Լաւրով․ «3+3» ձեւաչափով Հարաւային Կովկասի ԱԳ նախարարներու երրորդ հանդիպումը կը նախապատրաստուի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ «3+3» ձեւաչափով Հարաւային Կովկասին վերաբերող արտաքին գործոց նախարարներու երրորդ հանդիպումը ներկայիս նախապատրաստական փուլին մէջ կը գտնուի։ Այս մասին ան ըսած է թրքական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

«Արդէն կայացած են նախարարական երկու հանդիպումներ, այժմ կը նախապատրաստուի երրորդը։ Մեր վրացի հարեւանները տակաւին ձեռնպահ կը մնան մասնակցութենէն, սակայն մենք մշտապէս կը շեշտենք, որ դուռը իրենց համար բաց է»,– ըսած է Լաւրով։

Լաւրով միաժամանակ ընդգծած է նախաձեռնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի գործուն աջակցութիւնը։ Անոր խօսքով՝ ձեւաչափը ունի մեծ նշանակութիւն, քանի որ բոլոր մասնակիցները Հարաւային Կովկասի հարեւան երկիրներ են, իսկ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը եղած են «3+3» հարթակի ստեղծման գլխաւոր նախաձեռնողները։

«3+3» ձեւաչափին մասնակից երկիրներն են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Ատրպէյճանը, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը։ Թէեւ Վրաստանն ալ կը նկատուի մասնակից, սակայն կը հրաժարի մասնակցիլ նման ձեւաչափով հանդիպումներու։