«Լիբանանահայ գիրքի պատմական ուղին եւ հրատարակչական հոլովոյթը» խորագրով կլոր-սեղան քննարկում Հայկազեան Համալասարանի մէջ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- 29 հոկտեմբեր 2026-ին՝ երեկոյեան ժամը 5-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքի պատմական ուղին եւ հրատարակչական հոլովոյթը» խորագրով կլոր սեղան-քննարկում մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայ հրատարակչական կեանքի պատմական զարգացումներուն, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի հեռանկարներուն։

Քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբագիր եւ մանկավարժ Կարօ Յովհաննէսեան, բանասէր, խմբագիր, կրթական մշակ եւ հեղինակ Պարոյր Աղպաշեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ «Շիրակ» հրատարակչատան սեփականատէր Վիգէն Հաննէսեան։ Զրոյցը վարեց Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան։

Առաջին հերթին բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի Տէրեան եւ Պարսումեան գրադարաններու վարչական պատասխանատու Արթիւր Շէնեան: Ան մասնաւորաբար ընդգծեց լիբանանահայութեան նշանակալի աւանդը հայ գիրքի տարածման եւ հրատարակչական ոլորտի զարգացման մէջ:      

Քննարկման առաջին բաժնով բանախօսները ներկայացուցին լիբանանահայ գիրքի պատմական ուղին, հրատարակչական գործունէութեան վերիվայրումներն ու ներկայ դժուարութիւնները: Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ վերջին հարիւրամեակին Լիբանանի մէջ հրատարակուած է շուրջ 6.500 հայերէն գիրք, ինչը կը վկայէ լիբանանահայ գաղութի կենսական դերակատարութեան մասին՝ հայ գիրքի հրատարակութեան ու տարածման մարզերուն մէջ։ Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կանգ չէ առած հրատարակչական գործունէութիւնը՝ նշելով, որ 1975-էն 1985 լոյս տեսած է աւելի քան 700 հայերէն գիրք: Սա կը փաստէ, թէ հակառակ պատերազմի ստեղծած անորոշութեան եւ խառնաշփոթին՝ լիբանանահայութիւնը յաջողած է կարճ միջոցի մէջ վերակազմակերպուիլ եւ շարունակել գիրքի հրատարակութեան իր առաքելութիւնը:

Սակայն այս հարուստ ժառանգութեան դիմաց այսօր հրատարակչական ոլորտը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Յակոբ Հաւաթեան մատնանշեց տպաքանակներու կտրուկ նուազումը՝ մանրամասնելով, որ երբեմնի 100, 200 կամ 500 օրինակով հրատարակութիւններու փոխարէն այսօր հրատարակիչները ստիպուած են սահմանափակուելու ընդամէնը հարիւր օրինակով։ Ան նաեւ շեշտեց գիրքերու տարածման եւ առաքման դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ խմբագրական որակի պահպանման համար հետզհետէ բարդացող պահանջները։ Ան նշեց, որ հրատարակչական աշխատանքը կը պահանջէ հսկայական ներդրում, սակայն մեկենասներու՝ գիրքի հրատարակութեան նիւթապէս սատարելու պատրաստակամութիւնը այսօր զգալիօրէն նուազած է։

Վիգէն Հաննէսեան, իր կարգին, ներկայացուց տպագրական արհեստագիտութեան զարգացումին ազդեցութիւնը հրատարակչական համակարգին վրայ։ Ան յիշեցուց, որ երբ ի յայտ եկան համակարգիչներն ու ելեկտրոնային գրաշարութիւնը, հեղինակները այլեւս դադրեցան հայկական տպարաններու դիմելէ։ Այս փոփոխութիւններուն, գաղութի նօսրացումին եւ Լիբանանի տնտեսական ու դրամատնային յաջորդական տագնապներուն հետեւանքով՝ հրատարակչական կառոյցներու գործունէութիւնը զգալիօրէն դժուարացաւ:

Կլոր սեղանի երկրորդ բաժնին մէջ քննարկուեցաւ հայ գիրքի հրատարակութեան

հիմնական մղիչ ուժը՝ մշակութայի՞ն յանձնառութիւն, թէ՞ ընթերցող հասարակութեան պահանջարկ։ Բանախօսներուն ընդհանուր դիտարկումը այն էր, որ եթէ անցեալին հրատարակչական գործունէութիւնը կը սնուցուէր թէ՛ ընթերցողի պահանջարկով եւ թէ՛ մշակութային առաքելութեամբ, ապա այսօր ան վերածուած է աւելի մշակութային յանձնառութեան եւ հայ գիրքի գոյութիւնը ապահովելու անհատական ու հաստատութենական ճիգի։ 

Այս ծիրէն ներս առանձնապէս շեշտուեցաւ հայ դպրոցի դերակատարութիւնը։ Կարօ Յովհաննէսեան եւ Պարոյր Աղպաշեան կարեւորեցին տեսլական ունեցող ղեկավարութեան դերը եւ մատնանշեցին, որ ընթերցասիրութեան ձեւաւորումը կը սկսի ընտանեկան միջավայրէն ու դպրոցէն։ Միւս կողմէ՝ Պարոյր Աղպաշեան մտահոգութիւն յայտնեց երիտասարդ սերունդին համար հետաքրքրական հրատարակութիւններ պատրաստելու դժուարութեան շուրջ՝ ընդգծելով, որ այսպիսի գաղափար մը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է բոլորովին այլ քաղաքականութիւն մը որդեգրել:

           Ամփոփելով քննարկումը՝ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան գնահատեց հնչած տեսակէտներուն ու ներկայացուած նիւթերուն բովանդակալից բնոյթը։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ քննարկուած նիւթերուն շուրջ կարելի է ձեռնարկել աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու եւ զանոնք հրատարակել «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի յառաջիկայ հատորին մէջ։