Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 25-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ «Նոր Ծաղիկ»ի աղօթասլաց երգերով

2018 տարին յոբելենական հանգրուան մը կը հանդիսանայ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ համար: Քսան եւ հինգ տարի առաջ էր որ հիմը դրուեցաւ այս եկեղեցւոյ՝ շրջանի հայութեան համար ըլլալով հաւատքի պարիսպ, հայապահպանութեան կռուան ու համակ օրհնութիւն: Այս ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոն Մոնթրէալի ու Լաւալի հայութեան համար եղաւ հոգեպարար ու արուեստաբոյր, երբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մանկապատանեկան «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբը հանդէս եկաւ զգլխիչ համերգով մը:
Համերգը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը եւ Աղազարեան ընտանիքի նախագահութիւնը՝ ի յիշատակ Սիրանոյշ Աղազարեանի: Երգչախումբի խմբավարն էր բազմավաստակ երաժիշտ ու մանկավարժ Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեանի: Արուեստասէր հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հոգաբարձութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ:

Բացման ու ողջոյնի խօսք արտասանեց Պրն. Մեսրոպ Պերեճիքեան, որ նաեւ անդրադարձաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 25-ամեայ երթին, կտրած ճանապարհին ու դերին:

Ապա, շուրջ չորս տասնեակ մանուկ-պատանիներ բարձրացան բեմ եւ իրենց րենական ձայնով դիւթեցին ներկաները:
Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասէ. առաջին մասով երգչախումբը ներկայացուց «Մանկական Պատարագ», որ հայ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ իւրայատուկ ու դրական եղաշրջում մըն էր, որուն խօսքի պատշաճեցումը կատարած է Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի երաժշտահան եւ ուսուչապետ Արեգ Լուսինեանի: Յայտագիրի երկրորդ մասով երգչախումբը ներկայացուց ազգագրական ու հայրենասիրական երգերու փունջ մը:

Աւարտին, Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Լաւալի Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը յուշանուէրներով պատուեցին Աղազարեան ընտանիքի ներկայացուցիչն ու երգչախումբի խմբավարն ու դաշնակահարը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ ուղղելու համար իր պատգամը: Ան ողջունելով ներկաները, նշեց որ այս հանդիսութիւնը գոհունակութեան ու հոգեկան ցնծութեան մէկէ աւելի առիթներ կը ստեղծէ, առաջին՝ ի տես «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի մանուկ-պատանիներուն, որոնք իրենց կատարումով ոգեւորեցին ներկաներն ու վերանորոգեցին բոլորի սիրտերն ու հոգիները: Իբրեւ ուրախութեան երկրորդ պատճառ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 25-ամեակի փաստին, որ տարիներ շարունակ եղաւ ու մնայ այն վայրը, ուր մեր հայրերուն շունչը, աղօթքն ու շարականը կը թափանցուին ամէն մէկ հաւատացեալի հոգիին մէջ, որպէս կենսատու աղբիւր հոգեւոր ու ազգային յոյզերու եւ տենչերու: Ան շեշտեց, որ այս յոբելենական հանգրուանը խորքին մէջ մարմնաւորումն է հաւաքական ճիգի, աշխատանքի ու նուիրումի։ Ան իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով եկեղեցւոյ հիմնադիրներն ու ծառայողները, բարերարներն ու զօրակցողները:

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.