, որոնք ձեզի պիտի օգնեն ընտրելու: Հայկական Այնճարը առաջինն է այս շարքին, որ պիտի երկարի 10 օր, եւ աւարտին քուէարկութիւնը պիտի սկսի մեր կայքէջին վրայ:

Թռչուններու դայլայլներուն ներքեւ, որոնք կը լսուին գիւղին բոլոր ծայրերը, բնութեան սիրահարները եւ պատմութեամբ հետաքրքրուողները կը հիւրընկալուին Այնճարի մէջ, որ արաբերէնով կը նշանակէ զօրաւոր ջուրի հոսքով աղբիւրը: Պեքայի սիրտը գտնուող խաղաղութեան այս իսկական ապաստարանը վերակառուցուած է Մուսա Տաղի (Ժապալ Մուսա, այսօր` Թուրքիոյ մէջ, ժամանակին` Սուրիոյ) հայ ընտանիքներուն կողմէ, որոնք 1939-ին փախած են թրքական բռնագրաւման վայրագութիւններէն: Այնճար հաւատարիմ մնացած է Մուսա Լերան 6 գիւղերու անուններուն եւ անոնց տարրերուն` Հաճի Հապիպլի, Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խըտըրպեք, Եողունոլուք եւ Պիթիաս:

Հողը մշակել` գոյատեւելու համար

«Պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդը` ֆրանսական կառավարութիւնը Լիբանանէն գնած էր հողեր, եւ ապա հողի պզտիկ շերտեր հաւասար ձեւով բաժնած էր բնակիչներուն` անկախ անոնց ընկերային կարգավիճակէն», կը պատմէ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան: Ընտանիքներուն գոյատեւումը ապահովելու համար, ֆրանսացիները 1945-ին կառուցեցին ոռոգման հնարամիտ համակարգ մը, որ գիւղին երկու աղբիւրները` Նապահ Այնճարը եւ Նապահ Շամսինը, կը կապէ 1200 հեկտար մշակելի հողերուն: Պահպանուած մինչեւ այսօր եւ վերջերս նորոգուած` Լիբանանի բնութեան պահպանման ընկերութեան շնորհիւ, ոռոգման համակարգը կը զմայլեցէ Այնճարի այցելողները, որոնք կրնան ատոնք յայտնաբերել հետիոտն արշաւի միջոցով, որ իրենց համար պատրաստուած է:

Եւ կը թուի, որ ոռոգման այս համակարգը հրաշքներ գործած է: «Կը տեսնէ՞ք այս կանաչ դաշտերը: Ասոնք գոյութիւն չունէին,  երբ մեր ընտանիքները հոս հաստատուեցան: Այնճարը անապատային հող մըն էր», կ՛ընդգծէ Պերճ Թիւմպերեան` բնութեան սիրահար մը, որ փոքր տարիքէն որոշած է իր կեանքը նուիրել իր գիւղի բնական ժառանգութեան պահպանման: Այնուհետեւ, դեղձ, տանձ, խնձոր, ելակ, ընկոյզ եւ պիստակներ կը ցանուին Այնճարի մէջ եւ այժմ հաճոյք կը պատճառեն այցելուներու քիմքին` գիւղի պաշտպանուած կանաչ տարածք իրենց այցելութեան ընթացքին:

Այնճարը այսօր

Այնճար այսօր կ՛ապրի գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան միջոցով, բայց կ՛ապաւինի նաեւ սփիւռքի նիւթական ներդրումներուն, որոնք կատարողները ամէն ամառ գիւղ կը վերադառնան: «Ձմրան մենք 2300 մշտական բնակիչներ ենք, բայց մեր թիւը 6200-ը կ՛անցնի ամրան», ըսաւ Վարդգէս Խօշեան: Ընտանիքներուն մեծ մասը գաղթած է Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա: Բայց անոնք տակաւին իրենց տուները կը պահեն: Իսկ վաճառել փափաքողները տուները միայն Այնճարի բնակիչներու տուած են : Այնճարցիները 75 առ հարիւր առաքելական, 15 առ հարիւր կաթողիկէ եւ 10 առ հարիւր աւետարանական են, չեն ուզեր բոլորովին «օտարներ»-ու հաստատումը տեսնել իրենց գիւղին մէջ», ըսին մեզի: «Մենք կը փափաքինք, որ Այնճարը մնայ բնակուած Ժապալ Մուսայի վերապրողներու ժառանգորդներով: Մենք իւրայատուկ համայնք մըն ենք, բայց` շատ համերաշխ: Նոյնիսկ Պէյրութի հայերը մեր լեզուն չեն կրնար հասկնալ», կը բացատրէ քաղաքապետարանի ոստիկան մը:

Այլ յատկանշական տեղեկութիւն մը. գիւղը երբեք չէ կազմակերպած քաղաքապետական ընտրութիւններ, բայց համաձայնութեամբ կը կատարէ նշանակումներ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ քաղաքապետի պաշտօններուն համար: Վարդգէս Խօշեան հպարտութեամբ կը յիշեցնէ, որ գիւղը ունի ելեկտրականութիւն օրական 24 ժամ եւ յաջորդ սեպտեմբերին կը մտածէ կազմակերպել իր առաջին փառատօնը: Այսքան յաջողութիւններ տարօրինակ են  քաղաքապետարանի մը համար: Բայց Անյճար գիւղին համար այսօրուան մեծ մարտահրաւէրը համոզելն է երիտասարդները , որպէսզի Պէյրութ չհաստատուին` փնտռելով արհեստավարժ աւելի փայլուն ապագայ մը, ինչպէս Պերճ Թիւմպերեանը` մնան Այնճար:

Բնութիւն, Պատմութիւն Եւ Համեղ Ուտելիքներ

Երբ Պերճ Թիւմպերեան չի մասնակցիր ծառեր տնկելու ծրագիրին (ընդհանուրը 85.000 ծառ` 2011-էն մինչեւ հիմա), ան իր ընկերներուն` Հրայր Քիւրտեանի եւ Խաժակ Սթամպուլեանի հետ կը հիւրընկալէ մանուկներու եւ երէցներու խումբեր` պահպանուած տարածքին մէջ, իտէալապէս` գարնան: «Մենք 4 եղանակները կ՛ապրինք Այնճարի մէջ: Ձմրան կը ձիւնէ, ամրան շատ տաք կ՛ընէ, բայց գարնան ամէն բան կանաչ է», կը կատակէ Վարդգէս Խօշեան: Հետիոտն պտոյտ, հեծանիւ, լեռնագնացութիւն եւ մակոյկով պտոյտ` կը գտնուին ծրագիրին վրայ: Օրկանական ելակ քաղելը նոյնպէս նախատեսուած է: Ըստ պահանջի, երիտասարդ ուղեցոյցները բուսական եւ կենդանական աշխարհին մասին դաստիարակչական աշխատանոցներ կը վարեն, բանակումներ կը կազմակերպեն եւ այցելուներուն կը սորվեցնեն ծառ տնկել: Համեղ ուտելիքներ սիրողները պէտք է Պերճը տեղեակ պահեն իրենց ժամանումէն 48 ժամ առաջ: Ան Այնճարի մեծ մայրերէն կը խնդրէ աւանդական կերակուրներ պատրաստել` թափթուփ, ճաճըխ, պլղուրապուր, պասթըրմա եւ պուրմա` իբրեւ անուշեղէն:

Այնճարի մէջ նոյնպէս կը գտնուին տասնեակ մը ճաշարաններ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը անկասկած «Արեւ»-ն է եւ անոր նշանաւոր «Պաթաթա պալոն»-ը: Բոլորը մասնագէտ են լիբանանեան խոհանոցին եւ շատ քիչ թիւով հայկական ճաշատեսակ կը հրամցնեն: Գիւղին մէջ կը գտնուին երկու պանդոկներ` «Լայալի շամս» եւ «Շալլալաթ»:

Այնճարը կը գտնուի Պէյրութէն միայն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ: Պէտք է նոյնպէս ժամանակ յատկացնել` այցելելու խորհրդանշական հնութիւնները, կամ` Այնճարի բերդը:

Արձանագրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ` Լիբանանի միակ հնագիտական «Օմայեատ» վայրը, երազողներուն կը պարգաւէ պզտիկ ճամբորդութիւն մը դէպի 8-րդ դար, Ուալիտ Ա.-ի պալատին անցքերուն մէջ: Յայտաբերուած 1948-ին, առաջին հայ ընտանիքներու տուներուն ներքեւ, Այնճար քաղաքը առեւտրական փոխանակումներու խաչմերուկ մըն էր` Պէյրութը Դամասկոսի միացնող եւ Հոմսը Պաղեստինին կապող ճամբաներու միացումին վրայ: Քաղաքը բաժնուած է 4 հաւասար մասերու` հռոմէական դարաշրջանէն ներշնչուած ճարտարապետութեամբ: Ժան Փամպուքեան եւ այլ հաւատարմագրուած ուղեցոյցներ, կրնան այցելուին ծանօթացնել խալիֆային սենեակին, համմամներու (բաղնիք) եւ ախոռներու: Ամէնէն բախտաւորները կրնան տեսնել սուրիական դեղձանիկ մը, կորստեան վտանգի ենթարկուած տեսակ մը` որ կը թառի վայրը շրջապատող ծառերուն վրայ:

Չփախցնել

. Այնճարի հնագիտական Օմայեատ վայրի պտոյտ – Ժան Փամպուքեան 70/980669

. Հետիոտն պտոյտ, հեծանիւ  եւ լեռնագնացութիւն` երէցներուն եւ փոքրերուն համար, Այնճարի Հիմային մէջ – Պերճ Թիւմպերեան 76/439344

. Այցելութիւն` գիւղի երեք եկեղեցիները (առաքելական, կաթոլիկ եւ աւետարանական):

. Ճաշ` շատ նշանաւոր «Արեւ» ճաշարանին մէջ – 08/620567

Տուեալներ

. Բնակիչներու թիւ – 2300` ձմրան, 6200` ամրան

. Քաղաքապետ` Վարդգէս Խօշեան

. Կարելիութիւն մնալու երկու պանդոկներէն մէկուն մէջ – «Լայալի շամս» կամ «Շալլալաթ»

. Ճաշարաններ` «Արեւ», «Շալլալաթ», «Նապաա Այնճար», «Այն Այնճար», «Ժազիրա», «Մունթաժա Շարք», «Ռազմիկ»

. Բարձրութիւն ծովու մակերեսէն` 900-950 մեթր

. Եղանակ. Ձմրան` շատ ցուրտ, ամրան` շատ տաք: Բարեխառն կլիմայ` տարուան մնացեալ օրերուն:

Խոհարարական Մասնագիտութիւնը`Հաղորդուած Քամալ Մուզաուաքի Կողմէ (Սուք Թայիպ)

Այն ուտելիքը, որ կրնայ կատարելապէս ցոյց տալ լիբանանեան բազմազանութիւնը «քըպպէ»-ն է: Հիւսիսի մէջ ատիկա կարծր կը շաղենք, կամ հոտաւէտ, կամ համեմուած եւ ներառած պարտէզի բոլոր բոյրերը` հարաւի մէջ: Եւ անշուշտ իր հայկական տարբերակը ունի Այնճարի մէջ, քանի որ Այնճարի հայերը իրենց ինքնութիւնը կը պահպանեն նոյնպէս  խոհանոցին միջոցով, որ բաւական տարբեր է ՊԷյրութի հայերու խոհանոցէն: Այնճար պատրաստուած «քըպպէ»-ն շատ մօտ է քըպպէ սաժիէի, գրեթէ հարթ սկաւառակ մը, ուռած կեդրոնը, խառնուած իւղով եւ կարագով, եփուած փուռը կամ փայտածուխի վրայ եւ լեցուած` աղացած միսով, պղպեղի ջուրով, լոլիկի մածուկով եւ աղացած սոխով: Կ՛աւելցնենք պղպեղին չափը` «մըհամմարա» պատրաստելով կողքին:

You Tube-ի վրայ կարելի է դիտել «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի պատրաստած տեսերիզը.

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կապ հաստատեցինք Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, որ մեզի տուաւ կարգ մը տեղեկութիւններ այս մրցումին մասին: Քաղաքապետը նշեց, որ Այնճար իրաւունք ստացաւ այս մրցումին մաս կազմելու որոշ զտումներէ ետք: Քաղաքապետը նշեց, որ սխալ չէ, եթէ Այնճարը ճանչցուի իբրեւ ամէնէն գեղեցիկ գիւղը, ընդհակառակը, ատիկա արդար կրնայ ըլլալ: Շահելու համար, քաղաքապետարանը մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի ապահովէ հայերուն, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ բնակող մուսալեռցիներուն քուէները:

28 յուլիսէն մինչեւ 18 օգոստոս կարելի պիտի ըլլայ քուէարկել Այնճարի օգտին, «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի կայքէջին վրայ: Արդիւնքը պիտի հրապարակուի 21 օգոստոսին:

Քուէարկեցէք այս էջին վրայ։

https://www.lorientlejour.com/village

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.