Լիբանանէն Դուրս Ապրող Հայրենակիցներուն Համար

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաշխարհը ամբողջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին եւ անշուշտ` լիբանանահայ համայնքի պարզած կացութեան: Լրատուամիջոցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հիմնական եւ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութեան կամ կապի ընթացքին հարցադրումը լիբանանահայութեան սպառնացող վտանգի եւ անոր տարողութեան մասին է:

Լիբանանահայ մամուլի եւ համայնքի պատասխանատուներու տեղեկագրութիւնները եւ յայտարարութիւնները նկատի ունենալով եւ ընդհանուր պատկեր մը փոխանցելու համար բոլորին, այսօրուան դրութեամբ կացութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա.- Պատերազմական յարձակումներու թիրախներու աշխարհագրական տարածքին մէջ չեն գտնուիր հայաշատ շրջանները, սակայն անոնց պատճառած ցնցումն ու արհաւիրքը վախի եւ սարսափի մթնոլորտով կլանած է ժողովուրդին կարեւոր մասը:

Բ.- Հիմնականօրէն Պուրճ Համուտի, Այնճարի, ինչպէս նաեւ հայաշատ այլ շրջաններու մէջ գաղթակայաններու եւ բնակարաններու մէջ ապաստանած են մեծ թիւով պատերազմական գօտիներէն խոյս տուած քաղաքացիները եւ անոնց օրէ օր բազմացող սնունդի, ընկերային եւ առողջապահական կարիքները լուրջ յանձնառութեան տակ կը դնեն համայնքը:

Գ.- Համայնքի կառոյցները կը գործեն բնականոն ժամանակացոյցով: Համայնքի միութենական եւ հաւաքական կեանքի այլ աշխատանքները կը շարունակուին մասնակի դրութեամբ` պատշաճելով ստեղծուած ծանր պայմաններուն: Դպրոցները` կրթական նախարարութեան որոշումով փակ կը մնան մինչեւ 4 նոյեմբեր, իսկ համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններու մէջ կարելի է դպրոցները բանալ, սակայն նախարարութիւնը կը թելադրէ, որ այդ մէկը կիրարկուի դպրոցին պատասխանատուութեամբ եւ ծնողներու կողմէ ստորագրուած համաձայնութեամբ: Առցանց դասաւանդումը կը կիրարկուի մասնակիօրէն: Այսօր արդէն հայկական վարժարանները ընթացք տուած են վերամուտին, եւ աշակերտութիւնը սկսած է յաճախել դպրոց:

Դ.- Վաճառատուները եւ գործարանները ցարդ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, սակայն շուկաներու ամայութիւնը ակներեւ է, եւ օրէ օր սկսած է ճնշիչ դառնալ տնտեսական տագնապը:

Ե.- Ճգնաժամի շարունակութիւնը անխուսափելիօրէն ընկերատնտեսական եւ առողջապահական մարտահրաւէրի դիմաց պիտի դնէ համայնքը, որ արդէն անցնող հինգ տարիներու իրերայաջորդ ցնցումներուն հետեւանքները տակաւին ամբողջութեամբ չէ թօթափած:

Զ.- Ներքին կայունութիւնը խախտող դէպքեր չեն արձանագրուած, եւ ներկայ աղէտը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու եւ գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու  պատրաստակամութիւնը  ակներեւ է բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական կողմերուն մօտ:

Է.- Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու Հայաստան տարհանման օրակարգը քննարկումի նիւթ չէ` հակառակ ընկերային ցանցերու եւ Լիբանանէն դուրս գործող մամուլին մէջ շրջագայող նման նախատեսութիւններու եւ տարաձայնութիւններու:

Ը.- Օդակայանը կը շարունակէ գործել, սակայն ան կը գտնուի պատերազմական գօտիի անմիջական մօտիկ տարածքին մէջ, եւ հոն հասնելու ճանապարհը այդքան ալ ապահով չէ: Առկայ է միջազգային հաւաստիացում, որ օդակայանը պիտի շարունակէ գործել: Նոյնն է պարագան Պէյրութ-Այնճար միջազգային ճանապարհին, որ յաճախ օդանաւային ռմբակոծումի թիրախ է:

Թ.- Լիբանանահայ համայնքի մէջ, այս բոլոր մտահոգութիւններով հանդերձ, խուճապի մթնոլորտ չկայ, սակայն դէպքերու անկանխատեսելիութիւնը անորոշութեան մատնած է բոլորը:

Ստեղծուած պատերազմական ճգնաժամին մէջ հայ համայնքին նախաձեռնութիւնները եւ աշխատանքները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա.- Արամ Ա. վեհափառը մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն, համայնքին պարզած դժնդակ կացութեան եւ դժուարութիւններուն: Վեհափառը այս իմաստով, ինչպէս մի՛շտ, այսօր նաեւ իր հայրական գուրգուրանքը կը ցուցաբերէ:

Բ.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատուկ կոչով թելադրած է օգնութեան ձեռք երկարել Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան:

Գ.- Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները բաց հանդիպումներու մէջ են, եւ ինչպէս անցեալին, այս փուլին եւս համայնքին միասնակամութիւնը ամուր պահելու, ժողովուրդի կարիքներուն անսալու համար պարտն ու պատշաճը կը տնօրինեն:

Դ.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, նաեւ իր ներկայացուցիչին ճամբով կատարած յայտարարութիւններով ու քաղաքական շփումներով, Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի վայրագութիւնները դատապարտելու կողքին, մնայուն կերպով կը շեշտադրէ միջհամայնքային միասնակամութեան եւ գաղթական դարձած լիբանանցի եղբայրներուն ու քոյրերուն կենսական կարիքներուն հաւաքական ճիգով հասնելու անհրաժեշտութիւնները:

Ե.- ՀՅԴ ակումբները եւ ժողովրդային կեդրոնները բաց են 24 ժամուան դրութեամբ եւ անմիջական ու մնայուն կապի մէջ են ժողովուրդին հետ:

Զ.- Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը կը շարունակէ իր ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ հերթական իր հանդիպումներով կը փորձէ համակարգել բարեսիրական միութիւններու ու հաստատութիւններու ծառայողական եւ օժանդակութեանց աշխատանքները:

Է.- Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը արդէն իսկ նախաձեռնած է հայաշատ շրջաններու մէջ գաղթականներուն սննդամթերք ապահովելու աշխատանքին:

Ը.- Գաղութին բարեսիրական հաստատութիւնները, յարանուանական կառոյցները եւ միութիւնները կրկնապատկած են իրենց ճիգերը, եւ համայնքին օրէ օր բազմացող կարիքներուն կողքին, կը փորձեն անսալ նաեւ գաղթականներու առողջապահական ու ընկերային անհրաժեշտ պէտքերուն:

Թ.- ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը կը շարունակէ իր ընկերային ու առողջապահական ծառայութիւնները եւ կ՛ընդունի հարաւային Լիբանանէն հայաշատ շրջաններ ապաստանած քաղաքացիները: ԼՕԽ-ը սննդամթերք ու բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ հայաշատ շրջաններու մէջ հաստատուած գաղթակայաններուն:

Ժ.- Հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ կը կազմակերպեն ու մասնակից կը դառնան կամաւորական ծառայողական աշխատանքներու:

ԺԱ.- Այնճարի կուսակցական մարմինը, իր ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու կողքին, գիւղին մէջ ապաստանած գաղթականներուն կը ցուցաբերէ յատուկ գուրգուրանք:

ԺԲ.- Արեւմտեան Պէյրութի Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» ճեմարանին եւ Այնճարի Հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ ապաստանած են մեծ թիւով գաղթականներ:

ԺԳ.- Հայկազեան համալսարանի ուսանողական խորհուրդը գաղթականներու տարրական կարիքներուն` սննդեղէնի, մաքրութեան, հագուստեղէնի ու կենցաղային իրերու հաւաքագրման աշխատանքին ձեռնարկած է:

Այս բոլորը անշուշտ կ՛իրականացուին համայնքին սահմանափակ կարելիութիւններով եւ, տագնապի շարունակութեան պարագային, բնականաբար աւելի ընդարձակ ու բազմաբնոյթ պարտաւորութիւններու տակ պիտի դրուին համայնքին պատասխանատու մարմինները: Այստեղ անշուշտ համահայկական զօրակցութիւնը պիտի դառնայ խիստ կենսական ու հրամայական առաջնահերթութիւն:

Comments are closed.