Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի ախոյեան կազմը

Ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի ախոյեան խումբի մարզիկներ:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, որ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը: Ան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան նուաճումը կը նուիրուի նախագահին: Խաչատուրեան նաեւ տեղեկացուց նախագահ Աունին, թէ այս տարուան աշնան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը պիտի հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու 19-րդ ախոյեանութեան մրցումները:

Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց, որ ինք կը հետեւէր Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի այս յաղթանակը:

Հանրապետութեան նախագահը յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին` իր ապագայ մրցումներուն: Ապա ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան եւ աղջկանց պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Սանտրա Նաժըմ նախագահին յանձնեցին բաժակը: Իսկ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան եւ վարչութենէն պասքեթպոլի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գասապեան նախագահին նուիրեցին խումբի «1» թուանշանը եւ նախագահ Աունի անունը կրող տարազ մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.